Տեղի կ’ունենայ Հնչակեան քսան գործիչներու նահատակութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջազգային գիտաժողով
Յունիս 15-ին` ժամը 11:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտի, ՍԴՀԿ կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճէն ներս տեղի կ’ունենայ Սոցիալ Դեմոկրատական Հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) քսան գործիչներու նահատակութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջազգային գիտաժողով:
Բացման խօսքով հանդէս կու գայ ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն, ԳԱԱ ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանը:
Գիտաժողովի մասնակիցները կ’ողջունեն ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը եւ ՀՀ ԳԱԱ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեանը:
Նիստերէն առաջ տեղի կ’ունենայ “Քսանի լուսաբացը” ֆիլմի շնորհանդէսը:
Զեկուցումներով հանդէս կու գան քաղաքական գործիչ, պատմաբան, Լիբանանի խորհրդարանի նախկին անդամ Եղիկ Ճէրէճեանը (Լիբանան), քաղաքական գործիչ, պատմաբան Քադիր Աքին (Թուրքիա), գրող, հրապարակախօս, թարգմանիչ Գրիգոր Ճանիկեանը, պատմական գիտութիւններու դոկտոր պրոֆէսոր Վլադիմիր Պետրոսեանը, պատմական գիտութիւններու թեկնածուներ Գեղամ Յովհաննիսեանը եւ Մանուկ Ստեփանեանը: Տեղի կ’ունենան քննարկումներ: