«Հայաստանի Անկախացումը Մեզի «Տուն» Վերադառնալ Աւետեց». Տիանա Յովսէփեան

«Հայերն այսօրի» զրուցակիցը հայրենադարձ, ՀՕՄ-ի հայաստանեան շրջանային վարչութեան անդամ Տիանա Յովսէփեանն է:

Տիկին Տիանան խոր կսկիծ կ’ապրի` տեսնելով, թէ ինչպէս  մարդիկ կը հեռանան Հայաստանէն: Անզօր է պատկերացնել` անոնցմէ յետոյ ո՞վ պիտի պաշտպանէ մեր հողը, եւ թէ ինչպէս պիտի շէնացնենք Հայաստան աշխարհը: Կը մտածէ եւ չի հասկնար օտարութիւն բառի «քաղցրութիւնը»:

Այս մտորումներն ալ տարիներ առաջ Տիանա Յովսէփեանին Իրանէն ընտանիքին հետ Հայաստան վերադառնալու հիմք հանդիսացան:

Ծնած էք աւանդոյթներով հարուստ, հայաշունչ Իրանի մէջ: Ին՞չ յուշեր կան պահպանուած ծննդավայրէն:

-Իրանը հայրենասիրութեան  մեծ դարբնոց մըն է: Ծնած եմ Թեհրան: Երկար տարիներ ապրած եմ Թաւրիզ եւ Սպահան քաղաքներուն մէջ, որոնց հետ կապուած յուշեր ու հոգեւոր կապուածութիւն ունիմ: Այնտեղ  կ’ապրին ծնողներս, հարազատներս եւ ընկերներս: Յատկապէս պատանեկան տարիներէս  յուշեր պահպանուած են, երբ միութիւններէն ներս հայրենասիրական ոգեշունչ ծրագիրներու կը մասնակցէի: Ամուսնանալէ յետոյ ապրած եմ Նոր Ջուղայի մէջ:

Յաճախած եմ Թաւրիզի Հայկազեան-Թամարեան-Սահակեան հայկական դպրոցը: Դեռ մանկութենէս ծնողներս մեզի հայրենասիրութիւն սերմանած են: Մեծ ընտանիք էինք. հայրս դասերնիս աւարտելէ ետք ձմրան երկար գիշերներուն իր վեց երեխաները կը հաւաքէր շուրջը` Րաֆֆիի վէպերը ընթերցելու, որմէ յետոյ բարձրաձայն ընթերցելու մեր հերթը կու գար:

Հիմնականին մէջ համայնքային գործունէութիւն  ծաւալած եմ: Անդամակցած եմ Թաւրիզի «Արարատ» մարզամշակութային միութեան` նեցուկ ըլլալով ՀՄԱԿ-ի աշխատանքներուն: Եղած եմ միութեան վարչութեան անդամ, մասնակցած եմ տարբեր յանձնախումբերու աշխատանքներուն: Իսկ դպրոցներուն մէջ եղած եմ ծնողական խորհուրդներու անդամ:

Տիկի՛ն Տիանա, սփիւռքահայերը կըսեն, որ իրենց հայեացքը միշտ Հայաստանին  ուղղուած է: Հայրենիքին «նայող» կարօտը՞ Ձեզի հայրենադարձեց:

-Հայրենիքի մէջ հաստատուիլը իմ եւ ամուսնուս երազանքը եղած է. միշտ մտածած ենք հայրենադարձուելու մասին: Մեր ապագան կապած ենք Հայրենիքին հետ: Հայաստանի անկախացումը մեզի «տուն» վերադառնալ աւետեց:

Մեր երազանքը այլեւս իրականութիւն դարձաւ. 2003 թուականին ընտանիքով  վերադարձանք:

Հաստատուելով Երեւանի մէջ`ամուսնուս հետ փորձեցինք կառուցել մեր եւ երկու երեխաներու ապագան: Երեխաներս այստեղ դպրոց յաճախեցին, ապա բարձրագոյն կրթութիւն ստացան, աշխատանք գտան: Իսկ ամուսինս աշխատեցաւ շինարարութեան ոլորտին մէջ, որպէսզի մեր առօրեան ապահովէր:

aaaaaa

Երեխաները ինչպէ՞ս արձագանքեցին Հայրենիք վերադառնալու որոշման:

-Անոնք Հայաստան սիրելով  եկած են, եւ այժմ իրենց կեանքը միմիայն Հայաստանի հետ կը կապեն: Միշտ ոգեւորութիւն նկատած եմ անոնց մօտ, նոյնիսկ տարբեր դպրոցական մրցոյթներու  մասնակցած են: Աղջիկս յաճախած է ԵՊՀ-ի Միջազգային          յարաբերութիւններու բաժանմունքը, իսկ մագիստրատուրան շարունակած է ՀՀ Պետական կառավարման ակադեմիայի Քաղաքագիտութեան ամբիոնին մէջ: Բարեբախտաբար, համալսարանը գերազանցութեամբ աւարտելէ յետոյ գտաւ իր մասնագիտութեան համապատասխան աշխատանք: Արդէն ամուսնացած է: Անոր ամուսինը, ինչպէս Հայաստանի մէջ  ընդունուած է ըսել, «տեղացի»  տղայ է (կը ծիծաղի-հեղ.): Աղջիկս անկախութեան սերունդի ներկայացուցիչներէն է, եւ գուցէ ատիկա է պատճառը, որ հայրենասիրութիւնը վառ արտայայտուած է անոր մօտ:

Իսկ տղաս արդէն Հայոց բանակին մէջ կը  ծառայէ: Ան հնարաւորութիւն ունէր չծառայելու, սակայն այն դիրքորոշումը ունէր, որ եթէ Հայաստան  վերադարձած է, ապա իրեն լիարժէք զգալու համար պէտք է ծառայէ բանակին մէջ: Անպայման կ’ուզէր Հայրենիքի առջեւ հոգիի պարտքը կատարել: Վերադառնալով ծառայութենէն` Ամերիկեան համալսարանին մէջ պիտի շարունակէ կիսատ ձգած ուսումը: Իսկ մինչ այդ «Քուանտ» վարժարանի Միջազգային Բակալաւրիատ բաժինը յաճախած է:

aaa

– Կտրուելով հարազատ համայնքէն` փոփոխութիւնը հեշտութեա՞մբ յաղթահարեցիք:

-Նախ ըսեմ, որ Իրանի հայ համայնքը կուռ է: Այնտեղ երեխաներուն ազգային ոգով դաստիարակելը ծնողներու ամենամեծ պարտականութիւններէն է:

Տեղափոխուելով Հայաստան` կը մտածէի, որ այս առումով որեւէ դժուարութիւն չենք ունենար, քանի որ վերջապէս  վայր մը պիտի գայինք, ուր բոլորը հայերէն կը խօսէին: Մեզի շատ օգնեց արեւելահայերէնի իմացութիւնը: Լեզուի հետ կապուած միակ խնդիրը ուղղագրութիւնն էր, որ հեշտութեամբ սորվեցանք:

Կը կարծեմ` 13 տարուան ընթացքին բոլոր խոչընդոտները  առանց վհատելու յաղթահարեցինք:

Երեխաներուս համար նոր միջավայրին յարմարիլը օրակարգային հարց էր: Չէ՞ որ նոր դպրոց պիտի յաճախէին եւ նոր հասարակութեան մէջ ներգրաւուէին: Զիս այս հարցով շատ օգնեցին դպրոցներու ուսուցիչները, որոնք մեծ յարգանքով կը վերաբերէին հայրենադարձներուն: Անոնք միշտ նրբանկատ գտնուած են եւ փոխըմբռնումով մօտեցած երեխաներուս մօտ ծագող հարցերուն:

Աղջկաս եւ տղուս խրախուսելու, առաջ տանելու համար` օրուան մեծ մասը դպրոցին մէջ կ’անցնէի: Անոնց կողքին էի, որպէսզի միայնակ եւ կաշկանդուած չզգային:

Ես նոյնպէս ջերմ յարաբերութիւններ  ձեւաւորած եւ մտերմացած եմ յատկապէս երեխաներուս հետ յաճախող աշակերտներու ծնողներուն հետ, որոնց հետ կապը մինչեւ հիմա կը պահպանեմ: Անոնց կողմէն նոյնպէս յարգալից վերաբերմունքի  արժանացած եմ:

Մարդկային փոխյարաբերութիւններու առումով տպաւորութիւնները  ինչպիսի՞ն էին:

-Երբ դուրսը  հայերու կը հանդիպիս, ամենաբարձր մարդկային յատկանիշներով  կը պատկերացնես անոնց: Կ’ուզես իբրեւ հայ`անբիծ ըլլան: Սփիւռքի մէջ հայու նկարագիրին մասին բոլորովին այլ մօտեցում կայ: Եթէ Իրանի մէջ իմանան հայ ըլլալդ, կը կարծեն` սուտ չես խօսիր, գողութիւն չես ըներ, չես դաւաճաներ, այսինքն` կը վստահին քեզի: Իսկ Հայաստանի մէջ նման արատաւոր երեւոյթներու հանդիպելուս, վատ կը զգայինք: Յետոյ սկսանք  այլ դիտանկիւնէ նայիլ այդ խնդիրներուն: Այս հարցով ինծի շատ օգնեց հոգեբանութիւնը:

Պարզապէս Սփիւռքի մէջ Հայրենիքի մասին ունեցած պատկերացումները շատ տարբեր էին: Հայաստանը մենք կը պատկերացնէինք ամենագեղեցիկ, իտէալական եւ ապահով  վայր մը, ուր իւրաքանչիւր հայ կ’երազէ այնտեղ ապրելու մասին: Մենք Հայաստանի անկախումէն յետոյ տարիներ շարունակ իբրեւ զբօսաշրջիկ կու գայինք Հայաստան, որուն ընթացքին կը ձեւաւորուէր պատկերացումներու դաշտը: Քիչ թէ շատ` արդէն ծանօթ էինք այստեղի բարքերուն, մարդոց մտածելակերպին, բնաւորութեան: Բնաւ, չյայտնուեցանք խորթ միջավայրի մէջ:

-«Տուն» վերադառնալով` ի՞նչ զգացողութիւններով համակուեցաք:

-Ոտք դնելով հայրենի հողի վրայ` հասկցանք, որ Հայաստան այլեւս իրականութիւն է մեզի համար:

Բոլորս կը մտածէինք, որ պէտք է ներդրում ունենաք մեր երկրի զարգացման գործին մէջ: Սակայն կային երեւոյթներ` փողոցներու անմխիթար վիճակը, մթութիւնը եւ հացի հերթերը, որոնց ակամայէն կը բախուէինք եւ կը տխրէինք:

Հայաստանի մէջ չէին զանազաներ սփիւռքահայը օտարէն: Չէին կրնար ընդունիլ, որ մենք հայ ենք, կը զարմանային հայերէն պարզ խօսելու վրայ: Սակայն այդ կարծրատիպը յետագային կոտրեցաւ:

Խտրականութիւն դնելու փոխարէն ուղղակի պէտք է հասկնալ, որ Սփիւռքը կ’ապրէ Հայաստանով, իսկ Հայաստանը` Սփիւռքով: Այն տարբերութիւնը, որ առկայ է մեր միջեւ, ոչ մէկուս մեղքով չէ յառաջացած: Նման գիտակցութեան գալէ յետոյ մեր երկիրը կը դառնայ այն դրախտավայրը, որուն մասին կ’երազենք:

-Երբեւէ մտածած էք, թէ հայրենադարձութիւնը ի՞նչ  տուաւ Ձեզի:

-Ամենակարեւորը, որ «քաղեցի» հայրենադարձութենէն, ատիկա Հայաստանի մէջ բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակելու մեծ ցանկութիւնն էր: Կը կարծեմ` բոլոր սփիւռքահայերու երազանքն է Մայր հայրենիքի մէջ սեփական լեզուով կրթութիւն ստանալը, բոլորովին այլ զգացողութիւն է ատիկա: Թէեւ ես Իրանի մէջ աւարտած եմ համալսարանը եւ երկրաբանի մասնագիտութիւն ստացած, սակայն երազանքիս հետքերով երթալով` որոշեցի երկրորդ մասնագիտութիւնս ստանալ. ընդունուեցայ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան համալսարանի Հոգեբանութեան բաժինը, իսկ մագիստրատուրան շարունակեցի ՀՀ ԳԱԱ-ի մէջ:

Թեզիս պաշտպանութիւնը եղած է «Հայաստան տեղափոխուած սուրահայերու սոցիալ-հոգեբանական ընդելուզման առանձնայատկութիւնները»  թեման:

Ուսումնասիրած եմ փախստական սուրիահայերու հոգեբանական խնդիրները: Ինծի հետաքրքիր էր, թէ մարդիկ նոր բնակավայր տեղափոխուելով` ի՞նչ խնդիրներու կը  բախուին, ինչպէ՞ս կը կարենան յարմարիլ նոր միջավայրին:

Հայրենադարձութենէն յետոյ սկսայ հասարակութեան մէջ իմ դերս փնտրել: Կ’անդամակցիմ ՀՕՄ-ի հայաստանեան միաւորին, ուր այժմ շրջանային վարչութեան անդամ եմ, նաեւ ձեռագործի եւ  ձեռարուեստի,  շարք մը այլ յանձնախումբերու պատասխատանու:

Արաբկիր համայնքին մէջ կառուցուող եկեղեցւոյ կանանց խորհուրդին մէջ  ընդգրկուած եմ: Եղած եմ Արաբկիրի ՀՕՄ-ի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհին: Կարճ ժամանակ կամաւորութեան սկզբունքով համագործակցած եմ նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ:

– Հայրենասիրութիւն ըսելով` ի՞նչ կը հասկնաք:

– Հայրենասիրութիւնը, ըստ իս, հայրենիքով ու հայրենիքի համար ապրիլն է: Հայրենասիրութիւն է օտարութեան մէջ ապրող երեխաներուն Մայրենին սորվեցնելը եւ հայ պահելը:

Հայրենասիրութիւն է սահմանին կանգնած հայ զինուորի արիութիւնը, որ որեւէ բառով չես կրնար նկարագրել: Վերջերս ՀՕՄ-ի «Ամուր սահման` հզօր հայրենիք» ծրագիրի ծիրէն ներս «Նամակ զինուորին» նախաձեռնութիւնը իրականացուցինք: Զինուորներուն նամակ  գրած էին նաեւ սփիւռքահայ երեխաները: Կարդալով  անոնց յուզիչ բովանդակութեամբ նամակները` կը հասկնայիք, թէ Սփիւռքի մէջ ինչ հայրենասէր սերունդ կը դաստիարակուի:

-Ճանաչողական այցելութիւններ կը կատարէ՞ք: Չէ՞ որ Հայաստան բացայայտելու համար լաւագոյն միջոցներէն  մէկն ալ նման շրջայցերն են:

– Հայաստանի մէջ չկայ  վայր մը, որ ընտանիքով գացած չըլլանք: Բոլոր վայրերն ալ սիրելի են եւ հոգեհարազատ: Կ’ուզեմ, որ երեխաներս  ճանչնան իրենց երկիրը: Հայաստան ըսելով` պէտք չէ միայն հասկնանք գեղեցիկ սրճարանները, ճաշարաններն ու ժամանցի միւս վայրերը: Հայաստանը պէտք է զգանք մեր չնաշխարհիկ բնութեամբ, բարձրաբերձ լեռներով, հնամենի վանքերով եւ այլ յուշակոթողներով, որոնք ըսես կը խօսին մեզի հետ ու պատգամ կը փոխանցեն:

Երբ կ’այցելենք Հայաստանի որեւէ գիւղ կամ քաղաք, անպայման կը գիշերենք այնտեղ, քանի որ կը սիրենք երեկոյեան դուրս գալ քաղաք, խօսիլ մարդոց հետ եւ տեսնել, թէ ինչ կենցաղավարութիւն ունին:

Այդ ժամանակ կը նկատենք, որ մութը իյնալուն պէս` աշխուժութիւնը կանգ կ’առնէ, եւ անոնք կը փակուին իրենց տուները: Ցանկութիւնս է, որ Հայաստան համաչափ զարգանայ, եւ պետութիւնը սահմանամերձ գիւղերու մէջ ապրող մարդոց միշտ ուշադրութեան կեդրոնին պահէ:

aa

-Իսկ ի՞նչ խորհուրդ կու տաք արտագաղթի ճանապարհը բռնող մեր հայրենակիցներուն:

– Սփիւռքի մէջ ապրելով` կը հասկնաս, որ Հայրենիքէն հեռանալուն մէջ  լաւ բան չկայ: Հիմա երբ հաստատուած ենք Մայր հողի վրայ, մէկ վայրկեան անգամ չեմ մտածած Հայաստանէն հեռանալու մասին:

Ի վերջոյ, ու՞ր պէտք է երթանք, ո՞վ  մեզի գրկաբաց պիտի ընդունի. Ուր ալ երթանք` կաշկանդուած եւ հիւրի կարգավիճակով պիտի ապրինք: Այստեղ մնալով` մէկ բռունցք դարձած պէտք է սատար կանգնինք Հայաստանին եւ դիմակայենք մեր առջեւ ծառացած  մարտահրաւէրներուն:

Կողմ եմ, որ երիտասարդները արտասահման կրթուելու երթան, գիտելիքներ ձեռք բերեն, բայց իրենց ներուժը Հայաստանի մէջ սպառեն:

Այսօր մեր սահմանը թշնամիին  համար ամենօրեայ թիրախ է: Չնայած պայթունավտանգ վիճակին` սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները ամուր կառչած են հողին. անգամ այդ ծանր պայմաններուն մէջ գտնուելով` երբեք չեն մտածեր հեռանալ Հայրենիքէն: Յաճախ, երբ կը հարցնեմ, թէ ինչու չեն տեղափոխուիր Երեւան, անոնք ծիծաղով կը պատասխանեն, թէ որքան ալ գնդակոծութեան ենթարկուին, չեն հեռանար իրենց բնակավայրէն ու հողէն որեւէ քայլ այն կողմ չեն երթար: Պատկանելիութեան զգացումը այնքան ուժեղ արտայայտուած է անոնց մօտ, որ ուրախութիւնդ ափէափ է դառնում եւ անասելի հպարտութիւն կ’ապրիս:

Իսկ արտագաղթողներուն չեմ կրնար մեղադրել: Անոնք գուցէ սոցիալական պայմաններէ դրդուած կ’երթան, սակայն աւելի լաւ կ’ըլլար, որ իրենց հանգիստ կեանքը Հայաստանի մէջ գտնէին:

Զրուցեց Գէորգ Չիչեան

Scroll Up