«Կ’ուզեմ, Որ Իմ Թոռնիկներս Աւելի Ծաղկած Հայաստան Տեսնեն». Անի Քալաֆեան

Անի Քալաֆեան ծնած եւ մեծցած է ԱՄՆ-ի մէջ: Հայրենիք վերադառնալու որոշումը միանգամէն  կայացուցած է: Չնայած այստեղ հանդիպած դժուարութիւններուն` Անին կը կարծէ, որ այս որոշումը իր կեանքի ամենաճիշդ որոշումներէն մէկն է: Հայրենադարձ Անիին հետ «Հայերն այսօրի» թղթակիցը խօսած է հայրենի բնութեան, հայրենիքէն հեռու ապրելու կարօտի եւ ապագայի ծրագիրներուն մասին:

– Անի՛, գիտեմ, որ ծնողներդ ԱՄՆ տեղափոխուած են Իրանէն: Ու՞ր կը տանին պապերուդ արմատները եւ ինչպէ՞ս ատոնք հասան ովկիանոսէն այն կողմ:

 – Այո՛, ծնողներս Իրանէն Ամերիկա տեղափոխուած են իրանեան մեծ յեղափոխութենէն առաջ` հաստատուելով Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ: Սակայն արմատներս կը սերին հայրենի լեռնաշխարհի տարբեր մասերէն: Հօրս մեծմայրը Վան  ծնած է, սակայն Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով յայտնուած է ներկայիս Ուքրանիոյ տարածքին մէջ, ապա անցած Ռուսաստան, այնտեղէն ալ` Պարսկաստան: Այստեղ ալ հանդիպած է մեծհօրս, որուն արմատները կը հասնին  Արցախ:

Այսպիսով` անոնցմէ մէկը պայքարի գինով կորսուած, միւսը պայքարի գինով ազատագրուած տարածքներէն են: Մօրս կողմը եւս Իրանի մէջ  յայտնուած է Եղեռնի տարիներուն: Մօրս մեծմայրը կրցած է մարդոց բժշկել` ազատելով անոնց բացասական մտքերէ եւ ուժէ: Այդ ձիրքը ինծի  փոխանցուած է: Այսօր ես շատ  հետաքրքրուած եմ մտախոհութեամբ եւ դասակարգմամբ Ranking and meditation: Կը փորձեմ նաեւ բնութենէն փոխանցուած շնորհս լրացնել տեսական գիտելիքներով:

– Անի՛, ճակատագրի բերումով նախնիներդ աշխարհ  պտտած են: Ինչպէ՞ս որոշեցիր սկզբնակէտն ու վերջնակէտը միացնել իրար` ի վերջոյ վերադառնալով Հայաստան:

– 2002 եւ 2004 թուականներուն ծնողներուս հետ եկած եմ Հայաստան հանգստանալու նպատակով: Այն ժամանակ Հայաստան բոլորովին այլ էր: Ես միշտ ալ սիրած եմ Հայաստանը, սակայն այդ ժամանակ դեռեւս չէի մտածեր վերադառնալու մասին:

2014-ին Birthright Armenia ծրագրի ծիրէն ներս` որպէս կամաւոր, տաս տարուան ընդմիջումէն յետոյ այցելեցի հայրենիք: Ամէն ինչ այլ էր: Ես տեսայ երիտասարդներու  սերունդ մը, որ ուժեղ է, խելացի, ճարպիկ ու աշխատասէր: Ամէնուր արուեստի  մասնիկ մը կայ, կեանքը կ’եռայ, գիշերային Երեւանը աննկարագրելի է իր գեղեցկութեամբ: Երկու շաբաթով վերադարձայ Նահանգներ` ծնողներուս որոշմանս մասին տեղեակ պահելու: Անոնք ուրախ էին ինծի համար, եւ իրենք ալ մեծ սիրով կը տեղափոխուէին այստեղ, եթէ չըլլար աշխատանքը եւ տունը ձգելու խնդիրը:

Ինծի համար ալ, բնականաբար, դժուար էր. ես այնտեղ կը ձգէի իմ աշխատանքներս (կ’աշխատէի երեք վայրի մէջ), նոյնիսկ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ պարմենի գործով կը զբաղէի, բայց հիմնական աշխատանքս հեռուստատեսութեան մէջ էր, փրոտիուսրական գործ կը կատարէի, երբեմն` սենարներ կը գրէի: Սակայն այնտեղ ապրիլը շատ թանկ է:

Հայաստանի մէջ կ’աշխատիմ  քանի մը տեղ` Bars media ընկերութեան մէջ, հանդէս կու գամ PR ոլորտին մէջ, սոցիալական մետիայի նորարարութիւններով հետաքրքրուած եմ, նաեւ թարգմանութիւններ կ’ընեմ: Կը մասնակցիմ բարեգործական տարբեր ձեռնարկներու, կը փորձենք օգնել մարդոց:

Այստեղ ալ դժուարութիւններ կան. ես մինակ կ’ապրիմ, կը կարօտնամ ընտանիքիս, քրոջս փոքրիկը կը մեծնայ ինծմէ հեռու, սակայն  այս հողին հետ շատ բան կը կապէ ինծի:

Քեզի հայրենիքին կապող օղակներէն որո՞նք յատկապէս կ’առանձնացնես:

 -Գիտէք` ես երբեք հայկական դպրոց չեմ գացած, հայերէն խօսած ենք ընտանիքէն ներս միայն: Այն սփիւռքահայերը, որոնք կ’ապրին հայկական մեծ համայնքներու մէջ, շփուելով իրարու հետ, հայրենիքի կարօտը այդ ձեւով կը լրացնեն, հիւրընկալուելով իրար, հայկական խնճոյքներ կազմակերպելով: Այսպէս ըսեմ` իրենց հայրենիքի երազը կը փորձեն օտար հողի վրայ իրականութիւն դարձնել:

Ես այդ հնարաւորութենէն զրկուած  եղած եմ: Ատոր համար ալ իրական պատմական հայրենիքս գրաւած է զիս: Երբ եկայ այդ հայրենիքը, սիրահարուեցայ անոր բնութեան, ջուրին, որուն մէջ  տեսակ մը մագնիսականութիւն կայ: Հիմա երբ տարուան մէջ մէկ-երկու անգամ կ’երթամ Ամերիկա, այնտեղ ախորժակս կը փակուի, մաշկս ջուրէն կը չորնայ: Ես բուսակեր եմ, այստեղ միրգերն ու բանջարեղէնը շատ մաքուր են: Դուրսը ատոնք արհեստական կ’աճեցուին, քիմիական նիւթեր շատ կը պարունակեն:

Եւ վերջապէս` ես այստեղ ազատ ու ապահով կը զգամ: Ամերիկայի մէջ մարդիկ կը կարծեն, թէ իրենք ազատ են, բայց միայն կը կարծեն:

 – Անի՛, ըսիր, որ հայրենի բնութիւնը շատ կը սիրես: Ո՞ւր հասցուցած ես այցելել եւ ո՞ր վայրերը առաւել սիրած ես:

– Երբ Երեւանէն դուրս գալու հնարաւորութիւն կ’ունենամ, չեմ փախցներ: Հայաստանեան գիւղերը, որ բնութեան մէջ  ծուարած են, մեծ  կենսունակութիւն կայ: Յատկապէս սիրած եմ Տաթեւը, այցելած եմ վեց-եօթ անգամ: Արցախ գացած եմ: Անոր բնութեան գեղեցկութիւնն ու ներդաշնակութիւնը որեւէ տեղի  հետ չեմ փոխեր: Հեռաւոր ապագային նշանածիս հետ ծրագրած ենք այնտեղ տուն գնել: Արցախցիները շատ բարի ու լուսաւոր մարդիկ են, չնայած որ տխուր պատմութիւն ունին: Անոնց համար կեանքը արժէք ունի, անոնք կը պայքարին իրենց հողին վրայ մնալու համար: Շատ կը սիրեմ նաեւ Գառնիի տաճարը: Այն կը կապուի հեթանոսական շրջանին հետ, իսկ ես մեր պատմութեան այդ շրջանը շատ ուսումնասիրած եմ: Ամերիկայի մէջ շատ ժամանակ չէի ունենար եկեղեցի երթալու համար , իսկ այստեղ մեր հին վանքերը շատ կը սիրեմ:

Կը ծրագրեմ  օր մը երթալ Արեւմտեան Հայաստան: Վերջերս ներգրաւուած էի  ծրագրի մը, որ ի կատար ածեցին Տիգրան Համասեանը եւ Երեւանի պետական կամերային երգչախումբը: Անոնք Մատենադարանի ձեռագիրներուն մէջ գտան հին հայկական երգերը, ատոնք համադրեցին նոր գործիքաւորման հետ եւ երգեցին Արեւելեան Հայաստանի եւ Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր վանքերուն մէջ, այդ ամէնը նկարահանուած  եւ վերածուած է  ֆիլմի:

Դիտողները պատերուն կրնան տեսնել վանքերու նկարներ եւ լսել երաժշտութիւն: Ներկաներուն մօտ  տեսակ մը ներկայութեան պատրանք կը ստեղծուի:

– Ինչպիսի՞ ուղիներ կ’առաջարկես  Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու համար:

– Մենք քրիստոնեայ երկիր ենք բառին բոլոր իմաստներով: Ամբողջ Եւրոպան կ’երթայ իտալական եկեղեցիները տեսնելու: Այո՛, ատոնք շատ գեղեցիկ են, սակայն չես համեմատեր Խոր Վիրապի, Տաթեւի վանական համալիրին, Գանձասարին հետ, ուր Աստուծոյ տունը իր ստեղծած բնութեան մէջ է, միայն քար ու ճարտարապետութիւն չեն, հաւատք կայ, ուժ կայ, աստուածայինը կ’իշխէ: Մեր տօներն ալ  շատ լաւ են: Պէտք է շահագրգռել օտարերկրացիներուն, որ գան այդ տօներուն մասնակցելու: Տեսէք` ԱՄՆ-ի մէջ Սուրբ Զատիկը նշելու համար ահռելի գումարներ կը ծախսեն, նուէրներ կը գնեն, առեւտուրը շատ է:

Փետրուար 13-ին Վանաձորի մէջ Տեառընդառաջն կը տօնէինք: Գումար ծախսել պէտք չէ, միայն կրակ ու լաւ տրամադրութիւն  անհրաժեշտ է: Ես նաեւ ֆէյսպուքեան էջ ունիմ` Energy Healing Armenia, կը նկարահանեմ այդ ամէնը եւ կը տեղադրեմ, մեր պատմութեան, աւանդոյթներուն մասին կը գրեմ, նիւթերուս հետ նկարներ կը տեղադրեմ:

Շատ հետաքրքիր է Սուրբ Սարգիսի տօնը: Անցած տարի ես առաջին անգամ աղի բլիթ կերայ եւ տեսայ իմ ապագայ նշանածս, որուն անունը եւս Սարգիս է:

-Անի’, Սարգիսը եւս հայրենադարձ է: Ուրկէ՞ եկած է ան, եւ ինչպէ՞ս հանդիպեցաք:

– Սարգիսը սուրիահայ է: Պատերազմի պատճառով վերադարձած է հայրենիք: Մեզի ծանօթացուց իմ լաւ ընկերներէս մէկը: Սկիզբը ընկերական  կը շփուէինք, սակայն անցած տարի իմ տարեդարձիս Սարգիսը ինծի խոստովանութիւն ըրաւ. այդ ժամանակ ծնողներս ալ  այստեղ էին: Ատիկա անակնկալ էր ինծի համար: Մենք շատ տարբեր մարդիկ ենք. ես չափէն դուրս ամերիկահայ եմ, իսկ ան` չափէն դուրս սուրիահայ: Սկիզբը անոր արեւմտահայերէնը չէի հասկնար, բայց հիմա արդէն սորված եմ: Ան այստեղ  իր ընտանիքին հետ է, եւ եթէ անոնք պատերազմէն յետոյ ետ երթան, ատիկա կ’ըլլայ միակ պատճառը, որ ես հեռանամ Հայաստանէն` իրեն հետ երթալու համար:

Ես կը ցաւիմ, որ շատերը կը հեռանան հայրենիքէն: Կ’ուզեմ` իմ թոռներս աւելի ծաղկած Հայաստան տեսնեն: Ես ատոր համար  այստեղ եմ:

Անի՛, եւ մեր վերջին աւանդական հարցը: Որ՞ն է քու խորհուրդդ բոլոր այն հայերուն, որոնք կը ցանկան օտար ափերէն ետ գալ, բայց կը տատանին:

 – Թո՛ղ գան ու տեսնեն Հայաստանի գարունը, այստեղի մարդիկը, երիտասարդութիւնը: Երբ դպրոցին մէջ իմ դասընկերուհիս ինծի կը փորձէր համոզել, որ Ցեղասպանութիւն չէ եղած, ես անոր հետ  կռուեցայ եւ անգամ ինծի դասարանէն դուրս հանեցին:

Հիմա կը հասկնամ, որ արդարացի դատավճիռի կրնանք հասնիլ միայն մէկ բռունցք դառնալով: Աւելի ամրացնենք Հայաստան-Սփիւռք կամուրջը, որ գուցէ շատ հայրենադարձներու հայրենիք բերէ:

Ամալեայ Կարապետեան

Անի3Անի4ԱնիԱնի1 Անի2

Scroll Up