Հալէպի Հայկական Վարժարանները Կը Պատրաստուին Ամավերջի Հանդէսներու

Հալէպի անցնող օրերը բաւարար էին՝ դաժան պատերազմի այլանդակ պատկերը փորագրելու մանուկներու անմեղ հոգիներուն մէջ: Ռումբերու ձայները՝ փոխարինելու անոնց երգերն ու կանչերը:
Թէեւ այս է Հալէպի այժմու պատկերը, սակայն ստորեւ կցուած լուսանկարներէն մէկը բաւարար է համոզուելու , որ հալէպահայ գաղութը իր առաւելագոյն ճիգը ի գործ կը դնէ գոյատեւելու, մանուկներու աշխարհը պայծառ պահելու համար:

Ազգային մանկապարտէզը, որ յառաջացած էր չորս ազգային մանկապարտէզներու միացումով, կը պատրաստուի ամավերջի հանդէսին։ Հանդէսի յայտագրի պատրաստութեամբ, մանկապարտէզի տնօրէնութիւնը նախ կը փորձէ պահպանել տարիներու աւանդութիւնը եւ ապա մանուկներու երգերով ու պարերով ներկայացնել մաքառող Հալէպի պատկերը:

Մանկապարտիզպանուհի Թագի Քէհէեան-Տողրամաճեան վստահեցուց, որ. «Պատերազմի պայմաններու յաղթահարումը ամենամեծ դժուարութիւնն էր, իսկ հանդէսի նախապատրաստական աշխատանքներու երկրորդ դժուարութիւնը ժամանակաշրջանի կարճ ըլլալն էր: Տարիներու աւանդութիւնը պահելու եւ մեր փոքրիկները երջանկացնելու համար յանձն առինք այս ձեռնարկի կազմակերպումը »:
Մանկապարտէզի փոքրիկները շեշտեցին. «Կա՛նք, պիտի լինե՛նք ու դեռ շատանա՛նք»։

Յովիկ Շէհիրեան
Հալէպ

Գանձասար

halep halep2

Scroll Up