«Ծիծեռնակներու հոգիները»

Կարօտ Սասունեան

Ատանայի (Կիլիկիոյ) կոտորածը

Զէյթունի դիմադրութիւնը

Մուսալերան հերոսամարտը

Տէր Զօրի անապատները

1915 թ. Ցեղասպանութիւնը

Ունեցուածքի մասին հարկն ու Աշքալէի ճամբարները

1955 թ. Սեպտեմբեր 6-7-ի դէպքերը

Արցախեան (Ղարաբաղեան) պատերազմը

Հրանդ Տինքի սպանութիւնը

Սեւակ Պալըքչըն

Գուրգէն Մարգարեանը…

Վերոյիշեալները  ֆիլմէ մը անջատուած հատուածներ են… Եթէ իրականութեան նայինք, կը տեսնենք, որ անոնք (նկատի ունի թուրքերն ու ատրպէյճանցիները-ակունքի խմբ.) անյաջողակ են. չեն կրնար ազատիլ մեզմէ… Պիտի Չի  կրնան ալ…

Քանզի հիմքը ամուր է:

«Արիւնախում գայլերը» ամէն անգամ մեր հոգիէն մէկական մասնիկ պոկելով` կը կարծեն, թէ կ’ոչնչանանք: Իսկ մե՞նք ինչ կ’ընենք: Մեր վէրքին աղ ցանելով` կը շարունակենք յամառօրէն ապրիլ: Եւ պիտի շարունակե’նք:

Անոնք չե~ն կրնար մեզի ոչնչացնել…

Ամէն անգամ,  ամբողջական ֆիլմէ մը պոկուած պատառիկներու նման` պիտի շարունակենք այն տեղէն, ուրկէ փորձած են մեզի պոկել: Հիմա ալ «Արիւնախում գայլերը» կը ձգտին ոչնչացնել «Թուրէն պրծածներուն» (նկատի ունի Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մնացած հայութեան-Ակունքի խմբ.): «Հոգին» միայն մէկ անգամ  հնարաւոր է առնել:

Մեր «Հոգին» ալ 1915-ին  վերցուցած են: Կարծեցին, թէ ոչնչացած ենք: Հաշուի չէին առած, որ մեր նմանները կ’ապրին 1915 թ. սպաննուածներու հոգիներուն մէջ: Իսկ միթէ՞ հոգին կը մահանայ: Այդ հոգիները ծուարած են երբեմն արաբի, երբեմն թուրքի, երբեմն ալ քիւրտի մարմնի մէջ:

«Դարձեալ քամին կ’ոռնայ, ցրելով մեր բոյները, անտէր վիճակի մէջ ձգելով մեզի:

Մեր նմաններու ուզածը ոսկիէ վանդակի մէջ գոյապահպանելը չէ: Մենք կը ցանկանք ապրիլ մեր Էրկրին մէջ` մեր փայտաշէն տուներուն մէջ, չոր հացով ու սոխով»:

Ֆիլմի ժապաւէնը կրկին պոկուեցաւ: Շարունակուեցաւ Հալէպի, Դամասկոսի ու Քեսապի մէջ: Հիմա վերստին սկսան քամիները փչել Սասունէն, Մուշէն, Տիարպեքիրէն ու Վանէն…

Թումանեանը թող մուրճը պատրաստ պահէ` դռները բանալու համար…

Իսկ մնացորդացը՞…

Մնացորդացը պէտք է շարունակեն պահակութիւն ընել Էրկրին մէջ…

Յարգանքով` Կարօտ Սասունեան / Տիգրանակերտ (Տիարպեքիր)

Թարգմանեց Մելինէ Անումեան

Akunq.net

Scroll Up