ՀՀ սփիւռքի նախարարը լիբանանցի գրող, թարգմանիչ, հրատարակիչ Նաժի Նաամանին յանձնեց Երախտագիտութեան մետալ

Հոկտեմբեր 5-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուեցաւ լիբանանցի պատմաբան, գրող, թարգմանիչ, հրատարակիչ, «Նաժի Նաաման մշակոյթի կեդրոնի» հիմնադիր Նաժի Նաաման, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առթիւ, հայ-լիբանանեան մշակութային կապերու ամրապնդման գործին ներդրած աւանդին համար ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով պարգեւատրուած էր Երախտագիտութեան մետալով:
Ջերմօրէն ողջունելով հիւրը` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շեշտեց, որ ցեղասպանութեան 100-րդ տարուան հայ ժողովուրդը իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բոլոր այն երկիրներուն եւ անձանց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են ցեղասպանութենէն վերապրածները ընդունելու, աջակցելու եւ սատար կանգնելու գործին մէջ:
«Մենք երիցս երախտապարտ ենք բոլոր նրանց, ովքեր հայութեան կողքին էին այդ դաժան տարիներին, ովքեր մեր կողքին մնացին նաեւ ցեղասպանութիւնից յետոյ եւ անդուլ աշխատանք տարան յանցագործութեան ճանաչման ու դատապարտման գործում: Այդ նուիրեալներից մէկն էլ պարոն Նաժի Նաամանն է, ով որպէս պատմաբան եւ գրող` իր ստեղծագործութիւններում մշտապէս արծարծում է հայութեան խնդիրները: Դրա վառ վկայութիւնն է նրա «Շարունակուող ցեղասպանութիւն» գիրքը, որի շնորհանդէսն օրեր առաջ տեղի ունեցաւ Երեւանի Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանում: Եւ պատահական չէ, որ պարոն Նաամանի անունը տեղ է գտել այն անձանց ցանկում, ովքեր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի հրամանագրով պարգեւատրուեցին Երախտագիտութեան մեդալով:»,- ըսաւ նախարարը` աւելցնելով, որ ՀՀ Նախագահին կողմէ լիազօրուած է պարոն Նաամանին յանձնել պարգեւը:
Ընդունելով բարձր պարգեւը` Նաժի Նաաման ըսաւ. «Մեծ պատիւ է ինծի համար ստանալ նման պարգեւ: Անշուշտ, մետալ ստանալու համար չէ, որ աշխատած եմ, բայց եւ կը համարեմ, որ արժանի եմ այս պարգեւին: Ես պատմաբան եմ, մանկութենէս ծանօթ եղած եմ հայերուն, անոնց դժուար ճակատագրին, տեսած եմ անոնց մարդկային հրաշալի որակները եւ իմ առջեւ նպատակ դրած եմ խորութեամբ ուսումնասիրել հայ ժողովուրդի պատմութիւնը: Եւ եկած եմ այն եզրակացութեան, որ Հայոց ցեղասպանութեան անպատժելիութիւնը ճանապարհ հարթած է այլ ցեղասպանութիւններու համար: Եւ մենք այսօր ականատես ենք, թէ ինչպէս վայրագութիւնը կը հարուածէ մարդկային քաղաքակրթութեան: Իմ ստեղծագործութիւններուս եւ ուսումնասիրութիւններուս մէջ ես միայն փոքր մաս մը կրցած եմ արտայայտել այն զգացումներուն, որ ունիմ հայ ժողովուրդին հանդէպ»:
Շնորհաւորելով Նաժի Նաամանը պարգեւին առթիւ` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շեշտեց, որ յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան տարուող անոր աշխատանքը օրինակելի է յատկապէս այս օրերուն, երբ միջազգային հանրութեան աչքին առջեւ Սուրիոյ մէջ հազարաւոր մարդիկ կը զոհուին կամ կը դառնան փախստական, կը քանդուին եւ կ’աւիրուին մշակութային դարաւոր արժէքներ:
Անուանի գրողին շնորհաւորեցին եւ երախիքի խօսք ըսին նաեւ ձեռնարկին ներկայ սփիւռքահայ գործիչներ եւ նախարարութեան աշխատակիցներ: