Ուիլեամ Սարոյեանին Նուիրուած Նիստ Օտարագիր Հայ Գրողներու Հինգերորդ Համաժողովին
Ծաղկաձորի մէջ` Գրողներու ստեղծագործական տան մէջ, կը շարունակուի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի գրողներու միութեան համատեղ կազմակերպած Օտարագիր հայ գրողներու «Համաշխարհայնացում եւ ազգային ինքնութիւն» խորագիրով 5-րդ համաժողովը, որուն կը մասնակցին 71 գրող Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն:
Համաժողովի բացումէն ետք սկսաւ առաջին նիստը` նուիրուած Ուիլեամ Սարոյեանին: Այն տեղի կ’ունենար ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը» ծրագիրի ծիրէն ներս:
Նիստը կը վարէին Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը եւ ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Դաւիթ Կարապետեանը, որ եւ ներկայացուց «Մեր մեծերը» ծրագիրի նպատակն ու նշանակութիւնը:
Ելոյթներով հանդէս եկան Լեւոն Անանեանը (Հայը եւ Հայաստանը Սարոյեանի «Հայկական եռագրութեան» մէջ»), Փիթեր Սուրեանը ( Յուշեր Ու. Սարոյեանի մասին, ԱՄՆ), Արամ Արքունը (Սարոյեանը «Արարատ» հանդէսի էջերուն մէջ, ԱՄՆ), Արտէմ Յարութիւնեանը (Սարոյեանը եւ ամերիկեան նոր արձակը), Տիանա Համբարձումեանը (Սարոյեանի «Ուեսլի Ճեքսոնի արկածները» վէպի խօսակցական լեզուն որպէս գեղարուեստական խօսոյթի առանձնայատկութիւն), Կարինէ Աշուղեան («Ես հայ եմ»):
Ելոյթ ունեցողները ներկայացուցին Սարոյեան մարդուն, գրողին, Սարոյեանի ստեղծագործութիւններուն մէջ «Հանդէս» եկող հայն ու Հայաստանը: Ներկայացուեցաւ յուշեր Սարոյեանի մասին, խօսուեցաւ ամերիկեան եւ համաշխարհային գրականութեան մէջ Սարոյեանի թողած դերի մասին, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Սարոյեանի լեզուի գեղարուեստական առանձնայատկութիւններուն մասին: