Համահայկական խաղերու պատուիրակութիւնները այցելած են Ծիծեռնակաբերդ

Հայաստանի մէջ իրականացուող Համահայկական ամառնային 6-­րդ խաղերու կոմիտէի եւ պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներն ու պատուաւոր հիւրերը Օգոստոս 3­-ի առաւօտեան այցելած են Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղիկներ դրած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը խորհրդանշող անմար կրակին մօտ:

«Արմէնփրէս»-­ի փոխանցմամբ` հիւրերը նաեւ այցելած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-­հիմնարկի նորաբաց ցուցասրահին մէջ, ուր հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան ներկայացուցած է ցուցանմուշները, բացառիկ լուսանկարներն ու տարեգրութիւնները:

Համահայկական ամառնային 6-­րդ խաղերը կ’իրականացուին Օգոստոս 2­-13­: Խաղերու օրակարգին մէջ ընդգրկուած նախկին տասը մարզաձեւին` ֆութպոլ, մինի ֆութպոլ, պասքէթպոլ, վոլէյպոլ, ատլետիկա, թենիս, սեղանի թենիս, ճատրակ, պատմինթոն, լող, աւելցած են եւս եօթը` լողափնեայ վոլէյպոլ, մարզական պարեր, կոլֆ, հանտպոլ, բազկամարտ, հեծանուասպորտ եւ հրաձգութիւն:

Այս խաղերը իսկապէս, որ աննախադէպ են ոչ միայն մարզաձեւերու առատութեամբ այլ նաեւ մասնակիցներու քանակով, որ կը գերազանցէ 6350­ը:

Scroll Up