«Գեղարդ» համոյթը Գերմանիոյ մէջ հիւրախաղեր կ’ունենայ
Երեսուն տարիէն աւելի գործունէութիւն ծաւալող «Գեղարդ» պարի համոյթը Սեպտեմբերին կը մեկնի Գերմանիա` հիւրախաղերու: «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցին այս մասին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուսետագէտ, «Գեղարդ» պարի համոյթի հիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար Ալբերտ Կիզիրեան:
«Սեպտեմբեր 15ին կը մեկնինք Գերմանիա: Գերմանացիները արդէն վարձած են դահլիճ, մօտաւորապէս 5 համերգ կ’ունենանք: Բացի այդ, Սեպտեմբեր 21-ին ելոյթ պիտի ունենանք Հայաստանի անկախութեան տօնին նուիրուած համերգինթ», նշեց Ալբերտ Կիզիրեան: «Գեղարդ» պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավարի խօսքով` պարողները վերջերս վերադարձած են Ռումանիայէն, ուր եւս հիւրախաղեր ունեցած են:
«Այժմ կը պատրաստուինք, փորձեր կը կատարենք, որպէսզի մեկնինք Գերմանիա: Գերմանացիները բոլոր ծախսերը կը հոգան, օդանաւով պիտի երթանք: Ռումանիա գացած էինք 28 հոգինոց կազմով, իսկ Գերմանիա պիտի երթանք 19 հոգիով», աւելցուց Ալբերտ Կիզիրեան: Անոր խօսքով` Գերմանիայէն յետոյ թերեւս դէպի ԱՄՆ ուղեւորուին, սակայն այդ հիւրախաղերը դեռեւս հաստատուած չեն: «Գեղարդ» պարախումբը ստեղծուած է 1980 թուականին Աբովեան քաղաքին մէջ: Համոյթը ելոյթներ ունեցած է տարբեր երկիրներու բեմերու վրայ: