ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Ֆրանսայի Էքս Ան Փրովընսի Քաղաքագիտութեան Համալսարանի Ղեկավարի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

Յուլիս 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ֆրանսայի Էքս Ան Փրովընսի Սայնս Փօ Էքս (Science Po Aix) համալսարանի ղեկավար Քրիստիան Տիւուալին, Արտաքին կապերու բաժանմունքի պետ Ստեֆան Պուտրանտին եւ Հայաստանի հետ կապի պատասխանտու Ժիլպեր Տէրտէրեանին:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ աջակցութեամբ ՀՀ պետական կառավարման ակադեմիայի հետ կը ստորագրուի ակադեմիայի հիմքի վրայ Ֆրանսայի Սայնս Փօ համալսարանի մասնաճիւղի բացման վերաբերեալ համաձայնագիր, որու մասին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան օժանդակութեամբ 2012թ յունիսին ստորագրած են նախնական համագործակցութեան յուշագիր:

Ողջունելով պատուիրակութեան անդամներուն` Հրանոյշ Յակոբեան առաջարկեց ակադեմիայի գիտական հետազօտութիւններ կազմակերպել նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ միջազգային իրաւական փաստաթուղթերու ուսումնասիրման ուղղութեամբ: Նախարարը կարեւոր համարեց նաեւ Ֆրանսայի մէջ հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրումը եւ վերոնշեալ թեմաներով աշխատութիւններու հրատարակումը:

Սայնս Փօ համալսարանի ղեկավար Քրիստիան Տիւուալը իր հերթին կարեւոր նկատեց ՀՀ ՊԿԱ-ի մէջ Սայնս Փօ համալսարանի մասնաճիւղի բացումը եւ նշեց, որ Ֆրանսայի Սենատի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հեղինակ Վալերի Պուայէն եւս Սայնս Փօ համալսարանի շրջանաւարտ է:

Համագործակցութեան արդիւնքով կը նախատեսուի կազմակերպել համատեղ ուսումնական ծրագիրներ, իրականացնել հետազօտական աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ ուսանողներու եւ դասախօսներու փոխանակման ծրագիրներ:

Սայնս Փոյի մասնաճիւղի շրջանաւարտներուն պիտի տրուին ֆրանսական նմուշի տիպլոմներ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան  եւ Մարսէլի 13 եւ 14 թաղերու  թաղապետ  Կարօ  Յովսէփեանի օժանդակութեամբ յունիս ամիսէն  ՀՀ պետական կառավարման ակադեմիայի  երկու ուսանող իրենց ուսումնական փորձառութիւնը իրականացուցած են նշուած թաղապետարանին մէջ, ուր անոնք հնարաւորութիւն   ունեցած են ուսումնասիրելու տեղական կառավարման փորձը, ինչպէս նաեւ ծանօթանալու կառավարման ֆրանսական օրինակին:

Նշենք, որ Սայնս Փօ համալսարանի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահն է Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի տնօրէն Քրիստին Լակարտը:

Scroll Up