«Մեզ Պէտք Է Լիարժէք Խաղաղութիւն, Միասնականութիւն, Եւ Հրաշալի Ապագան Երաշխաւորուած Է». Կարօ Հալաճեան
Սուրիական պատերազմի պատճառով Սուրիայէն Հայաստան հաստատուած մեր հայրենակիցներուն ժամանակն է այլեւս չանուանել սուրիահայ, այլ պարզապէս հայ ըսել, քանզի տարիներ շարունակ ապրելով ու աշխատելով Հայրենիքի մէջ` անոնք այնքան արմատացած են ու հայաստանեան դարձած, որ երբեմն կը թուի, թէ բնիկ երեւանցիներ են` անգամ իրենց առօրեային մէջ գործածած բառերով ու արտայայտութիւններով: Մեր հայրենակիցներէն շատերը այսօր Երեւանի մէջ, շարք մը մարզերու ու Արցախի մէջ արդէն ճանչցուած անուններ են` իրենց առեւտրային ցանցերով, սրահներով, համեղ սնունդի կէտերով, զարդակիրառական արուեստի, ձեռագործութեան, արհեստագործութեան հոյակերտ աշխատանքներով, ինչպէս նաեւ` բժշկութեան, ոսկերչութեան, ճշգրիտ գիտութիւններու եւ այլ ոլորտներու մէջ:
«Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի համար պատրաստուող նիւթիս հերոսը տարիներ առաջ Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած Կարօ Հալաճեանն է, որ այսօր Երեւանի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն մէջ բացած է «Մոսինի» մարզահագուստեղէնի վաճառատունը եւ կը շարունակէ դեռեւս Սուրիոյ մէջ հիմնադրած բամբակէ պատրաստուող հագուստեղէնի արտադրութիւնն ու իրացման աշխատանքը:
«Ես այստեղ կը շարունակեմ իմ 35 տարուան աշխատանքս: Սուրիոյ մէջ ես գործարան ունէի, ուր 400-է 500 մարդ կ’աշխատէր: Մեր գործարանը ունէր իր ասեղնագործման, տպագրութեան, փաթեթաւորման, ձեւաւորման, կարի բաժինները: Տարուան կտրուածքով բաւականին շատ արտադրանք կու տայինք, 80%-ը կ’արտահանէինք հիմնականին մէջ դէպի արաբական երկիրներ , փոքր մաս մըն ալ` Եւրոպա, աւելի փոքր խմբաքանակով` Յունաստան:Կ’արտադրէինք մարզական եւ առօրէական, տօնական հագուստեղէն: Այս գործը ինքս հիմնադրած եմ: Սկզբնական շրջանին դուրսէն հագուստեղէն կը բերէի, սակայն յետագային, երբ Սուրիական օրէնքին համաձայն արգիլուեցաւ դուրսէն ներմուծել որեւէ ապրանք, եւ Սուրիան զարկ տուաւ տեղական արտադրութեան, ես ալ փոխեցի իմ աշխատելուս ձեւը: Սուրիան առատ է բամբակով, եւ այդ ոլորտը սկսաւ զարգանալ:Երբ դուրսէն ներմուծումը արգիլուեցաւ, տեղի ժողովուրդը, տեղական հումքի վրայ հիմնուելով, զարգացուց տեղական արտադրութիւնը, ընդլայնեց զայն: Տեղափոխուելով Հայաստան` ես ալ Երեւանի մէջ կը փորձեմ շարունակել իմ նախկին աշխատանքս` գործակցելով տեղական գործարանի մը հետ: Վարձով վերցուցած եմ «Գարուն» կարի արտադրական միաւորման տարածքէն հատուած մը, հագուստեղէնի վրայի տպագրական աշխատանքները կ’ընեն եւ կը ցանկամ կամաց-կամաց ընդլայնել իմ արտադրութիւնս: Մօտ 40 աշխատատեղ ստեղծուած է արտադրութեան մէջ. Առ այժմ այսքանը կրնամ ըսել: Փորձած ենք նաեւ կապեր ստեղծել ՌԴ մէջ հաստատուած սուրիահայերու հետ` անոնց միջոցով ու օգնութեամբ մեր արտադրանքը այնտեղ իրացնելու: Հագուստեղէնի հումքի հարցը աւելի հեշտ կը լուծուէր Սուրիոյ մէջ, իսկ այստեղի արտադրութեան համար հումք բերած եմ Չինաստանէն, հումքի որոշ քանակ ալ, մինչեւ Սուրիոյ մէջ իմ գործարանիս թալանուիլը, այնտեղէն բերած եմ, հիմա կը բերեմ Չինաստանէն: Սուրիոյ իմ գործարանի պահեստէն կրցած եմ փրկել քիչ մը կտորեղէն, իսկ հաստոցներն ու ամէն տեսակի սարքաւորումները, արտադրութեան եւ գործարանին անհրաժեշտ պարագաները թալանեցին: Ինչ կը վերաբերի Ձեր հարցին, թէ արդեօք յարմարա՞ծ ենք հայաստանեան, երեւանեան միջավայրին, ըսեմ որ ես մինչեւ սուրիական պատերազմի սկսիլը Հայաստանի հետ միշտ կապ ունեցած եմ: Յաճախակի կու գայի գործի բերումով: Դեռեւս 70-ականներու կէսերուն զինուորական հագուստեղէն կը մատակարէի Հայաստանին:
Ես աւարտած եմ Սուրիոյ համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժինը: Իմ ընտրած մասնագիտութիւնս աշխատանքիս մէջ շատ անհրաժեշտ եղաւ: Ընտանիքս ալ շատ լաւ յարմարած է. այստեղ հետս կ’ապրի տարէց մայրս, կինս` Լենա Հալաճեանը, «Սուրիահայերու խնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի նախագահն է, 4 տղայ ունինք` Մովսէսը, Սարոն, Ռաֆֆին, Շանթը, որոնք ուսանած են Միացեալ Նահանգներու մէջ: Երբ մեծ տղաս` Մովսէսը աւարտեց ուսումը, յորդորեցի, որ վերադառնայ Սուրիա եւ օգնէ ինծի արտադրամասի աշխատանքներուն, սակայն սկսաւ սուրիական պատերազմը, եւ բոլորս եկանք Հայրենիք: Հիմա մեծ տղաս` Մովսէսը այստեղ է. վաճառատունը անոր անունով կոչած եմ` քիչ մը ձեւափոխելով`«Մոսինի»: Կ’աշխատինք ու կ’ապրինք, գոհ ենք. կարեւորը, որ անվտանգութեան մէջ ենք: Մեծ ցանկութիւն ունիմ մեր հայրենական արտադրանքը շատցնել. յաճախորդները մեր ապրանքը բարձր կը գնահատեն, շատ կը հաւնին որակը, նիւթը, ձեւաւորումը: Ապրանքատեսակին վրայ կը գրենք, որ այն պատրաստուած է Հայաստանի մէջ: Ուրախ եմ, որ հաստատուած եմ Հայրենիքի մէջ. անգամ պատերազմի աւարտը մեզի չի ստիպեր վերադառնալ Սուրիա, ուղղակի մենք կը համագործակցինք, կապի մէջ կ’ըլլանք, յաճախակի կ’այցելենք` անձնական եւ գործնական առիթներով. ի վերջոյ, այն մեր շատերու ծննդավայրն է, մեր կեանքի պատմութեան մէկ մասը: Հայաստան ինծի համար անբացատրելի ուժ է, հզօրութիւն: Այստեղի միրգերու համը ուրիշ է. Սուրիոյ մէջ ալ կար խորոված, սակայն այստեղի խորովածի համն ու բոյրը անգամ ուրիշ է:
Մեծ ցանկութիւն ունիմ համագործակցելու նաեւ այլ երկիրներու հետ, որովհետեւ մեր արտադրանքի որակը չի զիջեր որեւէ երկրի նմանօրինակ արտադրանքին: Կը կարծեմ` այնքան ալ հեռու չէ մեր ապագայ ծրագիրներու իրագործումը, որոնցմէ մէկն ալ Արցախի մէջ մասնաճիւղ բանալու գաղափարը կեանքի կոչելը կ’ըլլայ:
Մեզ պէտք է լիարժէք խաղաղութիւն, միասնականութիւն, տաղանդաւոր մարդոց , մասնագէտներու համախմբում, եւ հրաշալի ապագան երաշխաւորուած է»:
Ահա հայ մարդու մը` գործարար Կարօ Հալաճեանի կեանքի պատմութիւնը` Հայրենիքէն դուրս եւ Հայրենիքի մէջ , ուր այդ կեանքի պատմութիւնը կը շարունակուի` ի նպաստ հայրենի երկրի տնտեսութեան զարգացման եւ սեփական հողին վրայ հիմնած տան բարօրութեան:
Կարինէ Աւագեան