Սիսի կաթողիկոսարանը այսօր. բացառիկ նկարներ` երկինքէն դիտուած (տեսանիւթ)
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/Catholicosate-of-Sis1.jpg)
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը տարածած է տեսանիւթ, որ կը ներկայացնէ Կաթողիկոսութեան Սիսի կաթողիկոսարանը` երկինքէն դիտուած:
Յիշեցնենք, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնական կայքը տեղեկացուցած էր, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Ապրիլ 28-ին դատական հայց ներկայացուցած է Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան` պահանջելով Սիսը իր պատմական կաթողիկոսարանին վերադարձնել:
Աւելցնենք, որ Սիսի հայոց կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջելու եւ Թուրքիոյ ՍԴ դիմելու մտադրութեան մասին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը առաջին անգամ յայտարարած է «Հայաստան-Սփիւռք» համահայկական 5-րդ համաժողովի բացման: