ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց աւստրալահայ գործիչ Հայկ Լեփեճեանը
Յուլիս 9-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Աւստրալիոյ մասնաճիւղի ներկայացուցիչ, Սփիւռք-Հայրենիք գործակցութեան համակարգող, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան գործիչ Հայկ Լեփեճեանը:
Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան նախարարութեան աջակցութեամբ յառաջիկային աւստրալահայ համայնքէն ներս իրականացուելիք մշակութային ծրագիրներուն առնչուող հարցեր:
Պարոն Լեփեճեան տեղեկացուց, որ ընթացքի մէջ են տիկին Յակոբեանի Աւստրալիա կատարած այցի ծիրէն ներս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը: Սիտնէյի քաղաքապետարան արդէն իսկ տուած է իր համաձայնութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս Սիտնէյի մէջ հայկական խաչքար տեղադրելու նախագիծին, եւ շուտով խաչքարը Հայաստանէն կը տեղափոխուի Աւստրալիա: Սիտնէյի եւ Երեւանի վարչական շրջաններու քոյր քաղաքներու ցանկը յառաջիկային կը համալրեն Նոր Նորքը եւ Վիլիւպան, իսկ աշնան տեղի կ’ունենան մշակութային շարք մը կարեւոր ձեռնարկներ:
Հայկ Լեփեճեան պատմեց նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Աւստրալիոյ մասնաճիւղի միջոցներով Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ ջերմոցներու կառուցման աշխատանքներուն մասին, որուն նպատակն է գիւղացիներուն համար աշխատատեղերու ստեղծումը եւ արտագաղթի կանխումը:
Գոհունակութիւն յայտնելով իրականացուող ծրագիրներու վերաբերեալ` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հաւաստիացուց, որ նախարարութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ իր հնարաւորութիւններու ծիրէն ներս աջակցելու ատոնց իրականացման:
Քննարկուեցան նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն աւստրալահայ համայնքի մասնակցութեան առնչուող հարցեր: