«Արի Տուն» Ծրագիրի Մասնակիցները Այցելեցին ՀՀ Կառավարութեան Առընթեր Ոստիկանութեան 1033 Զօրամաս

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան §Արի տուն» ծրագիրի 3-րդ փուլի 170-է աւելի մասնակիցներ այցելեցին ՀՀ ոստիկանութեան զօրքերու 1033 զօրամաս:

Զօրամասի հրամանատար գնդապետ Գուրգէն Գրիգորեանի ուղեկցութեամբ ծրագիրի մասնակիցները ծաղիկներ դրին ՀՀ ազգային հերոսներու եւ զօրամասի զոհուած զինծառայողներու յուշաքարին մօտ: Սփիւռքահայ երիտասարդները զօրամասի Սբ. Մարիամ Աստուածածին նորակառոյց մատուռին մէջ մոմ վառեցին, ապա ծանօթացան ոստիկանութեան առօրեային, մասնակից եղան համերգային ծրագիրին:

Այցի աւարտին արիտունցիները ճաշեցին զինուորական ճաշարանին մէջ:

Ձեռնարկին ներկայ էր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Scroll Up