«Արարատ Սարի Նման Մեր Թիկունքին Կանգնած Է ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւ՛նը». Աելիթա Միրաքեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» 2016թ. մրցոյթի ամփոփման արդիւնքներուն «Մայրենիի պաշտպան» անուանակարգին մէջ ՌԴ-ի Գրասնոտարի երկրամասի Նովոռոսիյսկ  քաղաքէն առաջին կարգի մրցանակի արժանացած մեր հայրենակցուհիի` հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցչուհի Աելիթա Միրաքեանի հետ «Հայերն այսօր»–ի համար ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, լսելով անոր  ոգեւորիչ  խօսքը Հայաստանի ու հայութեան, մեր չքնաղ մայրենիի մասին, չես կրնար  չհիանալ ու չհպարտանալ Հայրենիքէն դուրս` հայապահպանութեան նմանօրինակ նուիրեալներու ծաւալած գործունէութեամբ:

Տիկի՛ն Աելիթա, Ձեզի համար անակնկա՞լ  էր այս մրցանակը:

-Ես  կ’աշխատիմ Նովոռոսիյսկի «Լոյս» համայնքին մէջ` հայոց լեզու դասաւանդելով համայնքի երկու մէկօրեայ դպրոցներուն մէջ. կարելի է ըսել, որ ատոնք լրացուցիչ պարապմունքներ են` ռուսական դպրոցներուն մէջ: Այս մրցոյթին մասնակցած եմ անցեալ տարուան նոյեմբերի  վերջը, ուղարկած եմ իմ աշխատանքներս, եւ երկար ժամանակ լռութիւն կը տիրէր…սակայն անակնկալները յաջորդեցին իրար. մայիսին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուեցայ «Մայրենիի դեսպան» մետալով, պատուոգիր մըն ալ համայնքը շնորհեց զիս, այնուհետեւ իմ  ելեկտրոնային փոստով նամակ ստացայ, որմով  կը ծանուցէին, թէ  այս մրցոյթին   արժանացած եմ առաջին կարգի մրցանակի:

Ին՞չ զգացումներ ունեցաք …

-Բնականաբար, շատ ուրախացած էի, նաեւ շփոթած էի այդ անակնկալէն, յուզուած էի, նոյնիսկ արտասուած եմ, որովհետեւ իմ աշխատանքս գնահատած էր Հայրենիքս…42 տարուան մանկավարժ եմ եւ իմ աշխատանքային տարիներուն ընթացքին մշտապէս ձգտած եմ, որ գոհ ըլլան թէ՛ աշակերտները, թէ՛ ծնողները, որպէսզի հայեցի դաստիարակութիւնը  ամենաբարձր մակարդակի վրայ ըլլայ:

Դուք պարգեւատրուած էք նաեւ Ձեր համայնքին կողմէ. Ձեզի համար տարբերութիւն կա՞յ այնտեղ ստացած պարգեւատրման ու Հայաստանի մէջ ստացած մրցանակներուն միջեւ:

-Անշուշտ, երկու պարագային ալ հաճելի է, առաւել պարտաւորեցնող, սակայն տարբերութիւնը մեծ է, որովհետեւ ինչպէս Արարատ սարը կանգնած է մեր թիկունքին, այնպէս ալ Սփիւռքի նախարարութիւնը  կանգնած է մեր թիկունքին…այս փաստը մեզի ուժ, ոգեւորութիւն, եռանդ կը պարգեւէ:

Տիկի՛ն, Աելիթա, ինչպէ՞ս  յայտնուեցաք  Հայրենիքէն դուրս:

-Ես 25 տարի աշխատած եմ Վանաձորի թիւ 12-րդ դպրոցին մէջ, այնուհետեւ Նովոռոսիյսկի հայկական համայնքին հրաւէրով  մեկնած եմ այնտեղ եւ աշխատանքի անցած հայկական դպրոցին մէջ. արդէն 21 տարի է ` այնտեղ կ’ապրիմ ու կ’աշխատիմ:

Այսինքն` Ձեր գիտելիքներն ու վաստակը բաշխած էք  Հայաստանի եւ Նովոռոսիյսկի հայերուն միջեւ.  ո՞ւր կարեւոր կը համարէք Ձեր դերը, Ձեր ծաւալած գործունէութիւնը…

-Որպէս հայ մարդ, հայ ուսուցչուհի` ես կարօտով ու յուզմունքով կը յիշեմ, որ Հայաստանի մէջ չեմ. այս պահուն ալ արցունքներս, յուզմունքս հազիւ կը զսպեմ, իսկ աշխատանքի առումով կրնամ ըսել, որ Հայաստանի մէջ ինծի պէս ուսուցիչներ շատ կան, մինչդեռ օտար ափերու վրայ անհրաժեշտ է ունենալ նուիրեալ հայ ուսուցիչներ` պահելու մեր ոսկեղինիկ լեզուն, հայեցի դաստիարակութիւն ու կրթութիւն տալով  հայ երեխաներուն: Ես պարտաւո՛ր եմ ատիկա ընելու. դուրսը ապրող բոլոր հայերը պարտաւոր են ապրելու Հայրենիքով ու պահպանելու իրենց ազգային ինքնութիւնը:

Հրաժեշտ տալով նուիրեալ ուսուցչուհիին` կը հաւատամ, որ աշխարհի տարբեր ծագերու մէջ ապրող  հայ երեխաները հէ՛նց այսօրինակ  մանկավարժներու շնորհիւ պիտի խօսին ու  գրեն, պիտի կարդան հայոց լեզուով, չեն հեռանար իրենց արմատներէն:

Կարինէ Աւագեան

Scroll Up