Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց ՀՀ-ի ՄԷջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Սեյըտ Քազըմ Սաճատին

Յուլիս 4-ին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սեյըտ Քազըմ Սաջատին:

Ողջունելով դեսպանը` նախարարը շեշտեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը արդէն հանդէս  եկած է  ծրագիրով, ուր սահմանած է իր առաջնահերթութիւնները եւ խիստ կարեւոր համարած է հայ-իրանական յարաբերութիւնները: «Մենք առաւել քան վստահ ենք, որ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման չափազանց մեծ ներուժ կայ բոլոր ուղղութիւններով, յատկապէս` տնտեսական համագործակցութեան առումով: Նոր Հայաստանը պատրաստ է նոր որակի յարաբերութիւններ կառուցել` փոխվստահութեան մթնոլորտի մէջ: Այս իմաստով շատ կարեւոր է հայկական համայնքի հարիւրամեակներու գոյութիւնը իրանական հողին վրայ, որ երկու երկիրներու դարաւոր բարեկամութեան երաշխիքն է», – աւելցուց Մխիթար Հայրապետեան` կարեւոր համարելով երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական, մշակութային կապերու աշխուժացումը:

Իրանի դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպման համար, ողջունեց թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակը Հայաստանի մէջ եւ նշեց. «Ուրախ եմ հանդիպելու աշխոյժ, գործունեայ երիտասարդ նախարարի հետ, որ մեծ ցանկութիւն ունի աշխատելու ի բարօրութիւն իր ժողովուրդին ու հայրենիքին»

Դեսպան Սաջատին ներկայացուց Սփիւռքի հետ աշխատանքի իր տեսլականը եւ առաջարկութիւնները եւ վստահութիւն յայտնեց, որ համագործակցութեան շրջանակները նոր Հայաստանի մէջ աւելի կ’ընդլայնուին ու գործնական կը դառնան:

Scroll Up