Հայ Երգի Երեկոյ Լոնտոնի Մէջ

Ապրիլ 13 եւ 14-ին Լոնտոնի հանրայայտ Շեքսպիրեան «Կլոպուս» թատրոնին մէջ ներկայացուեցաւ «Համերգ մոմի լոյսի տակ. Արմանիա` հայկական երգի, պարի եւ բանաստեղծութեան ճամփաներով» խորագիրը կրող համերգային ծրագիրը: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Լոնտոնի «Հայ հիմնարկ» մշակութային միութեան եւ «Կլոպուս» թատրոնի համատեղ ջանքերով ու ՄԹ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ: Հնչեցին հայկական ժողովրդական, հոգեւոր եւ դասական երգեր եւ երաժշտութիւն (Նարեկացի, Սայաթ Նովա, Եկմալեան, Կոմիտաս): Հանդիսատեսի ուշադրութեան ներկայացուեցան նաեւ հատուածներ ժամանակակից հայ երաժշտահաններ Տիգրան Մանսուրեանի ու Վաչէ Շարաֆեանի ստեղծագործութիւններէն:

Համերգին ելոյթ ունեցան լոնտոնաբնակ յայտնի հայ երաժիշտներ` ջութակահար Լեւոն Չիլինգիրեան, թաւջութակահար Ալեքսանդր Չաուշեան, սոփրանօ Թերեզա Գէորգեան, տաւիղահար Սեւան Հորոքս-Հոփայեան, ինչպէս նաեւ դերասան Քոլին Հըրլին: Վերջինս անգլերէն թարգմանութեամբ ասմունքեց Զապէլ Պոյաճեանի, Սայաթ Նովայի, Յովհաննէս Թումանեանի, Վահան Թէքէյեանի եւ Ռազմիկ Դաւոյեանի բանաստեղծութիւններէն: Երեկոյին յատուկ հմայք տուաւ Հայաստանէն հրաւիրուած «Տուտուկներ» խումբի ելոյթը: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up