«Արի Տուն». Ես Իմ Կողմէս Կ’աւելցնեմ` Հայո՛ւ Տուն». Մարիանա Գրիգորեան, Հիւրընկալող
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/08/հյուրընկալ.jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցներուն իրենց հիւրընկալ ընտանեկան յարկին ներքոյ ընդունող հայաստանցիները` տարբեր մասանգիտութեան, տարբեր աշխարհայեացքի տէր մարդիկ, ընդհանուր մէկ բան ունին, այն է` հայուն բնորոշ իւրայատուկ, սրտաբուխ հիւրասիրութիւնը, հիւրամեծար ըլլալը: Հէ՛նց այդ մօտեցումը կը ջերմացնէ սփիւռքահայ երեխաներուն ու անտես թելերով կը կապէ Հայրենիքին. այդպիսի հիւրընկալութիւնը հայկական ազգային աւանդոյթներէն մէկն է, որուն կը ծանօթանան օտար ափերու վրայ, օտար բարքերով ապրող միջավայրէն եկած հայորդիները եւ, թերեւս, իրենց հետ կը տանին այդ ջերմ ընդունելութենէն կայծեր, որոնք, ով գիտէ, գուցէ տարիներ անց բոցկլտուն խարոյկ մը դառնան: Հիւրընկալ ընտանիքներէն մէկուն ներկայացուցիչ տիկին Մարիանա Գրիգորեանի հետ «Հայերն այսօր»-ի խմբագրութեան մէջ հարցազրոյցիս ընթացքին ինծի զարմանք ու հիացմունք պատճառեց մեր հայրենակցուհիի` հիւրընկալելու մեծահոգութեան ու պատրաստակամութեան աստիճանը, պատասխանատուութիւնն ու զինք վստահուած գործի կարեւորութիւնը:
–Տիկի՛ն Մարիանա, ինչը՞ Ձեզի ուղղորդեց` Ձեր յարկին ներքոյ հիւրընկալելու սփիւռքահայ երեխաներ, այն ալ` քանի մը հոգիի. չէ՞ որ ատիկա ինչ- որ տեղ հոգ, նաեւ` ֆինանսական, հոգեբանական, բարոյական մեծ պատասխանատուութիւն է. ի հարկէ, կարեւոր նախապայմաններէն մէկն ալ բարի կամքի դրսեւորումն է, մեծ սիրտ ու հոգի ունենալը:
-Ես պետական աշխատող եմ, Քանաքեռ-Զէյթուն համայնքի թիւ 153 մանկապարտէզի տնօրէնն եմ. մեր համայնքի ղեկավարը` Գէորգ Ղազարեան (հիմա փոխուած է), մեզի հաւաքեց, խորհրդակցութիւն իրականացուց եւ ըսաւ, որ «Արի տուն» ծրագիրի երեխաներէն պէտք է հիւրընկալենք եւ հարցուց, թէ ով ցանկութիւն եւ հնարաւորութիւն ունի, ես համաձայնութիւնս տուի` սատարելով մեր երիտասարդ թաղապետին եւ իմ ընտանեկան յարկի ներքոյ հիւրընկալեցի Պելճիգայէն երկու քոյրիկներու` Ովսաննային ու Ծովինարին, որոնք, յետոյ պարզուեցաւ, Հրանդ Տինքի զարմուհիներն էին, միւս հիւրս Սոնան էր` Սպանիայէն, յետոյ թաղապետարանի այդ աշխատանքները համակարգող աշխատակիցը ըսաւ, որ երկու երեխայ ալ կան Ռուսաստանէն, կրնա՞մ արդեօք անոնց ալ վերցնել, սիրով համաձայնեցայ. քոյր ու եղբայր էին, որոնց ալ առանձին սենեակ մը յատկացուցի. ատիկա նախ անցեալ տարի էր: Մեր ընտանեկան յարկին ներքոյ միշտ ալ շատ հիւրեր կ’ըլլան, այնպէս որ, հիւր ընդունիլը մեզի համար հաճոյք է, ինչպէս ժողովուրդը կ’ըսէ` հիւրն Աստծունն է: Զարմացած էի, որ Պելճիգայէն եկած երեխաները բառ մը անգամ չէին գիտեր ռուսերէն, Ռուսաստանէն եկածներն ալ հայերէն բառ մը անգամ չէին գիտեր, սակայն շատ կարճ ժամանակուան մէջ կրցան մէկը միւսին հասկնալ: Երեխաները բոլորն ալ կը սիրէին խորոված, ամուսինս օրընդմէջ մեր բակին մէջ խորոված կ’ընէր, կը ցանկար հաճոյք պատճառել երեխաներուն. ըլլալով գործարար աշխարհի մարդ ու շատ զբաղուած` կրնար հասցնել խորովածի գործը: Մեր ընտանիքը երեք հոգի ենք` ես, տղաս, ամուսինս. մեզմէ մէկը առաւօտեան այդ 5 երեխաներուն, յաճախ` երկու մեքենաներով, կը հասցնէր Սփիւռքի նախարարութիւն, որպէսզի այնտեղէն սկսին իրենց ուղեւորութիւնները դէպի Հայաստանի պատմամշակութային յուշարձաններ: Երեկոյեան, երբ կը վերադառնային ուղեւորութենէն, անոնց կը տանէինք զբօսանքի. գացած ենք Սեւան, Օշական, թատրոն, օփերա, սրճարաններ, անոնք մասնակցեցան հայկական հարսանիքի… Ես տունէն յաճախ դուրս չեմ գար, սակայն այդ երեխաներուն համար գրեթէ ամէն օր ինչ-որ հետաքրքիր բան կը ձեռնարկէի: Երբ սկսան ճամբարային օրերը, պելճիգացի քոյրիկները զանգեցին զիս` ըսելով` կը խնդրենք, եկու՛ր հոս…կարծեցի, թէ խնդիրներ ունին, անմիջապէս գացի Ճամբար, սակայն պատճառաբանեցին, որ կ’ուզեն իրենց կողքին ըլլամ: ՊԵլճիգացի աղջիկներս այնքան պատմած էին իրենց ծնողներուն իմ մասիս, որ անցեալ տարի իրենց հայրիկին հետ երեք օրով եկան Հայաստան, որմէ երկու օրը անցուցին մեզի հետ: Աղջիկներէն մէկը` Ովսաննան, ընկեր ունէր, որոշած էր ամուսնանալ եւ հետս պայման կապեց` ներկայ գտնուելու իր ամուսնութեան արարողութեան` ըսելով, որ եթէ մերժեմ, ինքը դժբախտ պիտի ըլլայ… Այո՛, համամիտ եմ, որ այս հիւրընկալութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն է, սակայն, բացի նիւթական ու կենցաղային լաւ պայմաններէն, բացի յարմարաւէտ սենեակներու մէջ անոնց տեղաւորելէն` մարդ պէտք է իր հոգիի՛ն ու սրտի՛ն մէջ կարենայ տեղաւորել այդ երեխաներուն. փա՛ռք Աստուծոյ, մեր ընտանիքի բոլոր անդամներն ալ սրտբաց են: Մեր տան մէջ հիւրընկալուած երեխաներուն ընդունած ենք հարազատի պէս, անոնք ալ շատ կապուեցան մեր ընտանիքին:
–Քանի՞ տարի եւ քանի՞ հայորդիներու ընդունած էք Ձեր տան մէջ եւ արդեօք Ձեր տունը հիւրընկալուած երեխաները միշտ համերա՞շխ եղած են, խնդիրներ չե՞ն ծագած անոնց յարաբերութիւններուն մէջ:
-2013 թուականէն սկսած եմ ընդունիլ սփիւռքահայ երեխաներու. հիւրընկալած եմ 16 հոգի: Այս տարի ընդունած եմ 3 հոգի. ես մասնագիտութեամբ հոգեբան եմ, երկար տարիներ աշխատած եմ եւ կ’աշխատիմ երեխաներու հետ, ուստի կը հասկնամ անոնց հոգեբանութիւնը, եւ փառք Աստուծոյ, խնդիրներ երբեք չեն եղած: Մեր խաղաղ եւ համերաշխ ընտանիքը հաճոյքով ընդունեց ու պահեց անոնց: Որոնք հայերէն ընդհանրապէս չէին գիտեր, իմ յորդորով սկսան կամաց-կամաց, թէեւ կոտրտուած բառապաշարով, խօսիլ մայրենիով. երբ ՌԴ-էն եկածները կը փորձէին խօսիլ ռուսերէն լեզուով, ես կ’ընդհատէի` ըսելով` ճափոներէն մի՛ խօսիր, խօսի՛ր հայերէն: Անոնց նուիրեցի երաժշտական Այբբենարան, որմով սկսան սորվիլ, տարած են իրենց հետ: Հիմա ռուսաստանցի աղջիկներէս մէկը` Տաթեւիկը, Հայաստան եկած է. այստեղ տղայ մը սիրահարուած էր անոր, հանդիպեցայ նաեւ այդ տղուն, ցանկացայ ծանօթանալ, իմանանալ, թէ ով է «աղջկաս» ընտրեալը, տղուն խորհուրդ տուի, որ ինքն ալ շարունակէ ուսումը, քանի որ Տաթեւիկը իրաւաբանութիւն կ’ուսումնասիրէ…այսինքն` իմ Տաթեւիկիս ապագային համար ալ մտահոգուած եմ. այսօր կարեւոր տեղ ունինք երթալու, պէտք է Տաթեւիկին համար լաւ զգեստ մը գնեմ, հիմա կը շտապեմ խանութ, ուր ան զիս կը սպասէ: Ահա այսպիսի յարաբերութիւններ կը ձեւաւորուին ինծի հարազատ դարձած երեխաներուն ու իմ միջեւ:
–Ո՞ր երկիրներէն եկած հայորդիները աւելի դժուարութեամբ յարմարած են նոր միջավայրին. Ձեր կարծիքով ո՞րն է ատոր պատճառը:
-Աւելի դժուար կը յարմարին Ռուսաստանէն եկածները. անոնք այնքան ալ շփուող չեն, տեսակ մը սառնութիւն կայ, որ, իմ կարծիքովս, պայմանաւորուած է ապրած միջավայրով, ընտանիքի դրուածքով: Բացարձակապէս չեն խօսիր հայերէն, որ ինծի մեծ ցաւ կը պատճառէ:
–Ձեր ընտանիքէն ներս բոլո՞րը կողմ եղած են հիւրընկալութեան Ձեր որոշման:
-Միանշանա՛կ. ես արդէն ըսի, որ մեզի համար սովորական է շատ հիւրեր ընդունիլը, հիւրամեծար ենք, հիւրասէր, այս պարագային` առաւել եւս, քանզի մեր հիւրերը Սփիւռք ապրող մեր հայ երեխաներն են, որոնցմէ շատերը առաջին անգամ Հայաստան կու գան, հայկական օճախներու մէջ, ուստի առաւել պարտաւորուած կը զգաս. բոլոր երեխաներն ալ մեր տան մէջ շատ ազատ եղած են, ուշադրութեան եւ հոգատարութեան կեդրոնին մէջ: Ամուսինս գործարար է, շատ զբաղուած է, սակայն ան չէ զլացած պատրաստել մեր տան մէջ հիւրընկալուած երեխաներուն համար անոնց սիրած կերակրատեսակը` մեր հայկական համով- հոտով խորովածը: Տղաս միաժամանակ 2 մագիստրատուրայի մէջ կ’ուսանի, ան եւս շատ զբաղուած է, հիմնականին մէջ ես երեխաներուն հետ կ’ըլլամ:
–Այդ օրերուն հիւրընկալուած երեխաներուն հետ ի՞նչ հետաքրքիր ձեռնարկներու մասնակցած էք, ու՞ր տարած էք անոնց…
-Անցեալ աշնան մօրս 92-ամեակն էր. ես Օշականէն եմ, քոյրս ալ այնտեղ կ’ապրի. տեղի մշակոյթի տունը այդ առիթով աշնան տօն կազմակերպած էր. գունագեղ, անմոռանալի տօն մըն էր ատիկա, որուն մասնակից դարձան իմ տան մէջ հիւրընկալուած երեխաները. անոնք բառեր չէին գտներ` արտայայտելու իրենց հիացմունքը. ատիկա՛ ալ հայկական աւանդոյթի արարողութիւն մըն էր, որ անոնց համար եւ՛ հայրենասիրութեան, եւ՛ հայկական օճախէն ներս մեծերու, ծնողի հանդէպ տածած մեծ սիրոյ ու յարգանքի իւրօրինակ դաս մըն էր:
–Տիկի՛ն Մարիանա, ի՞նչ արտառոց դէպք կրնաք յիշել` կապուած Ձեր տան հիւրերէն մէկնումէկին հետ:
-Այո՛, եղած է այդպիսի առանձնայատուկ դէպք մը. իմ տան մէջ հիւրընկալուած աղջիկներէն մէկը մտած էր քաղաքի մեծ խանութներէն մէկը . փակուելու ժամանակ անոր չէին նկատած, մնացած էր ներսը, իսկ ես կը սպասէի, այնքա՜ն անհանգիստ էի. հեռախօսազանգերուս չէր պատասխաներ, ի վերջոյ, կրցայ կապուիլ անոր հետ, արագ հասայ տուեալ խանութ, ոստիկանութենէն եկան, դուռը բացին: Հաւատացէ՛ք, կարծես հարազատ աղջկաս հետ պատահած ըլլար ատիկա. փարուած էինք իրարու, յուզուած:
–Դուք բազմազբաղ անձնաւորութիւն էք, կրցա՞ ք էք ամէն ինչ ժամանակին հասցնել, երբ Ձեր յարկին ներքոյ ապրած են նաեւ ոչ ընտանիքի անդամներ:
-Ես հիւրընկալելու որոշումը կայացուցած եմ` քաջ գիտակցելով իմ զբաղուածութեան աստիճանը: Հասցուցած եմ ամէն ինչ. Կրցած եմ շփուիլ նաեւ ընտանիքիս հետ: Երբեք չեմ զղջացած, որ շատ երեխաներ հիւրընկալած եմ:
– Տիկի՛ն Մարիանա, Դուք ըսիք, որ Ձեր ընտանիքէն ներս հիւրընկալուած բոլոր երեխաներուն հետ ալ կապ կը պահպանէք, բոլորին ալ հարազատի պէս ընդունած էք. կա՞յ արդեօք մէկը, որուն հետ աւելի կապուած էք:
– Բոլորին հետ ալ կապուած եմ, կը գրեն ինծի, կը զանգեն, տեսակապով կը զրուցենք. մէկ խօսքով` բազմանդամ ընտանիք մըն ալ ունիմ, սակայն աւելի շատ կապուած եմ ՌԴ-ի Նիժնի Նովգորոդ քաղաքէն Տաթեւիկ Մեհրաբեանի հետ: Անոնք բոլորն ալ մեր հայ երեխաներն են, մեր հարազատները, եւ Հայաստանը բոլոր հայերու տունն է: Հաճոյքով եւ պատրաստակամութեամբ դարձեալ կ’ընդունիմ մեր սփիւռքահայ երեխաներուն. երբ կ’ըսենք` «Արի տուն», այնպէս պէտք է ընենք, որ այդ տունը հարազատ դառնայ, որ այդ կանչը կրկին անոնց տուն բերէ: «Արի տուն». ես իմ կողմէս կ’աւելցնեմ` հայու՛ տուն: Ես շատ բարձր կը գնահատեմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հայրենանուէր հայապահպան գործունէութիւնը, շատ մեծ համակրանք ունիմ Սփիւռքի նախարարին` պետական գործիչին եւ մարդ տեսակին հանդէպ. նախարարութեան ծրագիրներն ու իրականացուող բոլոր ձեռնարկները այսօր կարեւոր կը համարեմ թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ Հայրենիքի մէջ ապրող բոլոր հայերուն համար:
–Շնորհակալութիւ՛ն, տիկին Գրիգորեան, որ, Դուք ալ, Ձեր հերթին, Ձեր լաւ վերաբերմունքով կրնաք սիրոյ կամուրջ մը դառնալ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ:
Կարինէ Աւագեան