Պելճիքայի ՆՊ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը կողմ քուէարկեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին

Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը Յուլիս 7-­ին կողմ  քուէարկած է Պելճիքայի կառավարութեան` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի նախագիծին: «Արմէնփրէս»­-ի հետ զրոյցին այս մասին յայտնեց Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի մամլոյ պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան:

«Քանի մը բանաձեւերու առաջարկներ  ներկայացուած էին, որոնցմէ ընտրուեցաւ կառավարութեան եւ միախառն կուսակցութեան ներկայացուցած նախագիծը: Առաջարկ ­բանաձեւը պէտք է քուէարկութեան դրուի նաեւ Ներկայացուցիչներու պալատի լիագումար նիստին»,­ նշեց Տէմիրճեան` աւելցնելով, որ ՆՊ քուէարկութեան օրը դեռեւս յստակեցուած չէ: Կառավարութենէն բացի, բանաձեւերու նախագիծեր ներկայացուցած էին նաեւ ընդդիմադիր երեք կուսակցութիւնները:

Ընտրուած բանաձեւի նախագիծը կը ճանչնայ եւ կը դատապարտէ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը, կոչ կ’ընէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանին հաշտեցման եզրեր փնտրելու, եւ կը դրուատէ Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշէլի յայտարարութիւնը, որմով երկրի կառավարութեան ղեկավարը խորհրդարանէն ներս ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը: Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան հարցին իր դիրքորոշման` Միշէլ յայտարարած է. «Մեր դիրքորոշումը միշտ պարզ  եղած է: Հայոց ցեղասպանութիւն եղած է: Այդ հարցով երկու կարծիք չի կրնար ըլլալ»:

1998 թուականին Պելճիգայի խորհրդարանը Վերին պալատի` Սենատի մակարդակով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ  ընդունած է:

 

Scroll Up