Աւարտեց Նունէ Եսայեանի Համերգային Շրջագայութիւնը
Նոյեմբեր 19-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Համազգային» հայ կրթական ու մշակութային միութեան աջակցութեամբ համերգներով հանդէս եկած ՀՀ վաստակաւոր արուեստագիտուհի Նունէ Եսայեան:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ հանդիպման ընթացքին երգչուհին տեղեկացուց, որ համերգները, որոնք կ’ընթանային «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» կարգախօսի ներքոյ` անցան յաջողութեամբ եւ ամենուրէք արժանացան ջերմ ընդունելութեան: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան, «Համազգայինին» եւ ՀՀ դեսպանութիւններուն` համերգներու պատշաճ իրականացման աջակցելնուն համար:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց Նունէ Եսայեանը յաջողութիւններուն համար` նշելով, որ նման ձեռնարկներ կ’ոգեւորեն սփիւռքահայութիւնը եւ անոնց մօտ կ’ամրապնդեն հայութեան ապագայի ու կենսունակութեան հանդէպ լաւատեսութիւնը: