Հայոց Ցեղասպանութեան Ուղիներով. Իրաքցի Գրողը` Թուրքիա Այցի Մասին

NEWS.am-ը ընթերցողի ուշադրութեան կը ներկայացնէ գանատական «Oye! Times» պարբերականին մէջ հրապարակուած իրաքցի գրող Լէյլա Գասրանիի յօդուածը, որ վերջերս այցելած է Թուրքիա` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու եւ ըլլալու այն վայրերուն մէջ, որոնց մասին յիշատակած է իր վերջին վէպին մէջ:

Արաբական ասացուածքին համաձայն, ճանապարհորդը ունի հինգ առաւելութիւն: Ոչ ոք, հաւանաբար, չի գիտեր, թէ ինչ առաւելութիւն է ատիկա, բայց ես շատ բան ստացայ վերջին ուղեւորութենէն: Ուղեւորութիւնը սկսած է Թուրքիոյ հարաւային հատուած` Տիարպեքիր իմ այցէն, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով կազմակերպուած արարողութեան մասնակցելու համար: Մենք յարգանքի տուրք մատուցեցինք աւելի քան մէկ միլիոն հոգիներուն համար, որոնք տեղահանուած եւ զոհուած են Սուրիոյ անապատներու մէջ:

Առաջին բանը, որ ըրի Ապրիլ 23-ին, ուխտագնացութիւն կատարեցի դէպի հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցի: Առաջին մարդը, որուն այնտեղ նկատեցի, Կաֆուր Թիւրքայն էր, որ եկեղեցւոյ բակին մէջ նստած էր քանի մը ֆրանսացիներու` տղամարդոց եւ կանանց, ինչպէս նաեւ քիւրտերու հետ, որոնք յայտնաբերած են, որ իրենց տատերն ու պապերը հայ եղած են, այդ պատճառով կրկին վերադարձած են իրենց ժողովուրդի քրիստոնէական հաւատին:

Մռայլ, ցուրտ օր էր, երբ այցելեցի ֆրանսահայ լուսանկարիչ Անթուան Աղուճեանի «Լռութեան ճիչ» խորագիրով ցուցահանդէսին: Նոյն երեկոյ կրկին այցելեցի հայկական եկեղեցի` դաշնակահար Ռաֆֆի Պետրոսեանի համերգին մասնակցելու համար: Ի զարմանս ինձ` հանդիսատեսի մեծ մասը Տիարպեքիրի քիւրտեր էին: Ներկայ էին նաեւ բազմաթիւ հայեր, որոնք ժամանած էին Եւրոպայէն եւ աշխարհի այլ անկիւններէ:

Տիարպեքիրի քաղաքային պաշտօնեաները կը մասնակցէին արարողութեան, մինչդեռ մենք կը շրջէինք հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ աւերակներուն մէջ, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն օսմանցիներու կողմէն կ՝օգտագործուէր իբրեւ զէնքի պահեստ: Մենք կանգնեցանք եկեղեցւոյ առջեւ` անոր վերականգնման հարցին ուղղութեամբ ուշադրութիւն գրաւելու համար:

Երբ պաշտօնական ելոյթները աւարտեցան, մենք հաւաքուեցանք աւերակներու մօտ, ուր ժամանակին սուրբ խորան եղած էր: Քանի մը հայ կանայք եւ տղամարդիկ յանպատրաստից երգչախումբ կազմեցին եւ սկսան երգել հայ մեծ երաժշտահան Կոմիտասի «Տէր ողորմեա»-ն: Հաւանաբար, աւելի քան 100 տարի անց առաջին անգամ այդ վայրին մէջ աղօթք հնչեց:

Scroll Up