Հայ-արաբական բարեկամութեան մասին. Դոկտ. Ճիհատ Նուման

Երիտթուրք ղեկավարները ի մասնաւորի Անուար, Թալալ եւ Ճամալ եռեակը ուշադրութեամբ կը հետեւէին Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրէին դէպքերուն, անոնք պատերազմը իբրեւ պատեհ առիթ օգտագործեցին հարուածելու ազգային շարժումները բնաջնջման ճանապարհով, առաջին հարուածը հասցնելով հայերուն եւ արաբներուն:

Գեղեցիկ վերլուծութեամբ մը եգիպտացի հռչակաւոր պատմաբան Էմին Սատ, իր գիրքին «Արաբներու յեղափոխութիւնները 20-րդ դարուն» մէջ կ’ըսէ, «Անոնք (Երիտթուրքերը) առիթը յարմար գտնելով, որոշեցին ոչնչացնել երկու ամենամեծ ազգային շարժուները` Ազատական արաբներու շարժումը Սուրիոյ, Իրաքի եւ Հիճազի մէջ, հայկական շարժումը արեւելեան Անատոլիոյ մէջ:

1915թ. Ապրիլին` Երիտթուրքերու ղեկավարները գործադրեցին հայերու դէմ ցեղասպանութեան ծրագիրը, տարահանելով անոնց իրենց հայրենիքէն`Արեւմտեան Հայաստանէն:  Անոնք բնաջնջեցին մէկուկէս միլիոն հայերու, այդ առաջին ցեղասպանութեան արարքն էր 20-րդ դարու ընթացքին, բռնապետերը այդ դժոխային արարքով փորձեցին լուծել հայկական հարցը:  Հայկական կոտորածները բնութագրելով արաբ պատմաբան Ֆուատ Հասան Հաֆիզը կ’ըսէ, «Ատոնք սեւ էջեր են 20-րդ դարու պատմութեան մէջ»:

Երիտթուրքերը կոտորելով հայերու մեծամասնութիւնը, փորձեցին մնացածներուն ոչնչացնել արաբական անապատներուն մէջ այն յոյսով, որ քրիստոնեայ հայերուն թշնաբար պիտի դիմաւորեն իսլամ արաբները, սակայն հայերը գտան գթասիրտ հիւրընկալ եւ օգնութեան ձեռք մեկնող արաբ ժողովուրդին, պատմութիւնը արձանագրած է շատ դէպքեր արաբներու վեհանձնութեան մասին, օրինակի համար կարելի է յիշել Տէր Զօրի արաբ կառավարիչ Ալի Սուատը եւ Ալպշերի շրջանի տեղակալ Ապտ Ալսուէյտին, որ հրաժարական տալով իր պաշտօնէն հեռագիր կ’ուղարկէ Թուրքիոյ կառավարութեան ըսելով, «իմ խիղճը չի ներեր , որ այսպիսի արարքներ ընդունիմ», թուրքերը շուտով անոր սպաննեցին, որ օրինակ դառնայ միւս արաբներուն, սակայն Մուսուլի նահանգապետն ալ մերժելով թուրքերու կողմէն հայերու բնաջնջման հրամանը կատարելու, իր շրջապատի երեւելիներուն հետ ժողով մը գումարելէ ետք կը պատասխանէ, հետեւեալ խօսքերով, «Մեր խիղճը չի ներեր, որ մեր ձեռքերը թաթախուին հայու արիւնով»:

Հակառակ թրքական սպառնալիքներուն արաբ ժողովուրդի մարդկային եւ առաքինի կեցուածքին շնորհիւ փրկուեցան հազարաւոր հայեր, հայերը ապաստան գտան արաբական երկիրներուն մէջ:

Հայ ժողովուրդն ալ ամենուրէք կը ջանայ իր երախտագիտութիւնը յայտնել արաբ ժողովուրդին իր վեհանձն կեցուածքին համար, իր հերթին մասնակցելով արաբներուն հետ միասին տնտեսութեան, մշակութային եւ քաղաքական ասպարէզներու զարգացման գործին:

Հայ ժողովուրդը արաբ զինեալներուն հետ մասնակցեցաւ Նապլուսի մօտ ճակատամարտին թուրքերու դէմ 19 Սեպտեմբեր 1917թ.ին, ուր պարտուեցաւ թրքական բանակը, այս ճակատամարտին արաբներու կողքին հայեր զոհուեցան արաբ ժողովուրդի ազատագրութեան համար:

Հայ ժողովուրդը բոլոր արաբական  երկիրներուն մէջ մեծ ներրում ունեցաւ իր արաբ եղբայրներուն հետ միասին:

Մեր սրտագին ողջոյնները անոնց…

Scroll Up