Սուրիահայերու Ձեռքի Աշխատանքներու Ցուցահանդէս-Տօնավաճառ` Նուիրուած Տեառնընդառաջ Տօնին
Փետրուար 11-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի նախաձեռնութեամբ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Տեառնընդառաջ տօնին առթիւ ԵՊՀ Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի նախասրահին մէջ մեկնարկեց աւանդական դարձած Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը:
Ցուցահանդէս-տօնավաճառ այցելեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան շրջեցաւ ցուցասրահին մէջ, ծանօթացաւ սուրիահայերու աշխատանքներուն :
Այնուհետեւ նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Երեւանի պետական համալսարանի ղեկավարութեան, որ իր դռները բացած է սուրիահայերուն առջեւ, որոնք հնարաւորութիւն ունեցան իրենց արհեստը, ձեռքի աշխատանքները, արուեստը ներկայացնելու նաեւ ուսանողութեան:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 40-է աւելի սուրիահայերու ձեռագործ աշխատանքներ, զարդեր, հրուշակեղէն, արեւելեան ուտեստներ:
Ցուցահանդէս-տօնավաճառը պիտի շարունակուի նաեւ Փետրուար 12-ին: