ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց Վարդան և Սիրանոյշ Գէորգեանները

Յուլիս  2-ին  Լոս  Անճելըսի  «Վարդան  եւ  Սիրանոյշ  Գէորգեաններ» պարի ակադեմիոյ հիմնադիրներ տէր եւ տիկին Գէորգեանները այցելեցին սփիւռքի նախարարութիւն:

Ընդունելով հիւրերը` նախարարը բարձր գնահատեց Գէորգեան ընտանիքի դերը շուրջ 20  տարի օտար ափերու վրայ հայապահպան գործունէութիւն իրականացնելու եւ հայ պարարուեստը պահպանելու եւ տարածելու գործին մէջ:

Վարդան Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար  եւ  նշեց,  որ նման  բաձր գնահատականը նոր ուժ կը հաղորդէ սփիւռքի մէջ ազգային մշակոյթի ջահը վառ պահելու համար: Քննարկուեցան  Յուլիս  3-ին  Պարարուեստի  գործիչներու  միութեան, մասնաւորապէս  Կարէն  Գէորգեանի  աջակցութեամբ  Օփերայի  եւ  պալէի ազգային  ակադեմական  թատրոնին մէջ  «Վարդան  եւ  Սիրանոյշ Գէորգեաններ»  պարի  ակադեմիոյ 20  ամեակին  նուիրուած  համերգին  վերաբերող մանրամասներ:

Վարդան եւ Սիրանոյշ Գէորգեաններ միջազգային պարի դպրոց-ակադեմիան հիմնադրուած է 1995 թ: Պարային ակադեմիան համերգներով հանդէս  եկած է աշխարհի տարբեր երկիրներու բեմերու վրայ:

Ակադեմիան  իր  մասնակցութիւնը    բերած է  նաեւ  «Իմ  Հայաստան» համահայկական  փառատօնի  ծիրէն ներս  կազմակերպուող ձեռնարկներուն:

yyy

Scroll Up