Հալէպի Մէջ Տասնօրեայ Ընդմիջումէ Ետոյ Մէկ Ժամով Վերականգնուած Է Ելեկտրականութիւնը
17 Հոկտեմբեր 2015-ին, բովանդակ Հալէպի ելեկտրականութեան հոսանքը շրջան առ շրջան գէթ մէկ ժամով կրկին միացաւ: Մօտ տասը օրէ ի վեր բովանդակ Հալէպի տարածքին անգամ մը եւս անջատուած էր ելեկտրականութեան հոսանքը: Հալէպցիք հոսանք ունենալու համար կ՛օգտուին վճառովի ելեկտրածին սարքաւորումներէ, որոնք բաւական սուղ կ՛արժեն: Այս մասին կը հաղորդէ «Բերիոյ նիւզ»-ը:
Ջուրի հոսքը, սակայն, ոչ բոլոր տեղերը հասանելի է, յատկապէս շէնքերու բարձր յարկերը:
Սուրիոյ մէջ վերջին օրերուն հացի գինը բարձրացած է: Հացի մէկ կապոցը դարձած է 50 սուրիական ոսկի, իսկ մէկ հատը` 7 ս.ո.: Պատասխանատու աղբիւրներու տեղեկութիւններով սղաճի պատճառը աւելի որակեալ ալիւր օգտագործելն է:
Նախապէս Սուրիոյ բանակը յայտարարած էր, որ Հալէպի հարաւ-արեւմտեան գիւղական շրջանին մէջ շղթայազերծած է լայնածաւալ զինուորական գործողութիւն մը եւ ռուսական ու սուրիական ռմբաձիգներու օժանդակութեամբ իր վերահսկողութեան տակ առած է հրասայլերու վաշտի կեդրոնատեղին եւ շարք մը գիւղեր:
Սուրիոյ բանակը գործողութիւնը շղթայազերծած է երեք առանցքներէ` Խան Թումանի, Ժապալ Ազանի եւ Ուատիհիի կողմերէն:
Հալէպի մէջ ծաւալող գործողութեանց Սուրիոյ բանակի հրամանատարութիւնը զինեալներուն կոչ ուղղած են անձնատուր ըլլալու, իսկ քաղաքացիներուն թելադրած հեռանալու զինեալներու կեդրոններէն եւ զինեալներուն ապաստան չտրամադրելու: