ՀՀ վերանկախացման 24-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկ Սուրիոյ մէջ

Կիրակի, 4 հոկտեմբեր 2015-ին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան կողմէ «Շամ» Պանթոկի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 24-րդ տարեդարձին: Այս մասին կը յայտնէ Perio news.

Ընդունելութեան ներկայ էին Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուհամմատ Ճիհատ ալ-Լահհամը, նախարարներ ներառեալ բնապահպանութեան հարցերով պետական նախարար Նազիրա Սարգիսը: Ինչպէս նաեւ, խորհրդարանի անդամներ, օտար դեսպաններ, քաղաքական կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ հայկական բոլոր կառոյցներու ղեկավարներ, հոգեւոր առաջնորդներ, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան թրոֆղ դոկտղ Արշակ Փոլատեանը: Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի 24-ամեայ ուղիին` բարձր արժեւորելով Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը: Դեսպան Փոլատեան բարձր գնահատեց հայ-սուրիական երկկողմ բարեկամական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը:
Ապա Սուրիացի մտաւորական Նեպիլ Թաամէ ՀՀ Նախագահին որոշումով դեսպան Փոլատեանի ձեռամբ պարգեւատրուեցաւ:

Scroll Up