Գէորգ Շատոյեան.«Նախապայմանս էր, որ Մոսկուայի ցուցադրութեան ժամանակ հնչէր «Տլէ Եաման» երգը…»

«Հայերն այսօրը» զրուցած է սուրիահայ ձեւաւորող, «Shadoyan Fashion» նորաձեւութեան արուեստանոցի տնօրէն Գէորգ Շատոյեանի հետ: Զրոյցը ձեւաւորողին հետ «Վերածնունդ» խորագիրը կրող տարազներու հաւաքածուի շուրջ է, որ Մոսկուայի «Էսթետ» նորաձեւութեան շաբթուան մէջ արժանացած է«Արտասահմանեան լաւագոյն հաւաքածու»  մրցանակին:

Գէո՛րգ, ի՞նչ ըսել է «Վերածնունդ» տարազներու հաւաքածու, կը բանա՞ք  չակերտները:

-Սկիզբէն ըսեմ, որ այս ամէնը նախաձեռնեցի իրականացնել Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս: Ցանկացայ ինչ-որ կերպ մասնակից ըլլալ  իրականացուող ձեռնարկներուն:

Հաւաքածուին մէջ ընդգրկուած են հայկական տարազներու կրկնօրինակները: Տարազները ստեղծելուս ջանացած եմ երեւակայութեանս սահմաններուն մէջ վերածնունդ տալ ատոնց` ըստ պատմութեան, տարածաշրջանի: Խիստ պահպանած եմ նաեւ գոյները, տեսքը եւ զարդանախշերը`  փորձելով հնարաւորիս պահպանել նախկին ձեւը:

Հաւաքածուին մէջ ընդգրկուած են 30 տարբեր հագուստներ` տղամարդոց, կանանց, եւ երեխաներու:

Առաջին ցուցադրութիւնը կայացած է Մարտ 20-ին` Արցախի մէջ: Ապրիլ 18-ին «Էսթետ» նորաձեւութեան շաբթուան ժամանակ տեղի ունեցաւ երկրորդ ցուցադրութիւնը: Նորաձեւութեան շաբթուան կը մասնակցէին ձեւաւորողներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի Դաշնութեան  շարք մը քաղաքներէ:

Մոտելներու  ընտրութեան հարցով դիմած եմ Մոսկուայի մոտելներու գործակալալութիւններուն եւ գոհացուցիչ արդիւնք ստացած: Ընտրուած 30 մոտելներէն միայն մէկն էր ազգութեամբ հայ, մնացած բոլորը ռուս էին:

Ինծի համար շատ կարեւոր էր, որ ռուս մոտելները մեծ ոգեւորութեամբ, պատասխանատուութեամբ մասնակցեցան ցուցադրութեան` տեղեակ ըլլալով, որ այն նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Ցուցադրութենէն յետոյ ընկերային ցանցերու վրայ իրենց էջերուն մէջ այդ հագուստներով լուսանկարներ  տեղադրած եւ անդրադարձած են Հայոց ցեղասպանութեան թեմային: Հպարտ եմ, որ այլազգի երիտասարդներուն կրցայ այս միջոցով ականջալուր դարձնել մեր վշտին ու ցաւին:

Նշեմ նաեւ, որ յատուկ «Վերածնունդ» հաւաքածուի համար «Անմոռուկ» կոչուող խորհրդանշական հագուստը կարած եմ: Ցուցադրութեան ժամանակ հանդիսատեսը իմանալով անմոռուկի խորհուրդին մասին` հագուստին հանդէպ առաւել հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց: Անգամ պատուէրներ ստացայ, բայց երբեք չեմ համաձայնիր վաճառել այն. ատիկա ինծի համար ընդունելի չէ:

– «Էսթետ» նորաձեւութեան շաբթուան մէջ արժանացած էք «Արտասահմանեան լաւագոյն հաւաքածու» մրցանակին, կը մանրամասնէ՞ք այդ մասին:

– Մրցանակը ինծի համար անակնկալ էր: Երբ անունս յայտարարեցին, այդ ժամանակ ետնաբեմին լարուած կ’աշխատէի մոտելներու հետ` չգիտնալով, թէ ինչու անունս կը հնչէ: Երբ զիս  բեմ կանչեցին, նոր միայն իմացայ եղելութիւնը: Ցուցադրութեան իբրեւ հիւր  կը մասնակցէի. մտքիս ծայրով անգամ չէր անցներ, որ կրնամ մրցանակ ստանալ:

Անչափ հաճելի էր, որ ժիւրիին կողմէ  նման ընդունելութեան արժանացայ: Ցուցադրութենէն յետոյ դեռ երկար ժամանակ բոլորը կը ծափահարէին, կը ցանկանային լուսանկարուիլ: Անյարմար իրավիճակի մէջ  յայտնուած էին. իմ ցուցադրութենէն յետոյ  ուրիշ մէկը սկսած էր, բայց հանդիսատեսը դեռ ցուցադրութեանս ազդեցութեան տակ էր:

Գէո´րգ, տեղեակ եմ, որ մէկ այլ ուշագրաւ պահ ալ  եղած է ցուցադրութեան ժամանակ. ռուս երգչուհիի կատարմամբ հնչած է «Տլէ եաման» երգը: Ինչպէ՞ս յաջողեցար ատիկա իրականացնել:

– Երգչուհիին անունը Թաշա Թուրովա է, որ երգելէ բացի նաեւ մոտելային աշխատանքով կը զբաղի: Անցեալ տարուան ցուցադրութիւններէն մէկուն աւարտէն յետոյ ան մօտեցաւ ինծի եւ խնդրեց, որ իրեն ընդգրկեմ ցուցադրութիւններուս մէջ: Մեր կարճատեւ հանդիպումը այլեւս շարունակութիւն չունեցաւ:

Երբ արդէն յայտնի էր, որ պիտի մասնակցիմ մոսկովեան ցուցադրութեան, Թաշայէն ելեկտրոնային նամակ մը ստացայ: Ան գրած էր, որ շատ կը փափաքի համագործակցիլ  հետս եւ յիշեցուցած էր մեր  նախնական պայմանաւորուածութեան մասին: Նաեւ գրած էր, որ կրնայ  երգել ցուցադրութեան ժամանակ, ինչ որ յաճախ կ’ընէ:

Թաշան մոտելային տուեալներ ունի, ուստի սիրով համաձայնեցայ համագործակցելու անոր  հետ, նաեւ առաջարկեցի «Տլէ եամանը» կատարել:                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                    Այդ օրը այլ լեզուով երգ չէր կրնար հնչել, միայն հայկական երգն ու երաժշտութիւնը պէտք է թեւածէր Մոսկուայի մէջ. նախապայմանս սա էր:

Անոր ուղարկեցի երգի բառերն ու երաժշտութիւնը: Թաշան շատ լաւ երգեց ցուցադրութեան` հիացնելով եւ զարմացնելով հանդիսատեսը, յատկապէս` զիս: Ի դէպ, «Տլէ եաման»-ը հնչեց «Անմոռուկ» զգեստի ցուցադրութեան ժամանակ եւ արժանացաւ հանդիսատեսի բուռն ծափահարութիւններուն:

Մոսկուայի մէջ մէկ այլ հաճելի անակնկալ կը սպասէր ինծի: Ռուս աշխարհահռչակ օփերայի երգչուհի Նաթալեայ Փաւլովան, որ  կ’ապրի եւ գործունէութիւն կը  ծաւալէ Իտալիոյ մէջ, ներկայ էր «Էսթետ» նորաձեւութեան շաբթուան: Օփերայի երգչուհին նաեւ համերգ ունէր Մոսկուայի մէջ: Ան նշանաւոր խանութներու մէջ տեսած էր կարածս զգեստները եւ շատ հաւնած: Եւ ցանկացաւ իր համերգին ժամանակ հէնց իմ հեղինակած զգեստները կրել: Այդպէս սկիզբ դրուեցաւ  եւս մէկ համագործակցութեան:

Ստեղծագործելու ժամանակ ի՞նչն է , որ  Ձեզի համար ոգեշնչման աղբիւր կը հանդիսանայ:

-Ես միշտ պրպտումներու մէջ եմ, կ’ուսումնասիրեմ շրջապատս, անգամ գիրքեր կարդալով կ’ոգեշնչուիմ:

Օրինակ` «Վերածնունդ»-ի ցուցադրութեան պատրաստուելուս զիս ոգեշնչած է, ստեղծագործելու համար ուժ տուած Հայաստանի տարբեր շրջաններ այցելելը: Տարազի մասնագէտ Արմինէ Ստեփանեանի հետ սկսանք ուսումնասիրութիւնները կատարել Հայաստանի քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ  ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ:

Այցելեցինք Արմաւիր, Թալին, Գիւմրի, Արցախի տարբեր գիւղեր եւ այլուր: Հանդիպեցանք գիւղի տատիկներուն, հարցուփորձ ըրինք գիւղի բարքերու, տարազներու մասին:

Ապա շրջեցանք թանգարաններով, մշակութային միութիւններով, գործարաններով: Մէկ ամբողջ օր անցուցած  ենք Ազգագրութեան թանգարանին մէջ, Հայաստանի ազգային պատկերասրահին, Արցախի գորգի գործարանին մէջ…

Գէո՛րգ, իսկ Հայաստանի հանդիսատեսը հնարաւորութիւն պիտի ունենա՞յ ականատես ըլլալու «Վերածնունդ» տարազներու հաւաքածուի ցուցադրութեան, անոնց  գեղեցիկ ակնթարթներ պիտի պարգեւէ՞ք:

– Ի հարկէ: Տեղեկացնեմ նաեւ, որ երեւանեան ցուցադրութիւնը պիտի իրականացուի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ:

Ձեռնարկներէն մէկուն ժամանակ, երբ հանդիպեցայ ՀՀ սփիւռքի նախարար  Հրանոյշ Յակոբեանին, ներկայացուցի ծրագիրներս եւ ըսի նախարարութեան հետ Հայաստանի մէջ տարազներու ցուցադրութիւնը կազմակերպելու մտադրութեանս մասին: Ան անմիջապէս համաձայնեցաւ աջակցելու:

Օրեր անց արդէն Սփիւռքի նախարարութեան մէջ Հրանոյշ Յակոբեանի հետ քննարկեցինք համատեղ աշխատանքներուն առնչուող հարցեր: Որոշուեցաւ, որ տարազներու հաւաքածուի ցուցադրութիւնը Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Մայիս 29-ին: Հանդիպած եմ նաեւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան տնօրէն Լենա Հալաճեանին:

Տեղեկացնեմ նաեւ, որ տարազներու ցուցադրութիւնը նախատեսուած է ԱՄՆ-ի, Աւստրալիոյ, Մարսէլի եւ Իրանի մէջ:

Զրուցեց Գէորգ Չիչեան

g2g6g7 g8g9g10 g11g12g15 g16g17g18g13g14g19g20 g21 g22

g3g1a1 a2

Scroll Up