Հալէպի Հայ Ծերանոցի Մամիկներն Ու Պապիկները Երրորդ Անգամ Ըլլալով Կը Տեղափոխուին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/Հալէպի-Հայ-Ծերանոցի-Մամիկներն-Ու-Պապիկները-Երրորդ-Անգամ-Ըլլալով-Կը-Տեղափոխուին-300x225.jpg)
Սուրիոյ ու մանաւանդ Հալէպի մէջ ծայր առած պատերազմական վիճակին բերումով, հայ երեք համայնքապետներուն հովանաւորութիւնը վայելող Հայ Ծերանոցի մամիկներն ու պապիկները երրորդ անգամ ըլլալով տեղափոխուեցան։ Այս մասին Հայերն այսօրին կը յայտնէ «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան:
Անոնք երեք տարի առաջ Նախ Պոսթան Փաշայի անկելանոցէն տեղափոխուեցան Աստուրեան հիւանդանոց, զինեալ ահաբեկիչներու շրջան ներխուժման պատճառով, ապա «Վերժին Կիւլպէնկեան» մայրանոց, ուր ապահովուեցաւ անոնց կեցութեան բոլոր յարմարութիւնները։
Վերջին օրերուն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները տասնեակ հրթիռներով թիրախ դարձուցին Նոր Գիւղի զանազան թաղամասերը, որոնց կարգին «Վերժին Կիլպէնկեան» մայրանոցին թաղամասը, ուր պատսպարուած էին Հայ Ծերանոցի մամիկներն ու պապիկները։
Այսօր, Կառոյցի հրթիռակոծման հետեւանքով զոհուեցաւ Ծերանոցի ծառայողական պաշտօնեաներէն Մարալ Քիւլիկեան եւ վիրաւորուեցան ուրիշներ։ Երեկոյեան ապահովական նկատառումներով Հայ Ծերանոցի մամիկներն ու պապիկները Ծերանոցի խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան հսկողութեամբ եւ ակումբի տղոց օգնութեամբ առժամաբար տեղափոխուեցան Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքնասրահ։