ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի աշխատանքային այցը Պուխարեստ

Սեպտեմբեր 29-էն Հոկտեմբեր 1 ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային այցով կը գտնուէր Պուխարեստի մէջ:

Այցը մեկնարկեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի եւ Ռումանիոյ կառավարութեան կրօնից հարցերով պետական քարտուղար Վիքթոր Օպասկիի հանդիպումով: Հանդիպման քննարկուեցան Ռումանիոյ հայ համայնքին, մասնաւորապէս Ռումանիոյ մէջ Հայ եկեղեցւոյ դարաւոր գործունէութեան առնչուող հարցեր: Նախարար Յակոբեան ներկայացուց Սփիւռքի մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղուած Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ներկայ ընթացքը եւ ծրագիրները: Ռումանիոյ կրօնից հարցերով պետական քարտուղարը, ընդգծելով ռումանահայ համայնքի առանձնայատուկ ներդրումը Ռումանիոյ զարգացման գործին մէջ, ներկայացուց կրօնական փոքրամասնութիւններուն, մասնաւորապէս Ռումանիոյ Հայոց թեմին յատկացուող պետական աջակցութեան ծրագիրները եւ համատեղ ձեռնարկները: Քննարկուեցան ընթացիկ տարուան Նոյեմբերին Պուխարեստի Հայոց առաջնորդանիստ Սբ Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ 100-ամեայ տարելիցին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկներու կազմակերպման առնչուող հարցեր:

Օրուան երկրորդ կէսին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այցելեց Ռումսնահայոց կեդրոն` Պուխարեստի Առաջնորդանիստ մայր տաճար, Ռումանիոյ Հայոց Միութեան վարչութիւն, Արարատ հրատարակչութիւն եւ տպարան, մէկօրեայ դպրոց, Հայոց մշակութային Տուտեան կեդրոնին մէջ տեղակայուած թանգարան եւ գրադարան, ուր Ռումանիոյ Հայոց Միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեանի  նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր հանդիպում ռումանահայ համայնքին հետ: Նախարարը ներկայացուց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հիմնական ուղղութիւններն ու ծրագիրները, արդի մարտահրաւէրները, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի հիմնական ձեռնարկները եւ ընթացիկ արդիւնքները, ունկնդրեց եւ պատասխանեց ռումանահայ համայնքը յուզող հարցերուն:

Յաջորդ օրը առաւօտեան, Սեպտեմբեր 30-ին, նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ռումանիոյ խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ազգային փոքրամասնութիւններու խումբին հետ, որ տարիներ ի վեր կը ղեկավարէ հայ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ Վարուժան Փամբուկչեան: Հանդիպման ներկայ էին յոյն, հրեայ, գերմանական եւ այլ ազգային փոքրամասնութիւնները ներկայացնող պատգամաւորներ, որոնք ներկայացուցին Ռումանիոյ մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու կարգավիճակն ու իրաւունքները: Սփիւռքի նախարարը երախտագիտութիւն յայտնեց մասնաւորապէս յոյն, հրեայ եւ գնչու փոքրամասնութիւններուն Հայոց ցեղասպանութեան հարցով ռումանահայերուն սատար կանգնելու համար, յոյս յայտնելով, որ Ռումանիոյ մէջ այս հարցը յետագայ զարգացում կ’ունենայ:

Սփիւռքի նախարարը պատուոյ հիւրի կարգավիճակով ներկայ գտնուեցաւ Ռումանիոյ խորհրդարանի լիագումար նիստին:

Այնուհետեւ, նախարար Յակոբեան Պուխարեստի Գարոլ Առաջինի անուան

Համալսարանական կեդրոնական գրադարանի Մայր սրահին մէջ մասնակցեցաւ Ռումանիոյ Հայոց միութեան վերաբացման 25-ամեակին հանդիսաւոր նիստին, որուն ներկայ էին Ռումանիոյ Խորհրդարանի նախագահ Գալին Փոփեսկի Տարիչէանուն, վարչապետ Վիքթոր Փոնտան, Ռումանիոյ նախագահի ներկայացուցիչ Սերջիու Նիստոր, նախկին վարչապետ եւ ԱԳ նախարար Փետրէ Ռոման, Ռումանիոյ Հայոց Միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան, եւ Ռումանիոյ խորհրդարանի Ազգային փոքրամասնութիւններու խումբի ղեկավար Վարուժան Փամբուկչեան, Ռումանիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ, խորհրդարանականներ եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ու հիւրեր:

 ՌՀՄ 25-ամեակի կապակցութեամբ ուղերձ  յղած էր Ռումանիոյ նախագահ Գլաուս Եոհաննիս. «Հայերու եւ ռումանական հողի վրայ ապրող բնակիչներուն միջեւ յարաբերութիւններու հնութիւնը այսօր համակեցութեան կամուրջ է,  եւ  կը կապակցուին մշակութային արժէքները, արուեստը եւ ձգտումները: Պատմութիւնը մեզի չէ խնայած, յաճախ դնելով այնպիսի իրավիճակներու առջեւ, որ մեր միակ յոյսը մնացած է հաւատքն ու միասնութիւնը: Ասոնք հիմնարար արժէքներ են, երբ այսօր, տօնելով 1990թ. յետոյ Ռումանահայոց միութեան վերաբացումը, կը վերյիշենք 20-րդ դարու սկիզբը հայ համայնքներու կեանքի դրամատիկ պահերը”, կ’ըսուի նախագահական ուղերձին մէջ: Վարչապետ Փոնտան ողջոյնի իր ելոյթին մէջ զօրակցութիւն յայտնեց հայ համայնքին եւ ռումանահայ մշակութային ժառանգութեան ծրագիրներուն: Խորհրդարանի նախագահ Տարիչէանուն իր ելոյթին մէջ խօսելով Ռումանիոյ Հայոց միութեան 25- ամեակին մասին, այն կապեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի զգայուն տարուան հետ»:

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ, նախարար Յակոբեան երախտագիտութիւն յայտնեց Ռումանիոյ ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութենէն յետոյ Ռումանիոյ մէջ ապաստանած տասնեակ հազարաւոր հայերու համար ապրելու, կրթուելու ու արարելու բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու համար: «Երախտագիտութեան իմ խօսքն եմ ցանկանում յղել Ռումինիայի նախագահ Գլաուս Եոհաննիսին, ով առաջինն էր Ռումինիայի նախագահներից, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ իր համերաշխութիւնը յայտնեց հայ ժողովրդին, յայտարարելով. «1915թ. ողբերգական իրադարձութիւներից մէկ դար անց իմ խոնարհումն եմ բերում հայ ժողովրդի զոհերին եւ նրանց, ովքեր անցեալ դարի սկզբից տասնամեակներով դիմադրել են պատմական աղէտներին եւ դժուար փորձութիւններին: Հարիւր հազարաւոր անմեղ հայեր զոհուեցին այդ սարսափելի յանցագործութեան ժամանակ, որը ստուերում է մարդկութիւնը եւ որը մեզ մղում է այսօր ճանաչման եւ հաշտեցման: Հայ ժողովրդի ողբերգութեան ճանաչումը կարեւոր եւ անհրաժեշտ ազդակ է ատելութիւնը, անհանդուրժողականութիւնը, ռասիզմը եւ այլատեացութիւնը արմատախիլ անելու համար», Ռումանիոյ նախագահի խօսքը մէջբերաւ նախարար Յակոբեան եւ աւելցուց. «Յուսով ենք, որ այդ կոչն անարձագանք չի մնայ, եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման գործընթացը կը տեղափոխուի նոր փուլ, եւ յետագայում մենք ականատեսը կը լինենք ճանաչման եւ դատապարտման նոր զարգացումների»:

Ձեռնարկին ընթացքին նախարար Յակոբեան Ռումանիոյ Խորհրդարանի Ազգային փոքրամասնութիւններու խումբի նախագահ Վարուժան Փամբուկչեանին յանձնեց ՀՀ նախագահին կողմէ շնորհուած Երախտագիտութեան մետալը, որուն վերջինս արժանացած էր Ռումանիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու պատշաճ կազմակերպման եւ իրականացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար:

Նոյն օրը կէսօրէ յետոյ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպեցաւ Ռումանիոյ Սփիւռքի ռումանացիներու հարցերով նախարար Անճել Տըլվարի հետ, որուն ընթացքին փոխադարձաբար ներկայացուեցան իրենց ղեկավարած գերատեսչութիւններու հիմնական գործառոյթները, քաղաքականութիւնը, ծրագիրներն ու Սփիւռքի հետ աշխատանքի հիմնական սկզբունքները: Ռումանիոյ նախարարը, բարձր գնահատելով հայկական սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, հայկական համայնքներու ինքնութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ իրականացուող ծրագիրները եւ այդ ոլորտին մէջ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կուտակած փորձը, ցանկութիւն յայտնեց երկու գերատեսչութիւններուն միջեւ շարունակելու կապերը եւ խորհրդակցութիւնները: Այս առումով միտքեր փոխանակուեցան տարբեր երկիրներու մէջ հայ եւ ռումանական սփիւռքի կառոյցներու միջեւ կապերու հաստատման եւ համագործակցութեան հեռանկարներու շուրջ` առանցքին մէջ  ունենալով հայկական տարբեր համայնքներու մէջ բնակող ռումանահայերը:

Նոյն օրը, երեկոյեան նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցեցաւ եւ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին եւ ՌՀՄ 25-ամեակին նուիրուած պաշտօնական ընդունելութեան, որուն ներկայ էին Ռումանիոյ Խորհրդարանի եւ կառավարութեան անդամներ, նախագահի ներկայացուցիչը, դիւանագիտական մարմնի անդամները, հայ համայնքի ներկայացուցիչները:

Հոկտեմբեր 1-ին նախարար Յակոբեան հարցազրոյց տուաւ ռումանական Հանրային հեռուստատեսութեան, այցելեց ՀՀ դեսպանութիւն, արուեստի նշանաւոր մեկենաս Գրիգոր Զամբաքչեանի հաւաքածուներու թանգարան, այնուհետեւ Հայոց Առաջնորդարան, ուր զրոյց ունեցաւ Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ Եպս. Յակոբեանի հետ:

Այցի ողջ ընթացքին նախարար Յակոբեանին կ’ուղեկցէր Ռումանիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Համլէտ Գասպարեան:

Rumina-4Ruminia Ruminia-1Ruminia-2 Ruminia-3 Ruminia-4

Scroll Up