ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Մասնակցեցաւ «Արեւիկ-Հայաստան» Կեդրոնի Հանդիսաւոր Բացման Արարողութեան
Փետրուար 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցեցաւ մտաւոր եւ ֆիզիքական հաշմանդամութիւն ունեցող սուրիահայերու խնդիրներով զբաղող «Արեւիկ-Հայաստան» կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան, որ կազմակերպուած էր «ՀԱԼԷՊ» հայրենակցական բարեսիրական ՀԿ-ի կողմէ:
Արարողութեան կը մասնակցէր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչարտ Միլսը, «ՀԱԼԷՊ» հայրենակցական բարեսիրական ՀԿ-ի նախագահ Անի Պալխեան և այլք:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Անի Պալխեան: Ներկաներուն ողջունեց դեսպան Ռիչարտ Միլսը: Բարձր գնահատելով Հայաստանի մէջ սուրիահայերուն յաւուր պատշաճի ընդունելու գործին մէջ Սփիւռքի նախարարութեան դերը` դեսպանը նշեց, որ եւրոպական երկիրներու շարքին մէջ սուրիացի փախստականներ ընդունելու ցուցանիշով Հայաստանը երրորդն է:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ընդգծելով նման կեդրոնի ստեղծման կարեւորութիւնը` նախարարը նշեց. «Ուրախ եմ ձեզ ողջունել «Արեւիկ-Հայաստան» կենտրոնում, որտեղ պէտք է շատ լոյս ու ջերմութիւն լինի: Սիրելի՛ ներկաներ, սիրիական հակամարտութեան պատճառով մեր հզօր, ուժեղ, հայաշունչ համայնքը նուազեց: Շնորհակալութիւն եմ յայտնում բոլոր նրանց, ովքեր որոշեցին հաստատուել Հայաստանում եւ իրենց ներկայութեամբ գեղեցկացնել Հայրենիքը: Սիրիահայերը իրենց հետ Հայաստան բերեցին աշխատանքի նոր որակ, նոր մշակոյթ, նոր կենցաղ եւ իրենց վարքով, բարքով եւ կազմակերպուածութեամբ իսկական օրինակ են հայաստանցիների համար: Յաջողութիւն եմ մաղթում բոլոր սիրիահայերին: Միասին տօնե՛նք մեր Հայրենիքի պայծառ յոբելեանը` 25-րդ տարեդարձը, եւ միասին կերտենք աւելի հզօր, աւելի ուժեղ Հայաստան:»
Իր խօսքի աւարտին նախարարը նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց միջազգային եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն, ՄԱԿ-ի փախստականներու գրասենեակին, եւրոպական պետութիւններուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, որոնք կ’օգնեն ինչպէս փախստականներ ընդունելու, այնպէս ալ բազմաթիւ այլ խնդիրներու լուծման հարցերուն մէջ, ինչպէս նաեւ բոլոր բարերարներուն, կազմակերպիչներուն, մանկավարժներուն, որոնք կը փորձեն ընել ամէն բան, որ երեխաները ընդելուզուին հասարակութեան, որ իրենց լիարժէք զգան եւ, որ հաշմանդամ երեխան իր հասակակիցներուն մէջ օտարուած չզգայ:
Ձեռնարկի աւարտին կարճ թատերական ներկայացումով հանդէս եկան կեդրոնի սաները:
«Արեւիկ-Հայաստան» կեդրոնի ստեղծման նպատակը մտաւոր եւ ֆիզիքական հաշմանդամութեան խնդիրներ ունեցող երեխաներուն համար համապատասխան պայմաններ ապահովելն ու հոգեբանական աջակցութիւն ցուցաբերելն է: Կեդրոնի ստեղծումը հնարաւոր դարձած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութեան աջակցութեամբ, մասնաւորապէս` Ճուլիա Թաֆթ ֆոնտի` «Աւելի լաւ պայմաններ հաշմանդամութեան խնդիրներով սուրիահայ անձանց համար» իրականացուող ծրագիրին շնորհիւ: