Իտալական Orfeo Futuro փառատօնի ընթացքին Հայոց ցեղասպանութիւնը ոգեկոչող համերգներ կը կայանան

Orfeo Futuro փառատօնը, որ կը կայանայ Իտալիոյ Ապուլիա նահանգին մէջ, կ’ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութիւնը 4 համերգի միջոցով: Ատոնցմէ  մէկը կայացած է Օգոստոս 5-ին, միւս երեքը կը սպասեն Սեպտեմբեր 1-ին, Հոկտեմբեր 3-ին եւ 9-ին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ armeniangenocide100.org կայքէն:

Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Սարգիս Ղազարեան, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութիւնը վերապրած  քանի մը հայեր ներկայ պիտի գտնուին Սեպտեմբեր 1-ին Իտալիոյ Բարի քաղաքի Արաքս գիւղին մէջ կայանալիք համերգին:

Scroll Up