Հալէպի Հայ Աւետարանական «Փէթէլ» Վարժարանը Այս Տարի Անվճար Պիտի Գործէ
Հայէպի Հայ Աւետրանական «Փէթէլ» Վարժարանը այս տարի իր դռները պիտի բանայ յառաջիկայ 14 Սեպտեմբերին: Վարժարանի տնօրէնութիւնը՝ նկատի առնելով Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակը, որոշած է այս ուսմնական տարին դարձնել անվճար: Այս մասին կը հաղորդէ «Արեւելք» կայքը:
Ըստ Հալէպի Հայ աւետարանական վարժարաններու կրթական յանձախումբի պատասխանատու գործավար Տիկ. Արազ Մանսուրեանի դպրոցը կը գտնուի Հալէպի «Թալաֆոն Հաուաի» շրջանին մէջ եւ դպրոցի յետնամասի «Մայսալուն» շրջանը թէժ բախումներու շրջան կը համարուի:
«Դպրոցին գտնուած շրջանը մեծ ապահովութիւն վայելող շրջան մը չէ, սակայն այսօրուան դրութեամբ Հալէպի բոլոր շրջանները անապահով կը համարուին»: Արազ Մանսուրեան նաեւ ըսած է, որ երբ իրավիճակը կը թէժանայ իրենք մտահոգ դրութեան մը կը մատնուին, բայց եւ այնպէս «վճռած են իրենց առաքելութիւնը շարունակել, որովհետեւ որեւէ պարագային կեանքը կանգ պիտի չառնէ եւ պիտի շարունակուի»:
Մանսուրեան ըսած է, որ նկատի առնելով Հալէպի ընդհանուր իրավիճակը աշակերտերը դպրոց կը հասնին իրենց ծնողներուն հետ, որովհետեւ այդպէս աւելի յարմար է եւ ծնողները իրենք կը վերցնեն իրենց զաւակներուն ապահովութեան խնդրին պատասխանատուութիւնը:
Արազ Մանսուրեան նաեւ յիշեցուցած է, որ գալիք քանի մը օրերուն «Փէթէլ» վարժարանի տնօրէնութիւնը հետամուտ պիտի ըլլայ երկրէն մեկնած ուսուցիչներու հեռացումով ստեղծուած բացը լրացնելու գործին: Հալէպի Աւետարանական վարժարաններու գործավարուհին աւարտին նկատել տուաւ, որ իրենք անցնող տարիներուն ունեցած են մինչեւ 250 աշակերտեր եւ այսօր չէ բացառուած, որ անոնց թիւը որոշ աճ մը արձանագրէ :