Խաչի նման մէջս կը կրեմ մօրս խօսքերը` Հայաստանը երբեք չլքես… Արաքս Մանսուրեան

Օգոստոս 1-ին հայ ճանչցուած ու սիրուած օփերային երգչուհի, փրոֆէսոր Արաքս Մանսուրեանի ծննդեան 69 ամեակն է: Եօթ տասնամեակ, որոնք իւրովի ամբարուած են տարիներու ու մարդոց յիշողութիւններու մէջ:

Իսկ թէ ինչպիսին են այդ ապրած տարիները Արաքս Մանսուրեանի աչքերով, “Հայերն այսօր”-ը պարզած է սիրուած երգչուհիի հետ կատարած փոքրիկ հարցազրոյցի միջոցով:

-Տիկի՛ն Մանսուրեան, կարծես թէ այս տարին իրադարձութիւններով լի էր Ձեզի համար:

– Իսկապէս, այս տարին նշանակալից էր ինծի համար: Ապրիլ 23-ին եկայ Երեւան եւ ուրախ եմ, որ ներկայ գտնուեցայ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու Սրբադասման արարողութեան: Իսկ Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրէն ներս երգովս մասնակից դարձայ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի պաշտօնական արարողութեան: Այդ բոլորը շատ յուզիչ էր յատկապէս ինծի համար, որ Եղեռնի ճամբան անցած ծնողներու զաւակ եմ:

Հայաստանի մէջ օրերս լեցուն էին՝ նկարահանումներով, հարցազրոյցներով:

Մայիս 4-ին Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ, ՀՀ սփիւռքի նախարարության նախաձեռնութեամբ համատեղ համերգ ունեցայ ճաբոնցի դաշնակահար Տաքահիրօ Ակիպայի հետ:

Կայացաւ երեք ձայնասկաւառակներուս շնորհանդէսը, որոնցմէ մէկը, որ հոգեւոր երգերու կատարումներ են, նուիրուած էր տիգրանակերտցի հօրս` Եղիա Մանսուրեանին եւ մարաշցի մօրս` Աննա Փամբուկեանի յիշատակին:

Անակնկալ էր նաեւ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի կողմէն պատուաւոր փրոֆէսորի կոչման արժանանալս:

Հոգիս լի է անցեալի յուշերով… երբ երաժշտանոցի ուսանող էի, երբ կը դասաւանդէի: Մեծագոյն հարստութիւն է արուեստին ծառայելու, անմնացորդ նուիրուելու համար գնահատուած ու սիրուած ըլլալը: Մեծագոյն պատիւ է, նաեւ պարտաւորեցնող` “Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար” առաջին աստիճանի մետալի արժանանալը:

Շնորհակալ եմ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին եւ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի ղեկավարութեան եւ փրոֆէսորական կազմին` պարգեւատրումներուն համար:

-Վերյիշելով Ձեր անցած ուղին` ի՞նչ կը մտածէք:

– Ուր որ գտնուած եմ, երգած եմ, կամ դասաւանդած, միշտ “ուղեկիցներս” եղած են ազգային պատկանելութիւնս, մայրենիս ու հայ երգս: Երբ ետ կը նայիմ  ու կը վերյիշեմ անցածս ուղին, կը տեսնեմ, որ այնքան ափսոսանքի պահեր կան:

Ուսանողական տարիներուն եղած եմ այն ժամանակ դեռ ոչ յայտնի երգահաններու արդոնալ երաժշտութեան առաջին ու միակ կատարողը. կը ցաւիմ, որ ձայնագրութիւններ չկան:

Երեւանի օփերային թատրոնի արխիւի մէջ, աւաղ, չկան դերերգերուս ձայնագրութիւնները, միայն Անոյշը մնացած է, այն էլ անորակ:

Այդ տարիներուն ստեղծագործական կեանքը շատ գունեղ էր, լեցուն: Յուզմունքով ու կարօտով կը յիշեմ այդ տարիները: Անմոռանալի են նաեւ համերգային շրջագայութիւնները Խորհրդային Միութեան տարբեր քաղաքներու եւ արտասահմանեան երկրներու մէջ:

Մեծ պատիւ է ինծի համար ըլլալ Կոմիտասեան շատ երգերու, ինչպէս նաեւ եղբօրս` Տիգրան Մանսուրեանի եւ այլ մեծ երգահաններու ստեղծագործութիւններու առաջին կատարողը: Ի դէպ, Կոմիտասեան “Անոյշ”-ի միակ կատարողը նոյնպէս ես եմ:

Սիտնէյի օփերային թատրոնի առաջին հայ մեներգչուհին եմ, անիկա նոյնպէս հպարտութիւն է: Հիմա կը դասաւանդեմ այնտեղ: Մեծ ձեռքբերումն ու ուրախութիւնը այսօր այն է, երբ կը տեսնեմ օտար ուսանողներուս տարուէտարի աճող սէրն ու գնահատանքը` հայ արուեստի, Կոմիտասի, Մանսուրեանի եւ, ընդհանրապէս, հայ երաժշտութեան հանդէպ:

Ձեր անցած տարիներու ամենանշանակալի ծննդեան օրը:

– Ծննդեանս ամենանշանակալի ու անմոռանալի օրը 1993 թուականի Օգոստոս 1-ն էր: Նշեցինք մայրիկիս տան մէջ` Շուշանիս, Մարիամիս հետ: Առ այսօր, խաչի նման մէջս կը կրեմ մօրս խօսքերը, մաղթանքները, խրատները, որոնք գլխաւորաբար հայրենիքի մասին էին: Մայրիկիս խօսքերը, որոնք փութերով սէր կը կշռեն, առ այսօր կը հնչեն ականջիս մէջ` Հայաստանը երբեք չլքես… Այդ սէրը, պատգմաները կը զգայի եւ կը լսէի, աւաղ վերջին անգամ: Մէկ ամիս անց մայրս հեռացաւ մեզմէ` միանալով երկնային հրեշտակներուն: Այո, այսօր հեռու եմ հայրենիքէն, բայց հայրենիքս միշտ ինծի հետ է, ներսս, օրուանս, կեանքիս մէջ: Եւ այդ օրուան օրհնութիւնը ինծի հետ է առ այսօր… Եւ գիտեմ, որ պիտի վերադառնամ…

Scroll Up