Փոքրիկ Հալէպ Երեւանի Մէջ

Սուրիոյ մէջ ծաւալած պատերազմական գործողութիւններու պատճառով մեր հայրենակիցներէն շատերը հեռացան իրենց ծննդավայրէն` հեռանալով հարազատ թաղամասերը, դպրոցները, եկեղեցիները, բնակարանները, կայքն ու աշխատատեղերը, սեփական խանութները, հարազատները, հարեւաններն ու ընկերները: Սուրիահայերու մէկ մասը հանգրուան փնտռեց օտար ափերու մէջ, իսկ մէկ ստուար մասը ապաստանեց երազներու երկիր Հայաստանի մէջ: Բնականաբար, դիւրին չէր ամէն ինչ նոր սկսիլ, աշխատանք ու բնակարան ունենալ, սակայն կեանքը պիտի շարունակուէր… եւ շարունակուեցաւ:

Հանրապետութեան հրապարակի մետրոպոլիտէնի նոյնանուն կայարանամերձ տարածքին սուրիահայերը հնարաւորութիւն ունեցան ստեղծելու փոքրիկ Հալէպ մը, ուր կողք կողքի կը գործեն սնունդի եւ կենցաղի առեւտրային խանութներ, վարսավիրանոց: Զիրենք քիչ մը կտրելով աշխատանքէն` զրուցեցի եւ լսեցի մեր հայրենակիցներու տպաւորութիւններու եւ խնդիրներու մասին:

Վահրամ Տէր-Օհանեան

 02

– Ես 11 ամիս առաջ եկած եմ Հայաստան: Եկած եմ ընտանիքով: Սուրիոյ մէջ ձգած ենք տուն, աշխատանք եւ ձեւով մը փախած: Երբ եկանք, մեր տունը Հալէպի մէջ դեռ վնասուած չէր, բայց կ’ըսեն, որ այժմ հրթիռներէն վնասուած է: Իմ ընկերներէս մէկը այնտեղ մահացաւ, միւս ընկերս ալ ծանր վիրաւոր է եւ կ’ըսեն, որ վիճակը այնքան ալ լաւ չէ: 4 ամիս է, որ աշխատանք ունիմ. բացած եմ Սպիտակի երկրաշարժի յիշատակի անունով “Սպիտակ” կոչուող սնունդի այս փոքրիկ կէտը: Լաւ է, որ կայ այս գործը, սակայն կը դժուարանամ վճարել տարածքի 60.000 դրամը, հարկայինի գումարը, 2 սառնարաններու համար 18.000-ը եւ ամէն ամիս` 2 սեղանի համար 30.000 դրամը: Եթէ այս վճարները չըլլային, ամէն ինչ լաւ կ’ըլլար: Կինս աշխատանք չունի, զաւակներս ալ ինծի կ’օգնեն այս գործի մէջ: Կ’ապրինք վարձու տան մէջ, ուր վարձավճարի հարցով մեզի կ’օգնէ Հայ առաքելական եկեղեցին: Ինչքան ալ դժուար ըլլայ, մենք մեր տան` Հայրենիքի մէջ ենք: Ի վերջոյ, եթէ սուրիական պատերազմն ալ չ’ըլլար, մեր տեղը, մեր տունը, մեր միակ ու վերջին հանգրուանը Հայաստանն է: Եթէ Սուրիոյ մէջ պատերազմը աւարտի ու խաղաղութիւն տիրէ, միեւնոյն է, մենք այլեւս չենք վերադառնար այնտեղ. ես կը նախընտրեմ ապրիլ Հայրենիքիս մէջ: Արդէն յարմարած ենք նոր միջավայրին, նոր ընկերներ ու բարեկամներ ունինք: Խանութիս յաճախորդները ինծի հարազատ դարձած են. տեղացիները շատ կը հաւնին մեր ուտեստները: Կ’ուզէի մէկ անգամ  Հալէպ երթալ, կարօտս առնել, նաեւ վաճառել մեր ունեցածը, վերադառնալ եւ Հայաստանի մէջ մի տուն գնել, սեփական տանիք տալ ընտանիքիս: Թո՛ղ Աստուած խաղաղութիւն տա թէ՛ Սուրիային, թէ՛ Հայաստանին. մէկը մեր ծննդավայրն է, միւսը` մեր Հայրենիքը:

Սարգիս Կիրազեան

03

-Երեք տարի է, պատերազմի պատճառով ամբողջ ընտանիքով հաստատուած ենք Հայաստանի մէջ: Ես արմատներով պատմական Ուրֆայէն գաղթածներու երիտասարդ ժառանգ եմ: Սուրիոյ մէջ հօրս հետ զբաղած էինք պապենական արհեստով` երկաթի մշակման գործով: Այժմ` շուրջ 9 ամիս, սուրիական համեմունքներու այս խանութը կ’աշխատցնենք, ծայրը ծայրին հազիւ կը հասցնենք: Շատերը մեր խանութի տեղը չեն գիտեր, որովհետեւ որեւէ ձեւով չի գովազդուիր այս տարածքը: Մենք շատ խնդրեցինք, որ թոյլ տան եւ օգնեն` մեթրոյի ետեւի հատուածին դէպի այս տարածք ուղղորդող գովազդային վահանակ տեղադրել, սակայն չեղաւ, իսկ մենք մեր անձնական միջոցներով չէինք կրնար իրագործել, քանի որ խօսքը գումարային մեծ թիւերու մասին էր: Տարածքի մօտաւորապէս 100.000 դրամը, հարկայինի գանձումը այնքան շատ է արդէն, որ գովազդային նման վահանակի համար հնարաւորութիւն չեղաւ, բայց անոր անհրաժեշտութիւնը շատ է` մեր տեղը իմանալու համար: Եթէ որոշ ժամանակ հարկային դաշտ գոնէ չմտնէինք, ոտքի կ’ելէինք, ընթացքի մէջ կ’ամրապնդուէինք: Առայժմ Սուրիայէն մեր բերած գումարով կ’ապրինք, որովհետեւ տարածքի եւ հարկայինի գումարը վճարելէ ետք առանձնապէս բան չի մնար: Հայաստանի մէջ մարդկային յարաբերութիւններու հարցով խնդիրներ չունինք. կը տեսնէ՞ք պատի վրայի շնորհակալագրերը` Էրեբունի-Երեւան տօնակատարութեան ժամանակ բացուած ցուցահանդէս-վաճառքի օրերուն Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանէն ստացած ենք: Լեզուի հարցով ալ դժուարութիւն չունեցանք. ուղղակի այստեղ շատ առարկաներ եւ թերմիններ ռուսերէն կ’ըսեն, անիկա  ալ կ’երեւի 70 տարուայ անկախ չըլլալու հետեւանքն է: Մենք ալ Սուրիոյ մէջ շատ բաներ արաբերէն կ’ըսէինք: Կը սպասենք եւ կը յուսանք, որ ամէն ինչ աւելի լաւ կ’ըլլայ թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ողջ աշխարհի մէջ: Հայերը բոլոր դարերուՆ, բոլոր ժամանակներուՆ շատ տանջուած են եւ արժանի են աւելի լաւ կեանքի:

Գէորգ Սուքիասեան

04

-Երեք տարի է, որ Հայաստան եկած ենք: Ընդամէնը մէկ ամիս է, որ բացած ենք այս վարսավիրանոցը: Ցաւօք, մեր տեղը քիչերը գիտեն. պէտք է գովազդել: Կ’ապրինք վարձով, մօտաւորապէս կը կարենանք բաւարարել մեր ընտանեկան կարիքները` բնակարանի վարձը, սնունդը, հագուստը եւ այլն: Հայրս ալ վարսավիրութեամբ զբաղած է: Մենք արմատներով Երզնկայէն ենք, ես հպարտ եմ արմատներովս: Այստեղ ես միայնակ չեմ աշխատիր. տարածքի եւ հարկայինի համար 130.000 դրամ կը վճարենք: Մարդկային յարաբերութիւններու մէջ դժուարութիւններ չունինք. ես շատ երիտասարդ եմ եւ Հայաստանի, Երեւանի հասակակիցներուս մէջ արդէն շատ նոր ընկերներ ունիմ, գոհ եմ: Հայաստանի չէի եկած եւ աւելի լաւ կը պատկերացնէի: Շատ կը սիրեմ Երեւանը: Կ’ակնկալեմ, որ շատ մօտ ապագային Հայրենիքս աւելի հզօր եւ ծաղկուն կ’ըլլայ. կարեւորը հաւատալն է:

Յաջորդիւ դեռ կային սուրիահայերու խանութներ, սրահներ, որոնց տէրերը այդ պահուն հոն չէին, սակայն այս փոքրիկ շրջայցն ալ բաւական էր` ծանօթանալու Երեւանի մէջ ծուարած այս բռաչափ Հալէպի մը գոյներուն ու բոյրերուն:

Կարինէ Աւագեան

Scroll Up