«Եթէ Հարցը Հայաստանէն Երթալը Ըլլայ, Ես Նոյնիսկ Վերջին Լոյսը Մարողը Չեմ Կրնար Ըլլալ». Սիլվա Եուզբաշեան

Արուեստագէտին համար չկայ առաւել գերագոյն պարգեւ, քան իր ժողովուրդի անկեղծ գնահատականը, սէրն ու ծափահարութիւնները: Այս ամէնուն լիաբուռն արժանացած եւ կ’արժանանայ տասնամեակներ շարունակ Հայաստանի եւ Սփիւռքի բեմերուն, ռատիոյով, հեռուստատեսութեամբ հայ եւ համաշխարհային բանաստեղծութեան մեծերու գործերը ասմունքող, բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած ՀՀ վաստակաւոր արուեստագիտուհի Սիլվա Եուզբաշեան: Անոր յաջողութեան գաղտնիքը թերեւս առաջին հերթին իր վառվռուն կերպարն է, հետաքրքիր անհատականութիւնը` հոգիին մէջ միշտ բոցկլտացող հայրենասիրութեան ու հայերէնասիրութեան կրակը, որմով տասնամեակներ շարունակ Սիլվա Եուզբաշեան ապրած ու ապրեցուցած է իր հանդիսատեսը: Ան այն երջանիկներէն է, որ ոչ միայն ասմունքած է դասականներու գործերը, այլեւ եղած է անոնց բարեկամը, սեղանակիցը, ճամփորդած անոնց  հետ, լսած անոնց հետաքրքիր պատմութիւնները, ականատեսն ու վկան եղած անոնց  յաջողութիւններուն, ձախորդութիւններուն ու դժուարութիւններուն. այս առումով Սիլվա Եուզբաշեան հոգեկից  եղած է անոնց: Ճանչցուած ու սիրուած ասմունքողին հետ զրուցելուս առիթը եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանհիմնարկին մէջ Սոնա Վանի «Լիպրեթօ անապատի համար» գիրքի շնորհանդէսը:

SILVA

Սիրելի՛ Սիլվա, Դուք ոչ միայն մատուցած եւ կը մատուցէք մեծերու բանաստեղծութիւնները, այլեւ ընկերային ցանցերու վրայ շարունակաբար գրառումներ կընէք մեր ճանչցուած գրողներու մասին, տեղադրելով Համօ Սահեանի, Պարոյր Սեւակի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Յովհ. Շիրազի, Վահագն Դաւթեանի, Ուիլեամ Սարոյեանի եւ այլոց պատմութիւն ունեցող հրաշալի նկարներ, կը կազմակերպէք ռատիօհաղորդումներ, կ’ասմունքէք տարբեր ձեռնարկներու ընթացքին  (Դուք նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան լաւագոյն բարեկամն էք եւ ձեռնարկներու աշխոյժ մասնակիցը), կը մեկնիք արտասահմանեան ուղեւորութիւններու. դժուար չէ՞ այս ամէնը ժամանակի առումով եւ յատկապէս, երբ այլեւս մեր կողքին չեն մեր մեծերը:

– Մեծերը ֆիզիկապէս չկան, բնականաբար, բաց է անոնց տեղը, եւ այդ բացը լրացնելը դժուար է, սակայն անոնք կ’ապրին իրենց ձգած գործերով: Չկան անոնք, սակայն կայ նորին մեծութիւն բանաստեղծութիւնը: Մեր մեծերը իմ խոստովանահայրերն են: Ես տարիներ շարունակ սիրով ներկայացուցած եմ եւ կը շարունակեմ ներկայացնել դասական բանաստեղծութիւններու գործերը ու մշտապէս հետեւած եմ ժամանակակից բանաստեղծութեան` ներկայացնելով նաեւ ատոնցմէ լաւագոյնները: Ահա այսօր իմ կողքին է Սոնա Վանը` ժամանակակից ու շատ ինքնատիպ բանաստեղծուհի: Ըսեմ, որ ես շատ ալ կողմնակից չեմ «հանճարեղ, տաղանդաւոր» բնութագրումներուն, ինծի համար բանաստեղծը կամ` կայ կամ ալ` չկայ: Սոնան բանաստեղծ է, որուն ես նկատեցի դեռեւս 15 տարի առաջ, երբ հիւրընկալուած էի ամերիկահայութեան կողմէ: Այն ժամանակ Սոնան յայտնի անյայտ էր եւ ունէր ընդամէնը մէկ փոքրիկ գրքոյկ, ըսեմ նաեւ, որ շատ անտարբեր էր ինքն իր տաղանդի նկատմամբ: Ես մտածեցի, որ գրելը անոր համար, ինչպէս շատերուն, ընդամէնը զբաղմունք է: Սոնան իր բանաստեղծութիւններէն  տրցակ մը տուաւ, որ բերի Երեւան եւ տեւական ժամանակ չէի նայած ալ ատոր: Օր մը որոշեցի նայիլ եւ… զարմացայ, հիացայ եւ նոյն օրն ալ տարի ռատիօ ու հէնց ձեռագիրէն ալ ընթերցեցի հաղորդման ընթացքին: Սոնայի առումով իմ զգացողութիւնս անվրէպ էր. ան բացայայտուեցաւ Հայրենիքի գրասէրներու, հանդիսատեսներու, ունկնդիրներու կողմէ:

Փաստօրէն, Դո՛ւք եղաք Սոնա Վանի բանաստեղծութիւններու բացայայտողը

– Սոնա Վանի բանաստեղծութիւններու բացայայտողը… Ի վերջոյ գրողին, բանաստեղծին բացայայտողը իր գիրն է…անշուշտ, իմ յայտագիրին մէջ տեղ գտած շատ ստեղծագործութիւններ յայտնի դարձան … Այսօր Սոնան ճանչցուած ու սիրուած է ընթերցողին կողմէ:

– Ո՞ր գրողներու գործերը (արեւելահայ, արեւմտահայ, սփիւռքահայ) մինչ այժմ չէք կարդացած:

– Ռատիօյի մէջ ես ունիմ հեղինակային հաղորդաշար` «Պոէզիայի ժամ» եւ կարդացած եմ գրեթէ բոլոր գրողներու գործերը` հաշուի չառնելով իմ նախասիրութիւններս: Մեր քաղաքին մէջ յաճախ կը կազմակերպուին բանաստեղծութեան երեկոներ, սակայն կը ցանկայի, որ յայտագիրին մէջ ըլլար Նարեկացի, Մեծարենց, Դանիէլ Վարուժան, միջնադարեան բանաստեղծութիւն: Բաւական է մէկ բանաստեղծ կուռքի վերածել եւ արդէն չեն յիշեր միւսները. կարծես այստեղ ալ  չգրուած օրէնք մը կը գործէ, այսինքն` շարունակ կը հնչեցնեն այն անունները (ի հարկէ` արժանաւոր մեծերու), որոնք աւելի շատ  փող կը բերեն:

Քանի՞ տարի է, որ բեմի վրայ  էք:

– Ես այդ մասին երբեւէ չեմ մտածած ու չեմ ալ յիշեր. 10, 15, 25… քանի՞ տարի  բեմի վրայ եմ: Կը նշեն, չէ՞ շատերը… Ատիկա ինծի համար էական չէ: Չեմ ալ մտածած ասմունքող դառնալու մասին եւ չէի լսած, որ կայ այդպիսի մասնագիտութիւն, որուն միջոցով պիտի հանապազօրեայ հացս վաստակէի եւ անգամ  հռչակ պիտի բերէր: Սա այն արուեստն է, որուն ես «դատապարտուած եմ», սա անվերջանալի սէր է:

Սիլվա՛, համամի՞տ էք  շարք մը յայտնի ու անյայտ մարդոց այն կարծիքներուն, թէ ասմունքելը ճիշդ չէ, թէ մարդը կրնայ նստիլ իր տունը ու կարդալ եւ եթերով ու բեմերէն  ասմունքելու կարիք չկայ: Ին՞չ կըսէք:

– Դեռեւս վաղնջական ժամանակներու մէջ մենք ունեցած ենք ասացողներ, որոնք փանդիռները ուսերուն շրջած են գիւղերով, շէներով եւ մեր առասպելական պատմութիւններով հասարակ ժողովուրդին մէջ սերմանած սէր` հայրենիքի պատմութեան եւ գեղեցկութեան հանդէպ, հայոց լեզուի անսահման գրաւչութեամբ առինքնել ունկնդրին: Եթէ չըլլային անոնք, ապա մեր բանահիւսութեան շատ գոհարներ կը փոշիանային: Ասմունքողները գրաւոր խօսքի մունետիկներ են: Այսօր ես ասմունքեցի Սոնա Վանի գործերէն, որոնք մարդիկ չէին լսած, սկսան հետաքրքրուիլ, գիրքերը խնդրել Սոնայէն: Ասմունքողը մշտապէս կը յիշեցնէ գրողի գործերը. ոչ բոլորը կը սիրեն կարդալ, մեծ մասը այսօր կ’ունկնդրէ:

Սիլվա՛, այսօր տեսակ մը մոտայիկ  դարձած է դերասանական արուեստանոցները, ասմունքի եւ այլ խումբեր բանալը: Յաճախ այդպիսի խումբեր կը ղեկավարեն իրենք իրենցմէ պատիւ գտած եւ այդ բնագաւառներուն մէջ ոչ երեւելի մասնագէտներ: Մէկ խօսքով` գործարարութիւնը կը ծաղկի եւ այստեղ: Դուք ասմունքի բնագաւառին մէջ, անշուշտ, հաստատուած ու երեւելի էք, երբեւէ չէ՞ք մտածած ասմունքի խումբ ղեկավարելու, երեխաներուն, պատանիներուն ու երիտասարդներուն սորվեցնելու մասին:

– Ճի՛շդ կ’ըսէք. շատերը սեփական արուեստանոցներ, խմբակներ կը բանան: Ինծի այդ առումով մարդիկ ծոյլ կը համարեն, բայց չէ՜, ես պարզապէս կ’ուզեմ, որ երեխաները իրենց մանկութիւնը ապրին, պատանիներն ու երիտասարդները սորվին, շատ կարդան ու ճիշդ ընկալեն տուեալ բանաստեղծի գործերը: Ասմունքը հասունութիւն կը պահանջէ: Այսքան տարի բեմերու եւ եթերով ըլլալով` ինքս չեմ ընդունիր տարիներ առաջ որոշ գործերու ասմունքս: Ըսենք` շատ աւելի վաղ տարիներուն ես Չարենցը ուրիշ կերպ կ’ընկալէի, յետագային` աւելի իմաստուն տարիքի մէջ, Չարենցը ինծի համար բոլորովին ուրիշ կերպ բացայայտուեցաւ ու դեռ պիտի բացայայտուի. մենք դեռ չենք հասած Չարենցին:

Սիլվա՛, Դուք, անշուշտ, կրնայիք եւ կրնաք մշտապէս ապրիլ արտերկիր, գիտեմ, որ նաեւ շատ հրաւէրներ ունեցած էք. ինչպէ՞ս, որ չէք գայթակղուած շատերու նման:

– Ես շատ  ճամփորդած եմ, եղած եմ շատ բեմերու վրայ, միայն 15 անգամ ԱՄՆ-ի մէջ  հանդէս եկած եմ: Այո՛, եղած են եւ հրաւէրներ, սակայն ես իմ հողիս շատ կպած, ամուր կառչած մէկն եմ: Եթէ հարցը երթալ ըլլայ, ես նոյնիսկ վերջին լոյսը մարողը չեմ կրնար ըլլալ: Ես ընելիք չունիմ  որեւէ տեղ, ոչ ալ` Ամերիկայի մէջ: Ատիկա ուրիշի երկիր է, սակայն չեմ ալ մեղադրեր գացողները, չեմ դատեր… Երթամ ու բեմերէն ինչպէ՞ս ըսեմ Սահեանի` «Ախր ես ինչպէս վեր կենամ գնամ…»: Իմ տունս, իմ տեղս այստեղ է` Հայաստանի մէջ: Ինչպէս  օր մը մեծն Ուիլեամ Սարոյեան ըսաւ երեխաներուն հետ ունեցած հանդիպման ժամանակ` «Դուք, երբ ուսում առնէք, հնարաւորութիւն պիտի ունենաք աշխարհներ պտտելու ու պիտի հասկնաք, որ ամէնէն անուշ տեղը աշխարհի վրայ Հայաստանն է, ձեր հայրենիքը»:

– Յաճախ կը խօսինք եւ կը լսենք այն մասին, որ 70-ականներուն եւ մինչեւ 80-ականներու կէսերը մշակոյթը, արուեստը ծաղկում ապրեցան, եւ հիմա չկայ այդ մթնոլորտը: Ին՞չ կըսէք:

– Այն ժամանակ կար պետական հոգածութիւն. Գիրքերը կը տպագրուէին ոչ թէ 500 օրինակով, այլ` 10.000-ով եւ աւելի, Նկարիչներու միութեան մէջ ցուցահանդէսներու հեղեղ էր, թատրոնն ու սինեման ամենաբարձր վարկանիշը ունէին, համերգասրահներու մէջ ասեղ նետելու տեղ չկար, եւ մատչելի էին նաեւ տոմսերու գիները: Այդ ժամանակ օդին մէջ կար հոգեղէնը, մթնոլորտը կը շնչէր բանաստեղծութեամբ, երաժշտութեամբ, արուեստի բոլոր արժէքները գնահատուած էին: Հիմա ալ, երբ անցնիք մշակութային կեդրոններու մօտով, բազմաթիւ ազդագիրներ կը տեսնէք, սակայն չկայ բոցը, առաջուան կրակը, չկայ առաջուան մթնոլորտը:

– Սիրելի՛ Սիլվա, շարունակէք խնդրեմ` ի՞նչ կը զգաք Հայաստան ասելիս

Հայաստանը ինծի համար լոկ աշխարհագրական տարածք չէ. այն խորհուրդներու, սրբութիւններու, առեղծուածներու Աստուծոյ նախաստեղծ երկիրն է: Տէրեանական «Դառն ու անուշ» հայրենիքն է, մեր ինքնութիւնն է, կենսագրութիւնը․․․

Աւարտենք մեր զրոյցը Ձեր սիրած բանաստեղծութիւններէն մէկուն տողերով:

 – – Մի՛ խառնէք մեզ ձեր վայրի, արջի ցեղերին,

      Մեր երկիրը աւերուած, բայց սուրբ է եւ հին.

     Որպէս լեռն է մեր պայծառ տեսել հազար ձիւն,

     Այնպէս նոր չեն մեզ համար դաւ ու դառնութիւն

     Բարբարոսներ շատ կը գան ու կանցնեն անհետ,

     Արքայական խօսքը մեր կը մնայ յաւէտ:

 Կարինէ Աւագեան

 

Scroll Up