Սպանացի Յայտնի Մարդիկ Միացած Են «#2015RTAG. Recognize The Armenian Genocide» Նախաձեռնութեան

«#2015RTAG. Recognize The Armenian Genocide (Ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը)» նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է համացանցի օգնութեամբ միջազգային հարթակին վրայ ճանաչելի դարձնել Հայոց ցեղասպանութիւնը, միացած են սպանացի դրամատուրգ եւ գրող Խուլիօ Ֆերնանտէս Փելաեսը, բանաստեղծ Սանտոս Տոմինկես Ռամոսը եւ Փաստաբաններու միջազգային միութեան դատական արդարադատութեան յանձնաժողովի նախագահ Խուան Մառելօ Պարպերան:
Խուլիօ Ֆերնանտես Փելաեսը ձեռնարներէն մէկուն ժամանակ հետեւեալ միտքը յայտնած է. «Ինչու՞ Միջազգային հանրային կարծիքին մէջ կը բացակայի միաձայնութիւնը հայերու կողմէ դիմակայած ողբերգութեան պարագային: ինչու՞ այն երկիրները, ուր գիտեն արդէն, թէ ինչ բան է բազում հետապնդումներու պատճառով տուժելը` այդպիսին է ստոյգ Սպանիոյ օրինակը, այդքան կը դժուարանան ճանչնալու նման չափերու հասնող ողբերգութիւնը»:
Իսկ բանաստեղծ Սանտոս Տոմինկես Ռամոսը Մեծ Եղեռնի կապակցութեամբ եւս որոշած է անմասն չմնալ եւ իր բանաստեղծութիւներէն մէկը նուիրած է ցեղասպանութեան թեմային, որուն տողերուն մէջ լոյս կը սփռէ պատմութեան ստուերոտ շրջանի մը վրայ, ուր կը հնչէին «Վախի եւ մահուան ղօղանջները»:
«#2015RTAG. Recognize The Armenian Genocide (Ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը)» նախաձեռնութեան արդէն աշխարհի տարբեր երկիրներէ հազարաւոր մարդիկ միացած են: Իրենց այս քայլով անոնք կոչ կ’ընեն Թուրքիոյ եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչցած միւս երկիրներուն` ճանչնալ 1915 թուականին իրականացուած 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացած են 1,5 միլիոն հայ:
Twitter եւ Facebook ընկերային ցանցերուն մէջ ստեղծուած են յատուկ խումբեր, ուր շարժման միացած մարդիկ, լուսանկարուելով «#2015RTAG. Recognize The Armenian Genocide» գրութեամբ պաստառներով, կը ներբեռնեն իրենց լուսանկարները:
Կոչ կ’ուղղենք բոլորին միանալու այս շարժման ու լուսանկարուիլ «#2015RTAG. Recognize The Armenian Genocide» գրութեամբ պաստառով: