Այն գաղափարները, որ կը ծնին համաժողովին` իրենց շարունակութիւնը կ’ունենան այլ հարթակներու վրայ. Համաժողովի մասնակից
“Ապագայ” խորագիրով Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու երկրորդ համաժողովի հիւր-խօսնակ Իոնա Հոբոսեանը Նիտերլանտէն է, կ’ապրի Հաագա քաղաքի արուարձաններէն մէկուն մէջ: Ան իր գործուն մասնակցութիւնը կը բերէ նիտերլանտահայութեան կեանքին մէջ: 2006 թուականին նախաձեռնած եւ Ուտրեխտ քաղաքի մէջ ստեղծած է “Գլաձոր” երիտասարդական միութիւնը, որ 100-է աւելի գործուն անդամներ ունի: Իոնան նաև Ոստայն համահայկական երիտասարդական կազմակերպութեան փոխնախագահն է:
“Նիտերլանտներու հայկական համայնքը շատ կազմակերպուած է եւ բաժնուած չէ ըստ տարածքներու, այլ կ’աշխատի տարբեր միութիւններու միջոցով: Օրինակ` կը գործէ Հայ ուսանողներու միութիւնը, երիտասարդ իրաւաբաններու միութիւնը, երիտասարդ մասնագէտներու միութիւնը, եւ անշուշտ, աւանդական հայկական միութիւնները:
Իմ երազանքս է, որ հայութիւնը միաւորուի, քանի որ միութիւնը հզօրութիւն եւ ուժ կու տայ եւ սերտ համագործակցութեան հնարաւորութիւն”,- “Հայերն այսօր”-ի հետ զրոյցում ըսաւ Իոնան:
Իոնան կ’աշխատի զբօսաշրջութեան ոլորտէն ներս, եւ կը փորձէ իր պիզնէսը նոյնպէս որեւէ կերպ ծառայեցնել Հայաստանին. “Վերջերս մեր կազմակերպութեան զանգերու կեդրոնը տեղափոխեցինք Հայաստան, քանի որ համոզուած էի, թէ Հայաստանի մէջ շատ բարձր մակարդակ ունեցող երիտասարդներ կրնանք ընդգրկել մեր աշխատանքի մէջ: Եւ, իրօք, ներկայիս մենք կը խթանենք ոչ միայն զբօսաշրջութեան զարգացումը Հայաստանի մէջ, այլեւ աշխատատեղեր ստեղծած ենք. 12 հոգի կ’աշխատին մեր գրասենեակէն ներս”:
Անդրադառնալով համաժողովին` Իոնան նշեց, որ շատ կը կարեւորէ նման հաւաքները, քանի որ ամէն ինչ կը սկսի ոգեշնչումէն. “Եթէ կ’որոշենք որեւէ նախագիծ իրականացնել եւ լաւ արդիւնք ունենալ, նախ պէտք է լայն կապեր հաստատենք: Իսկ այդ կապերը կը հաստատուին նման համաժողովներուն: Վստահ եմ, որ այս ֆորումէն շատ երիտասարդներ կը հեռանան ոգեշնչուած եւ անպայման եւ որոշ ծրագրեր կը յղանան: Եւ այն գաղափարները, որ կը ծնին այստեղ` իրենց շարունակութիւնը կ’ունենան այլ հարթակներուն: Կը հաւատամ, որ բոլոր լաւ ծրագիրները կեանքի կը կոչուին ոգեշնչման, նուիրումի եւ լաւ կապերու շնորհիւ”: