Ապրիլ 24. ինչպէ՞ս այս օրը մտած է հայոց մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը Ապրիլ 24-ին կը նշուի, քանի որ 1915-ի այդ օրը Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան Հայտարփաշա երկաթուղային կայարանէն ուղարկեցին մահուան ճամբորդութեան: Ճիռտ այդպէս սկսաւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդի տեղահանման եւ բնաջնջման ծրագիրը, որ շարունակուեցաւ մի քանի տարի:

Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին տարիներուն եկեղեցիներու մէջ կը յիշատակուէր Ապրիլ 24-ը, իսկ յետագային` մինչեւ 1965 զարթօնքը, 1915 թուականը պաշտօնապէս կամ հասարակական լայն շրջանակներու մէջ չէր նշուէր: Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը իբրեւ հարազատներու եւ մերձաւորներու յիշատակի օր կը յիշուէր ընտանիքներու մէջ միայն:

Առաջինը երգիծաբան Երուանդ Օտեանն է Պոլիսի “ժամանակ” օրաթերթի մէջ առաջարկել 1915-ի անմեղ զոհերու համար յիշատակի յատուկ օր ընդունիլ եւ ոգեկոչել այդ օրը: Իսկ գրող, Վաղարշապատի դպրոցներու տեսուչ Վրթանէս Փափազեան նամակով դիմած է Գէորգ Է Ամենայն հայոց կաթողիկոսին` առաջարկելով Ապրիլ 24-ը յայտարարել Նահատակներու օր ի յիշատակ հայ մտաւորականներու, ովքեր 1915-ի Ապրիլ 23-ի լոյս 24-ի գիշերը ձերբակալուեցան Պոլսոյ մէջ եւ Հայդարփաշա կայարանէն տարուեցան դէպի Այաշ, Չանղըրը եւ միւս սպանդանոցներ:

Մի քանի օր անց կաթողիկոսի դիւանը շրջաբերականով (ըստ այլ տեղեկութիւններու` նաեւ կաթողիկոսական կոնդակով) հրահանգած է Ապրիլ  24-ն ընդունիլ իբրեւ Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակի օր եւ բոլոր եկեղեցիներու մէջ այդ օրը մատուցել հոգեհանգստեան պատարագ:

Մինչեւ քեմալականներու վերջնական յաղթանակը եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրումը 1923-ին, հայութիւնը Ապրիլ 24-ը նշել է նաեւ Պոլսոյ մէջ: Այսպէս, եթէ Երեւանի մէջ լոյս տեսնող “խորհրդային Հայաստան” պաշտօնաթերթի 1922 թուականի ապրիլեան թիւերու մէջ անդրադարձ չկայ Մեծ եղեռնին, ապա Պոլսոյ հայկական թերթերը բաւական տեղ յատկացուցած են անոր:

ՀՅԴ Պոլսոյ “ճակատամարտ” օրաթերթը ընթերցողներուն տեղեկացուց, որ “համաձայն Հայրապետական կարգադրութեան, յառաջիկայ Երկուշաբթի օրը` Ապրիլ 24-ը, Ազգային տօն հռչակուած է ի յիշատակ մեր  բիւրաւոր նահատակներու, նոյն օրը Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներու մէջ պիտի մատուցուի Պատարագ եւ կատարուի  հոգեհանգիստ”: “Ըստ այս Հայրապետական հրամանի, կը յանձնարարենք նոյն օրը փակել թաղի բոլոր ազգային վարժարանները եւ եկեղեցիներու մէջ մատուցել Սուրբ Պատարագ եւ կատարել հոգեհանգստեան պաշտօն ի յիշատակ նահատակներու”,- գրեց “ճակատամարտ”-ը:

Ապրիլ 25-ի թիւի մէջ “ճակատամարտ”-ը շարունակեց. “երէկ կէսօրին անհամար բազմութիւն հաւաքուած էր Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ` յարգելու յիշատակը Ապրիլ 24-ի զոհերու:

Դաշնակցութեան կողմէն խօսեցաւ Ամատունին, հնչակեաններու կողմէն` Սեդրակ Քառեանը: Հայ Արուեստի Տան անունով խօսեցաւ Վահան Թեքէեանը: Ան ըսաւ, որ եկած ենք խոնարհելու մեր մեծ մեռելներու յիշատակին: Հայ երիտասարդութեան անունով խօսք ըսաւ Միսաք Մանուշեանը. “ողջ ժողովուրդի կէսը դարձած է յուղարկաւորը միւս կէսին: Մեռելներ, մեռելներ, մեռելներ` 7 տարի առաջ, 13 տարի առաջ, 27 տարի առաջ”:

Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածները, ովքեր ապաստան գտան Խորհրդային Հայաստանի մէջ, չէին կրնար բարձրաձայնել իրենց պատուհասած ողբերգութիւնը, քանի որ Թուրքիոյ եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ հաստատուած էին բարեկամական յարաբերութիւններ: Հայութեան ընդհանուր ցաւը եւ հաւաքական յիշողութիւնները պարփակուած ու “կղպուած էին” առանձին ընտանիքներու մէջ:

Ապրիլ 24-ը Խորհրդային Հայաստանի մէջ սկսաւ նշուիլ միայն 1965-էն: Երկու տարի անց Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին կառուցուեցաւ Հայոց Մեծ եղեռնի զոհերու եւ վերապրածներու յուշահամալիրը: Այդ կառոյցի թոյլատւութիւնը Մոսկուայէն ստանալու հարցով կարեւոր դեր կատարեց այն ժամանակուայ Խորհրդային Հայաստանի առաջնորդ Եակով Զարոպեանը:

Խորհրդային Հայաստանի մէկ այլ առաջնորդի` Կարէն Տէմիրճեանի ղեկավարման տարիներուն,  մտցուեցաւ Ապրիլ 24-եան “լռութեան րոպէն”:

Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ղեկավարման տարիներուն Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին կառուցուեցաւ թանգարան, որ յետագային անուանուեցաւ թանգարան-ինստիտուտ: Թանգարանը բացուեցաւ 1995-ի Ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 80-րդ տարելիցի օրը:

Թաթուլ Յակոբեան

Scroll Up