ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց լոնտոնաբնակ լրագրող եւ վիպագիր Սերժ Մոմճեանը

Հոկտեմբեր 14-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց լոնտոնաբնակ լրագրող եւ վիպագիր Սերժ Մոմճեանը:
Հիւրը նախարարին տեղեկացուց, որ վերջերս Քեմպրիճի «Ճենիւս» (“Janus”) հրատարակչատունը տպագրած է իր հեղինակած “Komitas: The Artist and The Martyr” («Կոմիտաս. Արուեստագէտը եւ Նահատակը») գիրքը: Հրատարակութիւնը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
Գիրքի ստեղծման վրայ հեղինակը աշխատած է շուրջ 5 տարի, խորապէս ուսումնասիրած Կոմիտասի կեանքն ու գործունէութիւնը, նամակագրութիւնը, անոր մասին եղած գրականութիւնը եւ ստեղծած է իւրօրինակ պատում մը` երկխօսութիւններու միջոցով, որ աւելի կը դիւրացնէ եւ հետաքրքիր կը դարձնէ պատումը: Կոմիտասին նուիրուած փաստավաւերագրական վէպը անոր 5-րդ գիրքն է, որուն ընդարձակ յօդուածներով եւ հարցազրոյցներով անդրադարձած են բազմաթիւ անգլալեզու եւ ֆրանսալեզու թերթեր ու ամսագիրներ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ջերմօրէն շնորհաւորեց Սերժ Մոմճեանը եւ կարեւոր համարեց յատկապէս այն փաստը, որ գիրքը անգլերէն է եւ հրատարակուած է բրիտանական հեղինակաւոր հրատարակչութեան կողմէ: Ատիկա բազմաթիւ անգլալեզու ընթերցողներու հնարաւորութիւն կու տայ գիտնալու Հայոց ցեղասպանութեան եւ մեծագոյն արուեստագէտի կրած տառապանքներուն ու նահատակութեան մասին:
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ յառաջիկային Երեւանի մէջ կազմակերպել գիրքի շնորհանդէսը: