Սփիւռքի նախարարութենէն ներս քննարկուեցան սուրիահայերու ընդելուզման հարցերը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/a19.jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչութեան ժողովի անդամ Վազգէն Եակուբեանը, ՀԲԸՄ հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Յովիկ Եօրդեկեանը եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի տնօրէն Լենա Հալաճեանը:
Ողջունելով հիւրերը` նախարարը իր գոհունակութիւնը յայտնեց սերտ համագործակցութեան համար եւ բարձր գնահատեց Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան կողմէ ցուցաբերուած բազմաբնոյթ օգնութիւնը, խօսեցաւ յառաջիկայ համատեղ ընելիքներուն մասին:
Նախարարը նշեց, որ վերջին շրջանին, իւրաքանչիւր ամիս շուրջ հազար սուրիահայ կը տեղափոխուի Հայաստան: Անհրաժեշտ է վերանայիլ անոնց հետ տարուող աշխատանքներու մեթոտներն ու ձեւերը, առաւել արդիւնաւէտ կերպով նպաստելու Հայրենիքի մէջ անոնց ընդելուզման, հանրային կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ աշխոյժ ներգրաւման:
Հրանուշ Յակոբեան առաջարկեց ըստ մասնագիտութիւններու ստեղծել սփիւռքահայ ուսանողներու, գործարարներու ու բժիշկներու փոքր կամաւորական խումբեր եւ անոնց հետ կազմակերպել հանդիպումներ, քննարկել Հայրենիքի զարգացման եւ կայունացման գործին մէջ անոնց մասնակցութիւնը ապահովելու, հասարակութեան լիիրաւ անդամ դառնալու խնդիրը: Ան յանձնարարեց այդ նպատակով պատրաստել տեղեկատուական, ճանաչողական թերթօններ, հանդիպումներու ժամանակացոյց եւ սկսիլ աշխատանքները:
Նախարարը նշեց, որ այս ուսումնական տարուան եւս ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, ՀԲԸՄ-ը եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը պիտի շարունակեն համավճարի կարգով փոխհատուցել բակալաւրատներ յաճախող սուրիահայ ուսանողներու ուսումնական վարձի մեծ մասը:
Նախարարը յանձնարարեց ՓՄՁ ԶԱԿ-ի հետ համատեղ պատրաստել նախորդ երեք տարիներուն ընթացքին ցած տոկոսով վարկ ստացած եւ գործարարութեամբ զբաղող սուրիահայերու վերաբերեալ վիճակագրութիւն եւ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկել անոնց յաջողութիւններու հիմքերու նպաստաւոր հանգամանքներն ու ի յայտ եկած խնդիրները:
Քննարկուեցաւ Սուրիահայերու ստեղծագործական կեդրոն ստեղծելու հարցը:
Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար եւ պատրաստակամութիւն` աջակցելու նախարարութեան կողմէ իրականացուելիք բոլոր ձեռնարկներուն: