Ֆրեզնոյի Մէջ 35,000 Տոլար Հաւաքուած Է՝ Ի Նպաստ Սուրիահայութեան

Շաբաթ, Յունիս 13-ին, Ֆրեզնոյի Առաջին Հայ Երիցական եկեղեցւոյ եւ Ֆրեզնոյի Պանդուխտ Հայ Ժողովական եկեղեցւոյ համատեղ ջանքերով իրականացած «Սրտեր Սուրիոյ Համար» ձեռնարկին ընթացքին, կարելի եղած է 35,000 տոլար հաւաքել ի նպաստ սուրիահայութեան։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։
Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետ Ռոզին Էմերզեան-Սալիպա աւելի քան 200 մասնակիցներուն ներկայացուցած է պատուոյ հիւրերը՝ Վահան քհնյ. Կոստանեան, վեր. Ներսէն Պալապանեան, պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան, դատաւոր Չաք Փուչիկեան, Ֆրեզնօ գաւառի վերահսկիչ Տեպրա Փուչիկեան եւ դատաւոր Ժագլին Սարգիսեան։
Բացման աղօթքը կատարած է պատուելի Կրեկըրի Յարութիւնեան, որմէ ետք կատարուած են զոյգ քայլերգները եւ գործադրուած գեղարուեստական յայտագիր։
Ընթրիքէն ետք ելոյթ ունեցած է կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետ Էտուըրտ Սալիպա, իսկ օրուան գլխաւոր բանախօսը եղած է Սան Ֆրանսիսքոյէն ժամանած Սեւան Պալապանեանը, որ իր ամուսնոյն՝ վեր. Ներսէս Պալապանեանի հետ, նոր վերադարձած էր Լիբանանէն։ Ան ունեցած է տպաւորիչ ելոյթ մը՝ բաղդատական մը կատարելով Սուրիոյ տագնապէն առաջ եւ անոր ընթացքին արձանագրուած իրադարձութեանց միջեւ։
Ձեռնարկը աւարտած է պատուելի Արա Կէօքկէօզեանի աղօթքով։