«Խոստումը» Ֆիլմը Կը Հասնի Իր Նպատակին. Economist-ի Անդրադարձը
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «Խոստումը» ֆիլմը չէ ստեղծուած ֆինանսական մեծ շահոյթ ապահովելու համար, ատոր ստեղծման նպատակը լոյս սփռելն է յաճախ անտեսուող պատմական իրադարձութեան վրայ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը գրէ հեղինակաւոր Economist պարբերականը:
«Պատմական տրամա ազգային ողբերգութեան մասին` ասիկա այն ֆիլմերէն է, որ Հոլիվուտը կը սիրէ: Սակայն աւելի քան մէկ դար սենարիստներն ու արհեստանոցները (studio) երես դարձուցին այս պատմութենէն»,- կը գրէ լրատուամիջոցը` ներկայացնելով «Խոստումը» ֆիլմը, ուր նկարահանուած են օսքարակիր դերասան Քրիստիան Պէյլը, Օսքար Այզեքը, Շարլոթ լէ Պոնը եւ այլոք: Ֆիլմի նկարահանումները հնարաւոր եղան հայ մեծահարուստ Քըրք Քըրքորեանի շնորհիւ, որ ստեղծեց Survival Pictures ընկերութիւնը` նպատակ ունենալով կրթել աշխարհը Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով: «Խոստումը» ֆիլմի նկարահանման գործին մէջ ան ներդրեց 100 միլիոն տոլար:
Ապրիլ 21էն ցուցադրութեան սկսած ֆիլմը առաջին շաբթուան ընթացքին հաւաքեց ընդամէնը 4,1 միլիոն տոլար, ինչ որ պատմականօրէն ցած եկամուտ է 100 միլիոն տոլարնոց ֆիլմի մը համար: Որոշ մասնագէտներու կարծիքով ալ` ամբողջ աշխարհի մէջ ֆիլմը պիտի հաւաքէ 20 միլիոն տոլար, ինչ որ ձախողութիւն կրնայ համարուիլ ֆիլմին համար: «Սակայն «Խոստումը» չի կրնար դատուիլ միայն տնտեսական չափորոշիչներով, քանի որ Քըրքորեան հետաքրքրութիւն չէ ունեցած ետ ստանալ իր ներդրումը: Թերեւս մենք պէտք չէ դատենք զայն բացառապէս գեղարուեստական չափանիշներով եւս: «Խոստումը» ստեղծուած է լոյս սփռելու յաճախ անտեսուող պատմական իրողութեան վրայ, եւ նոյնիսկ միջին գնահատականներով գրախօսութեան ու դրամարկղի միջին թիւերու պարագային ալ անիկա կը հասնի իր նպատակին: Մէկ օր, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը պաշտօնապէս վերագրուի, «Խոստումը» ֆիլմը պիտի ունենայ ատոր մէջ իր դերակատարութիւնը»,- կ՛եզրափակուի Economist-ի մէջ հրապարակուած յօդուածը: