Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած պատարագ Մարսէլի Պահապան Աստուածամօր տաճարին մէջ

Հոկտեմբեր 25-ին Մարսէլի Պահապան Աստուածամօր տաճարին մէջ Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ, ֆրանսահայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս եպիսկոպոս Թէյրուզեանի նախագահութեամբ մատուցեց պատարագ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Պատարագին մասնակցեցան Մարսէլի կաթողիկէ եկեղեցւոյ փոխանորդ արքեպիկոպոս Ժան Մարք Աւելին, Գերմանիոյ թեմի հայ առաքելական եկեղեցւոյ արքեպիկոպոս Տէր Գարեգին Պեկչեան, Մարսէլի մէջ ՀՀ հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան, Մարսէլի փոխքաղաքապետ Տիտիէ Փարաքեան, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, ֆրանսական եւ հայկական կազմակերպութիւններու նախագահներ, հայ եւ ֆրանսացի բազմաթիւ հաւատաւորներ, օտարերկրեայ այցելուներ, լրագրողներ:

Տաճարին մէջ` մէկ շաբաթէն աւելի ցուցադրուող Մարսէլի A.R.A.M. (Association pour la Recherche et l’Archivage de la Mռmoire armռnienne – Հայկական յիշողութեան հետազօտման եւ արխիւացման կազմակերպութիւն) կազմակերպութեան նախագահ Ժաք Ուլուսեանի կողմէ տրամադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած փաստավաւերագրական ցուցապաստառները, աւելի խորհրդանշական դարձուցին պատարագը:

Ձեռնարկին վերաբերեալ յատուկ հրապարակումով հանդէս եկաւ հեղինակաւոր «Լա Փրովանս» օրաթերթը:

Scroll Up