«Դպրոցական Տարիներէն Ի Վեր` Հայաստանն Ու Մասիսը Մեզի Համար Եղած Են Սրբութիւն…».Գէորգ Սերայտարեան
Սուրիոյ մէջ ծաւալած պատերազմական գործողութիւններուն հետեւանքով Հայաստանի մէջ մեր հայրենակիցներէն շատերը հանգրուանած են. անոնց մէկ մասը աշխատանք գտած է, համեմատաբար նոր եկածներուն մէկ մասն ալ դեռեւս փնտրտուքներու մէջ է: Անոնցմէ մէկուն` Գէորգ Սերայտարեանի հետ ալ ծաւալեցաւ իմ զրոյցս `«Հայերն այսօր»-ի համար :
« 2015-ի վերջերը եկած եմ Հայաստան: Ի հարկէ, դեռ մանկութեան տարիներէն միշտ երազած ենք Հայրենիքի մասին, մեր սրտին մէջ փայփայած օր մը զայն տեսնելու յոյսը: Դպրոցական տարիներէն ի վեր` Հայաստանն ու Մասիսը մեզի համար եղած են սրբութիւն, անհասանելի երազ…առաջին անգամ Հայաստան եղած եմ Խորհրդային տարիներուն: 2015-ին, երբ ոտք դրի Հայաստանի հողին, տեսայ Երեւանը, զարմացայ ու հիացայ. այսօրուան Երեւանը շատ փոխուած է, շատ գեղեցկացած: Ընտանիքով կ’ապրինք Երեւանի մէջ` կինս եւ վեցամեայ զաւակս, որ արդէն դպրոց կը յաճախէ: Կինս դիմայարդար է, դաջուածքի մասնագէտ, ես վարսավիր եմ, սակայն երկուքս ալ աշխատանք չունինք: Սկիզբը ես որոշ ժամանակ մը աշխատեցայ տարբեր վարսավիրանոցներու մէջ, սակայն եկամուտը քիչ էր եւ չէր կրնար բաւարարեր մեր տան վարձը, կենցաղային խնդիրները, եւ ես անիմաստ կերպով երթեւեկութեան, ընդմիջման գումար կը ծախսէի: Հիմա կը ցանկամ փոխել աշխատելաոճս` յաճախորդներուն ընդունիլ տունը, սակայն առ այժմ շարժում չկայ: Յուսամ, որ օր մը մեր դուռը կը բացուի: Այստեղ շատ նոր ընկերներ ձեռք բերած եմ, եւ այդ առումով խնդիր չունիմ. Սուրիայէն ալ այստեղ ապրող շատ ծանօթներ, ընկերներ ունիմ: Ես կը սիրեմ իմ Հայրենիքս, ի հարկէ` կարօտնալով ծննդավայրս, սակայն լիարժէք խաղաղութեան հաստատումէն ետք անգամ Սուրիա վերադառնալու ցանկութիւն չունիմ: Ըսեմ նաեւ, որ չեմ հաւատար, թէ այդ պատերազմը լիարժէք խաղաղութեամբ կ’աւարտի: Իմ ընտանիքիս, ինծի համար ամէնէն կարեւորն ապահովութեան մէջ ապրիլն է, որ կայ Հայաստանի մէջ: Ես չեմ ուզեր, որ իմ երեխաս ապրի պատերազմի սարսափներու մէջ ու տեսնէ աւերուած թաղամասեր, տուներ, մարդկային զոհեր. ինծի համար շատ ցաւալի է, որ Սուրիոյ մէջ այլեւս կանգուն չէ մեր տունը: Այսօր այդ տունը նաեւ Հայրենիքի մէջ ունենալու յոյսով կ’ապրինք. եթէ աշխատանք ու տանիք ունենայ մարդ, ամէն ինչ ալ կ’ըլլայ: Ես հայրենասէր եմ, շատ կը գնահատեմ, որ աշխարհի մէջ Հայաստան անունով հարազատ անկիւն ունինք, ամրոց մը, հայո՛ւ տուն»:
Զրուցեց Կարինէ Աւագեան