Ատոմ Էկոյեանի ֆիլմը ցուցադրուած է Մոնրէալի մէջ` «Festival du Nouveau Cinռma» ամենամեայ ֆիլմի փառատօնի ծիրէն ներս

Հանրայայտ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի վերջին ֆիլմը` «Remember», ցուցադրուած է Մոնրէալի մէջ «Festival du Nouveau Cinռma» ամենամեայ փառատօնի ծիրէն ներս:

Ֆիլմի գլխաւոր հերոսը հրեայ է, որ վերապրած է Հոլոքոստը ու շատ տարիներ անց գտած համակեդրոնացման ճամբարի նախկին հսկիչը, որ սպաննած էր իր ամբողջ ընտանիքը:

Էկոյեանի խօսքով, իր ֆիլմը կը բարձրացնէ յիշողութեան ու արդարութեան, նաեւ չբացայայտուած պատմութեան հարցը, ըստ NEWS.am-ի` կը յայտնէ thelinknewspaper-ը: Ըլլալով հայ, Էկոյեան զանգուածային սպանութիւններու մասին այս ֆիլմի թեմային կը վերաբերի որպէս չբացայայտուած հարցի, քանի որ Հայոց ցեղասպանութեան ոճրագործները այդպէս ալ չեն ընդունած իրենց մեղքը, ու Թուրքիոյ կառավարութիւնը դեռ չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Բեմադրիչը կը համարէ, որ այս ֆիլմով ինք իր սեփական տեսակէտը կը ներկայացնէ պատմութեան վերաբերեալ, բայց միաժամանակ կը հասկնայ «Թէ յատկապէս որ յամառութիւնը յանգեցուցած է Հոլոքոստի»:

Էկոյեան կը հպարտանայ անով, որ կաթոլիկ եկեղեցին ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, չնայած ան աւելի շատ ուրախ է, որ Գերմանիան ու Աւստրիան  խոստովանած են, որ իրենք նոյնպէս դերակատարում  ունեցած են այդ իրադարձութիւններուն մէջ:

«Այս տարի  շարք մը արտակարգ իրադարձութիւններ եղած են: Մարդիկ սկսած են հասկնալ, որ ցեղասպանութիւնը(Հայոց ցեղասպանութիւնը-խմբ.) օրինակ դարձած է այն ամէնուն համար, որ կատարուած է ատկէ յետոյ»,- կը համարէ Էկոյեան:

Scroll Up