Լիբանանահայ խումբ մը պատանիներ ապագային Արցախ հաստատուելու փափաք յայտնած են

ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Օգոստոս 6-ին ընդունած է պատմաճանաչողական այցով Արցախ ժամանած ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան խումբ մը անդամներ` ատենապետ Սագօ Արապողլեանի գլխաւորութեամբ:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ԼՂՀ Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութենէն, ողջունելով լիբանանահայ պատանիները` խորհրդարանի ղեկավարը բարձր գնահատած է անոնց այցելութիւնը Արցախ` նշելով, որ այն իւրօրինակ հնարաւորութիւն է անմիջականօրէն հաղորդակից ըլլալու ազգային պատմութեան ու մշակոյթին: Այս ծիրէն ներս Ազգային ժողովի նախագահը կարեւոր համարած է հայրենիք ապրող իրենց հասակակիցներուն հետ կապերու ամրապնդման ու տեղական համայնքներուն մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:
Այնուհետեւ Աշոտ Ղուլեան պատանի հայրենակիցներուն ամփոփ տեղեկութիւններ ներկայացուցած է արցախահայութեան ազատագրական շարժման, ազատ ու անկախ երկրորդ հայկական պետութեան ձեռքբերումներուն վերաբերեալ` ընդգծելով երկրի զարգացման գործին մէջ Սփիւռքի ունեցած ծանրակշիռ դերակատարութիւնը:
Հանդիպման աւարտին ծաւալած ջերմ ու անմիջական զրոյցին ընթացքին լիբանանահայ պատանիներէն շատերը յետագային Արցախ հաստատուելու փափաք յայտնած են: