ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Հալէպի Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան Ներկայացուցիչները

Նոյեմբեր 18-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հալէպի «Մարտիրոս Սարեան» ակադեմիոյ ղեկավար, նկարիչ Հրազդան Թոքմաճեանը եւ Հալէպի Կրթասիրաց մշակութային միութեան ներկայացուցիչներ Ալեքսան Գարատանեանը, Նորա Փիլաւճեանը, Թամար Օհանեանը:

Հիւրերը իրենց շնորհակալական գիրը յանձնեցին Հրանոյշ Յակոբեանին, որմով Հալէպի Կրթասիրաց մշակութային միութեան եւ Կրթասիրաց Ս. Չեմպերճեան երկրորդական վարժարանի անդամներու անունէն իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնէին աշխարհասփիւռ այնթապցիներու տարիներու երազանքը` Հրազդան Թոքմաճեանի կազմած «Այնթապի ասեղնագործութիւն» ալպոմ-ուսումնասիրութեան հրատարակումը իրականութիւն դարձնելու համար: «Ձեր հովանաւորութեամբ եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի օժանդակութեամբ լոյս տեսած «Այնթապի Ասեղնագործութիւն» գիրքը կարեւոր քայլ է ի խնդիր հայ մշակոյթի պահպանման սուրբ գործին. ան անմահացուց Այնթապցի հայ կնոջ տարիներու ընթացքին ստեղծած արուեստն ու մշակոյթը….» ըսուած է նամակին մէջ:

 Իր հերթին նախարարը խորին շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն եւ ի դէմս անոնց` բոլոր սուրիահայերուն այն մեծ հայրենասիրութեան ու նուիրումին համար, որ ունին անոնք հայ ժողովուրդի ստեղծած պատմամշակութային արժէքներու պահպանման հանդէպ, եւ, որ   անգամ Սուրիոյ  մէջ տեղի ունեցող ողբերգական դէպքերը ի զօրու չեն անոնց շեղելու այդ սուրբ գործէն:

Այնուհետեւ, զրոյցը ընթացաւ Հալէպի եւ հալէպահայութեան վիճակին շուրջ: Ալեքսան Գարատանեան, որ Չեմպերճեան երկրորդական վարժարանի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ է, նախարարին տեղեկացուց, որ չնայած վերջին օրերուն Հալէպի մէջ դարձեալ ելեկտրականութիւն եւ ջուր չկայ, սակայն վարժարանին մէջ դասերը չեն դադրեցուած: Ըստ անոր, վարժարան ներկայիս կը յաճախէ 420 աշակերտ, ջանքեր կը գործադրուին շարունակելու համայնքային կեանքը:

Քննարկուեցան նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող ձեռնարկներուն  սուրիահայութեան մասնակցութեան, նոր ուսումնասիրութիւններու հրատարակման եւ սուրիահայութեան առնչուող այլ հարցեր:

Հանդիպման կը մասնակցէր նաեւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Լենա Հալաճեան:

Siria-1 Siria-2

Scroll Up