Խաչարձանի դպրոցի վերակառուցման կը յաջորդեն այլ ձեռնարկներ

Օգոստոս 14-ին հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ Տաւուշի մարզի Խաչարձան գիւղի վերակառուցուած միջնակարգ դպրոցը: Հիմնադրամի Արժանթինի տեղական մարմինի բարերարներ Արտօ եւ Հիլտա Գալչիյեաններու հովանաւորութեամբ վերակառուցուած եւ ամբողջովին կահաւորուած դպրոցը Սեպտեմբերին նորովի կը ներկայանայ համայնքի աշակերտներուն: Այս մասին կը յայտնեն Հիմնադրամի լրատուական ծառայութենէն:

Նորացուած կազամատակարարման եւ ջեռուցման համակարգերը ամբողջ տարին յարմարաւէտ պայմաններ կ’ապահովեն կրթօճախէն ներս: Բարերարներու կողմէ դպրոցին նուիրաբերուած  հանրակառքը անհրաժեշտութեան պարագային կը ծառայէ նաեւ համայնքի կարիքները:

Շուրջ 480 բնակիչ ունեցող համայնքին մէջ գրկաբաց կ’ընդունեն Գալչիյեանները, որոնց հովանաւորութեամբ գիւղին մէջ կառուցուած են նաեւ ժամանակակից բժշկական կեդրոն,  սրահ, դպրոցականներուն նուիրաբերուած են գրենական պիտոյքներ, շարունակաբար կը խրախուսուին նոր ծնունդները համայնքէն ներս: Բարերար ամուսինները ներդրումներ կ’ընեն նաեւ համայնքի բնակիչներուն մշտական եկամուտով ապահովելու ուղղութեամբ: Այդ նպատակով օրերս գիւղին կը նուիրաբերուին մեղուափեթակներ /մինչեւ 500 հատ/ եւ անհրաժեշտ սարքաւորում:

Գալչիյեան ընտանիքը կը գլխաւորէր արժանթինահայ բարերարներու խումբը, որուն այցելութեամբ զարգացման նոր հեռանկարներ կ’ուրուագծուին համայնքէն ներս: Այս այցին Գալչիյեանները, արժանթինահայ Թերզեան եւ Աւագեան ընտանիքներուն հետ համատեղ, ստանձնեցին խմելու ջուրի ներքին ցանցի վերակառուցման ծրագիրի հովանաւորութիւնը: Այս օրերուն բարերարները կը ծանօթանան նաեւ գիւղին մէջ մարզական կեանքը խթանելու հնարաւորութիւններուն:
Ձեռնարկին ընթացքին Գալչիյեան ամուսինները յայտարարեցին, որ այսուհետ իւաքանչիւր տարի պիտի հոգան նաեւ դպրոցի երկու շրջանաւարտի ուսման ծախսերը բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:

Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի խօսքով` հեռաւոր Արժանթինի մեր հայրենակիցները կը շարունակեն իրենց ներդրումը բերել Հայաստանի եւ Արցախի ենթակառուցուածքներու զարգացման գործին մէջ: «Նախորդ այցելութեան ժամանակ խաչարձանցիները Գալչիյեաններուն արժանիօրէն շնորհեցին Խաչարձանի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում»,- կը  նշէ տնօրէնը:

Scroll Up