Հրանոյշ Յակոբեան.«Ուսանողական-Երիտասարդական Ջոկատները Աշխատանքի Հրաշալի Դարբնոցներ Են»
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/11/Stepan-Stepanyan.jpg)
Նոյեմբեր 19-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Հայաստանի ուսանողական ջոկատներու հանրապետական գրասենեակի կամաւորական աշխատանքներու ծառայութիւն» հասարակական կազմակերպութեան վարչութեան նախագահ Ստեփան Ստեփանեանը:
Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան ուսանողական շինարարական ջոկատներու գործունէութեան մէջ սփիւռքի երիտասարդութեան ներգրաւելու հնարաւորութիւնները:
«Ուսանողական-երիտասարդական ջոկատները աշխատանքի հրաշալի դարբնոցներ են, իսկ համատեղ աշխատանքը միաւորում, բարեկամացնում եւ բարիացնում է երիտասարդութեանը: Այսօր, հայ երիտասարդը նոյնպէս պէտք է որոշակի ներդրում ունենայ հայրենիքի զարգացման գործում:Այս իմաստով Հայաստանի եւ Սփիւռքի երիտասարդութեանը միաւորելը շատ արդիւնաւէտ կարող է լինել», – ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան:
Ստեփան Ստեփանեան ոգեւորիչ համարեց առաջարկը` նշելով, որ ինք թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ՛ Սփիւռքի երիտասարդութեան հետ աշխատելու երկարամեայ փորձ ունի եւ պատրաստ է համագործակցիլ այս ասպարէզին մէջ: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարին` վերջերս իրեն նախարարութեան «Պօղոս Նուբար» մետալով պարգեւատրելուն համար, որ մեծապէս կը պարտաւորեցնէ ընելու աւելին: