«Հալէ՛պ, Իմ Յուշ, Իմ Կարօտ, Իմ Թախիծ, Իմ Սէր, Դուն Պիտի՛ Ոտքի Կանգնիս». Հուրի Պերպերեան
Ինծի վաղուց արդէն չեն զարմացներ սուրիահայերու պատրաստած համադամ կերակուրները, իւրայատուկ ապրանքանիշի որակ ապահովող խմորեղէնը, համեմունքները, ձեռքի աշխատանքները, սակայն չեմ դադրիր հիանալ ու հպարտանալ շնորհալի հայորդիներու ու հայուհիներու` ըսես անձեռակերտ աշխատանքներով: Այս անգամ հիացմունքիս առարկան երիտասարդ հայուհիի մը` Հուրի Պերպերեանի պատրաստած աղջկական գունագեղ գլխազարդերը, գլխադիրներն էին, որոնց նայիլն անգամ ուրախութիւն կը պարգեւէ, ատոնք ըսես լոյսով ողողած էին Հուրիենց վարձակալած բնակարանը… Եւ այդ լոյսին մէջ լոյսի կտոր երեք հայուհիներ ինծի դիմաւորեցին, երեք հասակ, երեք սերունդ` զէյթունցիներու ժառանգ, հայակնիք դիմագիծերով, ալեհեր տատիկը` Ովսաննա մայրիկը (Կիրէճեան), Հուրիի մայրը` տիկին Տիրուհին եւ Հուրին: Մեր զրոյցը ծաւալեցաւ պատերազմի ճիրաններուն մէջ յայտնուած Հալէպի, Հայաստանի եւ Հուրիի գեղեցիկ աշխատանքներու շուրջ:
«Մէկուկէս տարի է, որ Հայաստանի մէջ ենք: Պատերազմի պատճառով մենք ձգեցինք մեր ծննդավայրը, մեր տունը, մեր աշխատանքը: Ես այնտեղ կ’աշխատէի Հայկազեան վարժարանին մէջ` որպէս դաստիարակ: Այնտեղ ալ կը զբաղէի ձեռքի աշխատանքով: Համակարգիչով կը կատարէի ձեւաւորումը, դպրոցի ձեռքի բոլոր աշխատանքները ես կը կատարէի: Զատիկի, Ամանորի, Մայրութեան եւ գեղեցկութեան եւ այլ տօներու առիթներով կը պատրաստէի կաղապարները, ստուարաթուղթերու, կտորի վրայ կը գծէի պատկերները, երեխաներն ալ կ’աշխատէին եւ տուն կը տանէին իրենց աշխատանքները: Մանկապարտէզի երեխաները արդէն, սկսած երեք տարեկանէն, կը սորվէին ձեռքի աշխատանք: Եկայ այստեղ եւ շարունակեցի իմ սիրած աշպատանքս: Այս ամէնուն ես ինքնաշխատութեամբ հասած եմ. մայրս ու տատիկս ինծի չեն սորվեցուցած, անոնք ալ շատ համեղ ուտելիք կը պատրաստեն: Մեր ծննդավայրին մէջ կանայք գրեթէ կարիք չունէին աշխատելու: Մեր էրիկ մարդերը կ’աշխատէին, եւ մէկ հոգիի աշխատանքը բաւարար էր` 5-6 հոգինոց ընտանիք պահելու համար: Տուն կար, աշխատանք, խաղաղ կեանք… Մենք չէինք մտածեր աշխատելու մասին, սակայն նոր սերունդը սկսած էր մտածել եւ աշխատատեղեր փնտրել, որոշ բնագաւառներու մէջ կը տեղաւորուէին, ինքնադրսեւորուելու համար: Պատերազմի պատճառով շարք մը ուսուցչուհիներ կրճատուեցան աշխատանքէն. մենք ունէինք չորս ազգային վարժարան, որոնք կեդրոնացուցին մէկ վարժարանի մէջ, եւ, բնականաբար, շատերը զրկուեցան աշխատանքէն: Ես ալ մտածեցի տարբեր ոճի գլխադիրներ պատրաստել եւ նախընտրեցի աշխատիլ փոքր տարիքի աղջիկներու համար:
Հայաստանի մէջ ես չէի կրնար այլ աշխատանք կատարել, քանի որ լեզուի հետ կապուած որոշ խնդիրներ կան: Այստեղ խօսակցականին մէջ շատ կը գործածեն ռուսերէն, բարբառային բառեր, որոնք ես չեմ հասկնար, նաեւ շատ արագ կը խօսին եւ չեմ հասցներ ըսածները ընկալել: Շատ տեղացիներ ալ մեր արեւմտահայերէնը չեն ընկալեր, ուստի ես զբաղեցայ գլխադիրներ պատրաստելով ու ատոնց վաճառքով, որ այդքան ալ արդիւնաւէտ չէ: Կը յանձնեմ խանութներուն, մասնակցած եմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած ցուցահանդէս-վաճառքին եւ այլ ցուցահանդէսներու: Պահանջարկ կայ, քիչ թէ շատ` կը վաճառուի, սակայն քաղաքը լաւ չճանչնալու եւ շրջապատ չունենալու խնդիրներու պատճառով գործը կը տուժէ: Այսինքն` ինծի ուղղորդող, աջակցող հարկաւոր է այս հարցին մէջ: Նոր կեանք, նոր միջավայր, նոր սովորոյթներ… Դիւրին չէ յարմարիլը: Այս պատերազմի պատճառով շատ բան կորսնցուցինք` հարազատ թաղամասեր, դպրոցներ, տուներ, ծանօթներ, հարազատներ, կորսնցուցինք մեր ապրած կեանքէն հատուած մը, մեր անհոգութիւնը, ուրախութիւնը… Լաւ է, որ Հայրենիք ունինք, մեզի հոգատարութեամբ ու ջերմութեամբ շրջապատած հայրենակիցներ… Երբ նոր եկած էինք, մեզի շատ օգնեցին թէ՛ սնունդով, թէ՛ հագուստով, թէ՛ տան վարձավճարներու հարցով: Հիմա ես կը յաճախեմ անգլերէնի դասընթացներու, ձեռքի աշխատանքով կը զբաղիմ, իսկ մայրս ու տատիկս տունը կ’ըլլան եւ կը հոգան կերակուր պատրաստելուն: Կ’ապրինք եւ ամէն օր երազներուս մէջ կը տեսնեմ Հալէպը, մեր տունը… Այնքա՜ն յիշողութիւններ կան: Երբ պատերազմը աւարտէ, եւ Հալէպը դառնայ նախկինը, ետ կ’երթանք, սակայն խելքս չի կտրեր, թէ այս պատերազմը, որ իմ կարծիքով նիւթի, գազի, նաւթի կռիւ է, շուտ կ’աւարտէ: Կը կարծեմ, որ երկրէն գացած սուրիահայերու մէկ երրորդը պատերազմի աւարտէն յետոյ ալ չեն վերադառնար Սուրիա: Դուք կը հարցնէք, թէ ինչ է Հայրենիքը ինծի համա՞ր… Հայրենիքի մասին մենք միշտ երազած ենք: Սուրիահայերը, յատկապէս` հալէպցիները, շատ հաւատքով ու հայրենասէր են, աւանդապաշտ: Մենք միշտ յաճախած ենք եկեղեցի, մասնակցած պատարագներու, ժամերգութիւններու, նշած եկեղեցական եւ հայկական աւանդական բոլոր տօները, այստեղ ալ ես կ’երթամ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի: Իմ ծծնդավայրիս մէջ աղանդներ ու աղանդաւորներ չկային. ցաւօք, այստեղ շատ տարածուած են ատոնք: Իմ երազիս մէջ Հայրենիքս մէկ հաւատք, մէկ` Հայ առաքելական եկեղեցի պէտք է ունենայ, թէեւ փոքր թիւով, սակայն` միասնական ժողովուրդ մը պիտի ըլլանք: Ես շատ յուզուած եմ ու տանջուած (ոչ միայն ես, այլեւ` Սուրիոյ բոլոր հայերը), երբ երկրաշարժ եղաւ Հայաստանի մէջ, երբ վտանգուած էին Արցախ-Հայաստան սահմանները: Ափսո՜ս, որ իմ երազներուս Հայրենքիը շատ երազային էր. այն գեղեցիկ է, ջերմ, սակայն դեռ շատ պէտք է հզօրանայ, որ բոլոր հայերը բարեկեցիկ ապրին ու չհեռանան Հայաստանէն: Կը սիրեմ Հայաստանը ու այնչափ կը կարօտնամ իմ ծննդավայրս Հալէպը. ծնած ու մեծցած եմ, կրթութիւն ստացած եմ այնտեղ: Հալէպի հայկական` այնչափ զարգացած ու աւանդապաշտ, հոգեւոր արժէքներով հարուստ գաղութի համար կ’աղօթենք ամէն օր (Հուրին կը յուզուի, անոր յուզումը նաեւ ինծի կը փոխանցուի: Պահ մը լռութիւն կը տիրէ: Աղջիկը կ’արտասուի եւ դժուարութեամբ կ’աւարտէ սրտառուչ խօսքը)` Հալէ՛պ, իմ յուշ, իմ կարօտ, իմ թախիծ, իմ սէր, դուն պիտի՛ ոտքի կանգնիս»:
Հուրի Պերպերեանի յուզիչ եւ ինքնաբուխ աղօթք-հաւատքով ալ կ’աւարտէ մեր զրոյցը, իսկ Ովսաննա մայրիկն ու տիկին Տիրուհին ըսես վերջին ու համոզիչ հաստատուն կնիքը կը դնեն Հուրիի յուզիչ խօսքերուն վերջաւորութեան` «Ամէն բան լա՛ւ կ’ըլլայ»:
Կարինէ Աւագեան